ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ
3Մայիս Մամուլի համաշխարհային օրուայ առթիւ 3 եւ 4 Մայիս թուականներուն Եւրոխորհուրդարանի մէջ տեղի ունեցան բազմաթիւ ժողովներ։ Այդ ժողովներու ընթացքին Եւրոխորհրդարանին եւ ԵՄ-ի տարբեր աստիճանի պաշտօնակատարներ, Թուրքիայէն ժամանած լրագրողներ եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ ելոյթներով նկարագրեցին Թուրքիոյ մէջ մամուլի աշխատողներու մատնուած ծանր ճնշումները։
Ժողովներու բացումը կատարեց Եւրոխորհուրդարանի նախագահ Անթոնիոյ Թայանի։ Ան նախ յիշեց վերջերս Մալթա կղզիի եւ Սլովաքիոյ մէջ սպաննուած լրագրողները եւ ապա ծանրացաւ մամուլի ազատութեան խնդրին վրայ։ Յիշեց Թուրքիոյ մէջ այս ոլորտի մատնուած ճնշումը։ «Մամուլի ազատութեան առումով 180 երկիրներու մէջ 157-րդ կարգը զբաղեցնող Թուրքիա ամէն ինչ կ՚ընէ Եւրոմիութենէն հեռանալու համար» եզրակացուց Թայանի։
Նիստերու ընթացքին ելոյթ ունեցաւ ԵՄ-ի յանձնախումբի Թուրքիոյ տեղեկատու Քաթի Փիրի։ Ան ափսոսանք յայտնեց, որ այս ժողովը կը կայանայ երկու տարուայ ուշացումով։ Յատկապէս առարկեց նախագահ Էրտողանի. «Կամ մեզի հետ էք, կամ ալ ահաբեկիչներուն» խօսքին դէմ։ Փիրիի համաձայն այս մտայնութիւնը ի հիմանէ իմաստազուրկ կը դարձնէ ահաբեկիչ բառի նշանակութիւնը։
Եւրոպայի յանձնախումբի Թուրքիոյ ռազմավարութիւններու բաժնի տնօրէն Միրիամ Ֆերրան ալ յայտնեց, թէ մօտէն պիտի հետեւին 24 Յունիսի ընտրութիւններուն եւ եթէ զարգացումներ չնկատեմ բանակցութիւններու մէջ յառաջընթաց պիտի չըլլայ։
Ելոյթ ունեցողներէն մէկն էր ԵԱՀԿ-ի մետիայի ազատութեան ներկայացուցիչ՝ Ֆրան Մարովիչ, ան ալ իր կարգին դիտել տուաւ, թէ ԵԱՀԿ-ի տարածաշրջանի մէջ ամենաշատ լրագրողներ բանտարկած երկիրն է Թուրքիան։ Այս նիստերուն ելոյթներ ունեցան նաեւ Թուրքիայէն ժամանած լրագրողներ կամ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Անոնք իրենց ելոյթներուն մէջ յաճախ ակնարկեցին Եւրոմիութեան Թուրքիոյ զարգացումներուն նկատմամբ անհաղորդ մնալուն դէմ։ Քննադատութիւններու արժանացաւ Եւրոպայի Արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու՝ Խաւիէ Մինօ Փերեզին իր ելոյթի ընթացքին յաճախակի կերպով «Կը հասկնանք Թուրքիոյ անվտանգութեան մտահոգութիւնները» հաստատումը։ Թուրքիոյ մէջ Մարդու իրաւունքներու միութեան նախագահ Էօզթիւրք Թիւրքտողան. «Միայն անվտանգութեան խնդրին ակնարկելով հարցերը չեն կրնար լուծուիլ։ Ժամանակավրէպ դարձած է ազատութիւն-անվտանգութիւն հակադրութիւնը» ընդգծեց Թիւրքտողան։
Ժողովներուն փակման զեկոյցը կատարեց միութեան ընդլայնումէ պատասխանատու քոմիսար Յոհաննէս Հահն։ Ան ալ իր կարգին մտահոգութիւն յայտնեց արտակարգ իրավիճակներու պայմաններուն մէջ կայանալիք ընտրութիւններու հաւաստիութեան դէմ եւ իր խօսքերը աւարտեց. «Լրագրողին տեղը խմբագրատունն է ո՛չ բանտը» ըսելով։