Լիբանանի ընտրութիւններուն հայերը կորսնցուցին երեք աթոռ

ՎԱՀԱԳՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

 

Գրե­թէ տաս­նա­մեակ մը ետք Լի­բանա­նի մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նան երես­փո­խանա­կան ընտրու­թիւններ։ Վեր­ջին ան­գամ 2009-ին կա­յացած ընտրու­թիւննե­րը տե­ղի ու­նե­ցած էին ամ­բողջո­վին այլ Լի­բանա­նի մը, այլ Մի­ջին Արե­ւել­քի մը, եւ չա­փազան­ցութիւն չըլ­լար եթէ ըսենք գո­նէ Լի­բանա­նի հա­մար ամ­բողջո­վին այլ աշ­խարհի մը մէջ։ Տա­կաւին Սու­րիական պա­տերազ­մը չէր սկսած, ոչ իսկ Արա­բական Գա­րու­նը։ Աֆ­ղա­նական եւ Իրա­քեան պա­տերազմնե­րուն յա­ջոր­դող ժա­մանա­կաշրջանն էր, եւ Լի­բանա­նը Ամե­րիկեան քա­ղաքա­կանու­թեան հա­մար կա­րեւոր տեղ մը կը գրա­ւէր։

Այդ օրուընէ ի վեր այդքան բան փո­խուած է, որ կա­րելի է զար­մա­նալ թէ ինչպէս Լի­բանա­նի մէջ տա­սը տա­րի շա­րու­նակ կա­րելի եղած էր նոյն խորհրդա­րանով շա­րու­նա­կէ իշ­խա­նու­թիւնը։ Իրա­կանու­թեան մէջ եր­կու ան­գամ Լի­բանա­նի Խորհրդա­րանը եր­կա­րաձ­գած է ինքն իր իշ­խա­նու­թիւնը, այդպի­սով եր­կի­րը զրկե­լով նոր ընտրու­թիւննե­րէ։ Կա­րելի չէ վճիռ կա­յաց­նել ճիշ­դը ըրած է թէ սխա­լը, քա­նի որ շրջա­նային այս եռուզե­ռին մէջ, պզտիկ կայծ մը, եւ կրնար Լի­բանա­նի բո­լոր մայ­րի­ները հրոյ ճրագ դարձնել, եր­կի­րը նե­տել պա­տերազ­մին գիր­կը։

2018-ի ընտրու­թիւննե­րը կա­յացան նոր ընտրա­կան օրէն­քով, որը նախ­կին ընտրա­կան օրէնքնե­րէն կը տար­բե­րի քա­նի մը կա­րեւոր կէ­տի շուրջ։ Հա­կիրճ ձե­ւով եթէ փոր­ձենք բա­ցատ­րել նախ­կի­նը, պէտք է ըսել, որ ընտրա­տարածքնե­րը ներ­կա­յացուած են կրօ­նական-դա­ւանան­քա­յին աթոռ­նե­րով, եւ ընտրող­նե­րը կրնա­յին ընտրել իւ­րա­քան­չիւր աթո­ռին թեկ­նա­ծուն, իսկ նոր օրէն­քով ստի­պուած են ընտրել թեկ­նա­ծու­նե­րու ցանկ մը, որը ներ­կա­յացուած է կու­սակցու­թիւննե­րու կող­մէ, եւ կա­րելիու­թիւնը ու­նին նշե­լու «նա­խընտրե­լի թեկ­նա­ծու» մը։ Թէ Լի­բանան­ցի­ներ որ­քա­նո՞վ կրցան հասկնալ այս խառ­նի­ճաղանճ ընտրա­կան օրէն­քը կը մնայ բուն խնդի­րը այս ընտրու­թիւննե­րուն։ Փաստ մը, որ ոչ այնքան ալ հասկնա­­լի էր՝ Կի­­րակի օրուան ընտրու­­թիւննե­­րուն մաս­­նակցու­­թեան տո­­կոսը չան­­ցաւ 50ը ան­­գամ։

Մինչ բո­­լոր մրցող կող­­մե­­­րը որոշ դժգո­­հու­­թիւններ յայտնե­­ցին նոր ընտրա­­կան օրէն­­քին շուրջ, ընտրու­­թիւննե­­րէն առաջ իսկ որոշ յստա­­կու­­թիւններ գո­­յացած էին թէ ով պի­­տի յաղ­­թէ եւ ով պի­­տի պար­­տուի։ Ան­­շուշտ նկա­­տի առ­­նե­­­լով որ նման հա­­մամաս­­նա­­­կան օրէնքնե­­րով ամ­­բողջա­­կան յաղ­­թողներ եւ ամ­­բողջա­­կան պար­­տուող­­նե­­­րը պի­­տի չըլ­­լան։ Լի­­բանա­­նի ընտրու­­թիւննե­­րուն յա­­տուկ է նաեւ այս երե­­ւոյ­­թը, որ մարտնչող կող­­մե­­­րը, մեծ պլոք­­նե­­­րը եթէ կա­­րելի է ըսել, նա­­խապէս կը հա­­մաձայ­­նին որոշ դիր­­քե­­­րու վրայ, եւ ապա կ՚եր­­թան ընտրու­­թիւննե­­րու, վեր­­ջին հա­­շուով շատ քիչ բան մը կը մնայ ընտրա­­կան սնտու­­կին մէջ որո­­շելու։ Իսկ այլ կա­­րեւոր երե­­ւոյթ է, ընտրա­­կան դա­­շինքնե­­րը եւ հա­­մաձայ­­նութիւննե­­րը որ կը կնքուին մի միայն յա­­նուն ընտրու­­թիւննե­­րուն միաս­­նա­­­կան ցան­­կեր ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լու հա­­մար։ Ար­­դիւնքը կ՚ըլ­­լայ, որ որոշ կող­­մեր կը հա­­մաձայ­­նին այս ընտրա­­տարած­­քին մէջ, սա­­կայն կը մրցին միւ­­սին մէջ։

Ինչպէս նա­­խորդ, նոյնպէս եւ այս ընտրա­­կան օրէն­­քը կը նա­­խատե­­սէր հինգ աթոռ հայ առա­­քելա­­կան­­նե­­­րուն, մէկ աթոռ հայ կա­­թողի­­կէնե­­րուն։ Իսկ հայ աւե­­տարա­­նական­­նե­­­րը կը ներ­­կա­­­յացուին միացեալ աւե­­տարա­­նական աթո­­ռի մը մի­­ջոցաւ, որուն թեկ­­նա­­­ծուն կրնայ նաեւ ըլ­­լալ հայ։ Սա­­կայն, բանն այն է, որ նա­­խորդ օրէն­­քով այս աթոռ­­նե­­­րը բո­­լորը ստի­­պուած էին զբա­­ղեցուիլ հա­­յերով, իսկ ներ­­կա­­­յիս օրէն­­քով, պայ­­ման չէ, այլ միայն կա­­րելի է։ Ար­­դիւնքը այն եղաւ, որ հա­­յերու ձայ­­նե­­­րով խորհրդա­­րան մտնեն ՀՅԴ-ի երեք երես­­փո­­­խան­­ներ՝ Յա­­կոբ Բագ­­րա­­­տու­­նի, Յա­­կոբ Թեր­­զեան Եւ Ալեք­­սանդր Մա­­թոսեան։ Սո­­ցիալ Դե­­մոկ­­րատ Հնչա­­կեան Կու­­սակցու­­թիւնը եւ Ռամ­­կա­­­վար Ազա­­տական Կու­­սակցու­­թիւնը չեն յա­­ջողած իրենց թեկ­­նա­­­ծու­­նե­­­րը խորհրդա­­րան ղրկե­­լու։ Իսկ փո­­խարէ­­նը Ժան Տա­­լու­­զեան, Էտի Տէ­­միր­­ճեան եւ միակ հայ կին պատ­­գա­­­մաւոր՝ Փո­­լա Եագու­­պեան Լի­­բանա­­նի խորհրդա­­րանին ան­­դա­­­մակ­­ցե­­­ցան արա­­բական կու­­սակցու­­թիւննե­­րու ցան­­կե­­­րէն։

Մինչ Դաշ­­նակցու­­թիւնը յայ­­տա­­­րարեց, որ իրեն հա­­մար յաղ­­թա­­­նակ մըն է այս, չենք կրնար նոյ­­նը ըսել Լի­­բանա­­նահա­­յու­­թեան հա­­մար, որ իբ­­րեւ ազ­­գա­­­յին փոք­­րա­­­մաս­­նութիւն իրեն վե­­րապա­­հուած վեց աթոռ­­նե­­­րէն միայն երե­քը կրցաւ ընտրել։ Ներ­քին Լի­բանա­նահայ խնդիր­նե­րու մէջ չմտնե­լով, պէտք է նաեւ ըսել, որ 128 երես­փո­խանէ բաղ­կա­ցած խորհրդա­րանին մէջ բուն կորսնցնո­ղը պի­տի ըլ­լայ նախ­կին վար­չա­պետ Սաատ Հա­րիրիի, իսկ բուն յաղ­թա­կանը Հիզ­պուլլա­հը, որը իր դաշ­նա­կից­նե­րուն հետ գլխա­ւոր որո­շիչ դե­րը պի­տի ստանձնէ Լի­բանա­նեան նոր շրջա­նին մէջ։ Վեր­ջա­պէս ըսենք, որ տա­կաւին պաշ­տօ­նական վերջնա­կան ար­դիւնքնե­րը չեն յայ­տա­րարուած, սա­կայն ընդհա­նուր պատ­կե­րը գո­յացած է։ Նոր խորհրդա­րանը պի­տի սկսի աշ­խա­տիլ Մա­յիս 21-ին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ