Բարի եկար Մարգարիտա՝ յուսամ այս գալդ ցուցահանդէսի առիթ ընծայէ

Քանի մը շաբաթ առաջ «Ակօս» այցելութիւն կատարեց հեզ ու գրաւիչ անձնաւորութիւն մը։ Ան նկարիչ Տիգրան Մատուլեանի դուստրն է եւ մեր հայրիկին հետ վառվռուն զրոյցներուն մասնակցելով մէկ մէկ խօսքի կը խառնուէր եւ իր մեղմ ու հանդարտ ձայնով մեզ տեղեկութիւններ կու տար իր Պոլսոյ այցելութեան մասին։

Չքնաղ աշխարհի նուրբ անձնաւորութիւն մըն է Մարգարիտա Մատուլեան։ Երբ, որ ըսին Մարգարիտան քանդակագործ է եւ մանկավարժ, մտքէս անգամ չէր անցներ, թէ այսքան խորիմաստ գործեր ունի։ Բայց երբ, որ տեսայ իր ստեղծագործութիւնները միանգամայն ամչցայ տգիտութենէս՝ «Ամօ՛թ ինձ որ մինչեւ հիմա իրեն չեմ ճանչնար» մրմնջացի։ Մարգարիտա կը փայլի ջահի մը նման անձայն, անշշուկ, բայց երիտասարդ արուեստագէտի լոյսը հասաւ մինչեւ Թուրքիա։ Բարի եկար ու անցար Պոլսէն՝ Մարգարիտա Մատուլեան, յուսամ այս գալդ ցուցահանդէսի առիթ ընծայէ, որ մենք բոլորս աւելի մօտէն ճանչնանք քեզ։ 

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

lusyenkopar81@hotmail.com

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈ­­ՓԱՐ- Առա­­ջին ան­­գամ կ՚այ­­ցե­­­լէ՞ք Պո­­լիս։ Ինչ առի­­թով եկա՞ծ էք։

ՄԱՐ­­ԳԱ­­­ՐԻՏԱ ՄԱ­­ՏՈՒ­­ԼԵԱՆ- Այո, առա­­ջին ան­­գամ առիթ ու­­նե­­­ցայ Պո­­լիս այ­­ցե­­­լելու։ Չեմ կրնար բա­­ցատ­­րել ան­­չափ տպա­­ւորո­­ւած եւ հիացած եմ։ Միշտ ցան­­կութիւն ու­­նե­­­ցած եմ այ­­ցե­­­լել Պո­­լիս։ Ես շատ կը ճամ­­բորդեմ եւ յատ­­կա­­­պէս կ՚աշ­­խա­­­տեմ տես­­նել պատ­­մա­­­կան եւ մշա­­կու­­թա­­­յին մեծ ար­­ժէք ու­­նե­­­ցող կո­­թող­­նե­­­րը։ Տե­­սած եմ՝ Հնդկաս­­տա­­­նի մէջ Թաջ Մա­­հալը, Վա­­տիկա­­նի մէջ Սուրբ Պետ­­րո­­­սի բա­­զիլի­­կը…։ Պոլ­­սոյ մէջ առիթ ու­­նե­­­ցայ տես­­նել պատ­­մամշա­­կու­­թա­­­յին կո­­թող­­նե­­­րը, այ­­ցե­­­լել ճար­­տա­­­րապե­­տական գլուխգոր­­ծոցներ, յատ­­կա­­­պէս բիւ­­զանդա­­կան ժա­­մանա­­կաշրջա­­նի «ան­­գին քա­­րը»՝ Սուրբ Սո­­ֆիայի տա­­ճարը։ Շատ ու­­րախ եմ, որ նաեւ այս ճամ­­բորդու­­թիւնը հնա­­րաւո­­րու­­թիւն ըն­­ծա­­­յեց ինձ այ­­ցե­­­լելու Պոլ­­սա­­­հայ ազ­­գա­­­կան­­նե­­­րուս։

 

Լ.Ք.- Գի­­տեմ որ նախ մաս­­նա­­­գիտու­­թիւն ըլ­­լա­­­լով պատ­­մութիւն ու­­սա­­­նել ու­­զած էք։ Ձեր որո­­շու­­մը ե՞րբ եւ ինչպէս փո­­խուե­­ցաւ։

Մ.Մ.- Միշտ սի­­րած եւ հե­­տաքրքրո­­ւած եմ հին ժա­­մանակ­­նե­­­րու հա­­յոց պատ­­մութիւ­­նով եւ ոչ միայն հա­­յոց պատ­­մութիւ­­նով, այլ նաեւ հա­­մաշ­­խարհա­­յին պատ­­մութիւ­­նով։ Դպրո­­ցական տա­­րինե­­րուն մեծ ցան­­կութիւն ու­­նէի կրթու­­թիւնս շա­­րու­­նա­­­կել հէնց այդ ուղղու­­թիւնով, բայց ձգտու­­մը դէ­­պի ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծե­­­լու նոյնպէս շատ էր։ Աւար­­տա­­­կան դա­­սարան սոր­­վե­­­լուս զու­­գա­­­հեռ սկսայ յա­­ճախել մաս­­նա­­­գիտա­­ցուած նկար­­չութեան դա­­սերուն, որոնք ինձ լիովին գրա­­ւեցին։ Կը կար­­ծեմ հէնց այդ եղաւ արո­­ւես­­տը որ­­պէս մաս­­նա­­­գիտու­­թիւն ընտրե­­լուս պատ­­ճա­­­ռը։ Ան­­կախ ան­­կէ, որ ես ծնած եւ մեծ­­ցած եմ արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րու ըն­­տա­­­նիքի մէջ, այդ լիովին իմ որո­­շումն էր եւ հիմ­­նո­­­ւած էր միայն իմ՝ արո­­ւես­­տի եւ ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծե­­­լու հան­­դէպ ու­­նե­­­ցայ մեծ սի­­րոյ վրայ։ Շատ ու­­րախ եմ, որ ընտրած եմ արո­­ւես­­տը, կը կար­­ծեմ արո­­ւես­­տը, պատ­­մութիւ­­նը եւ մեր կեան­­քը ան­­բա­­­ժանե­­լի կա­­պուած են իրար։

 

Լ.Ք.- Ձեր ուսման մա­­սին տե­­ղեկու­­թիւններ կրնա՞ք փո­­խան­­ցել։

Մ.Մ.- 2002 թո­­ւին աւար­­տած եմ երկրոր­­դա­­­կան դպրո­­ցը։ Ապա 2002-2007թ. ու­­սա­­­նած եմ Երե­­ւանի Գե­­ղարո­­ւես­­տի պե­­տական ակա­­դեմիոյ, դի­­զայ­­նի բաժ­­նին, որ­­տեղ քան­­դա­­­կագոր­­ծութեան ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնը ու դա­­սերը պար­­տա­­­դիր առար­­կայ էր։ Այստեղ ես սի­­րեցի քան­­դա­­­կը, հաս­­կա­­­ցայ, որ քան­­դա­­­կագոր­­ծութիւ­­նը այն է, ին­­չով ես կ՚ու­­զեմ զբա­­ղուիլ։

 

Լ.Ք.- Ձեր աշ­­խա­­­տանքնե­­րուն մէջ քար չեմ տե­­սած։ Ո՞ր նիւ­­թե­­­րով կ՚աշ­­խա­­­տիք։

Մ.Մ.- Ես կ՚աշ­­խա­­­տիմ բրոն­­զով, պղնձով եւ թղթով։ Չնա­­յած յա­­ճախ կը փոր­­ձեմ նոր նիւ­­թեր, այդպէս օրի­­նակ ստեղ­­ծո­­­ւեցան իմ թղթէ քան­­դակնե­­րը։

 

Լ.Ք.- Հա­­յաս­­տան փո­­ղոց­­նե­­­րու վրայ յա­­ճախ կը հան­­դի­­­պինք ար­­ձաննե­­րու, իսկ դուք ու­­նի՞ք յա­­տուկ տեղ մը տե­­ղադ­­րո­­­ւած ար­­ձան։

Մ.Մ.- Իմ քան­­դակնե­­րը փոքր չա­­փերով են, ման­­րա­­­քան­­դակ կը կո­­չուին եւ բա­­ցօթեայ տե­­ղադ­­րե­­­լու հա­­մար յար­­մար չեն։ Մեծ չափ­­սով քան­­դակներ չեմ ըրած, իմ ամե­­նամեծ աշ­­խա­­­տան­­քի չա­­փը 60 սմ. է։ Ես կը սի­­րեմ ման­­րա­­­քան­­դակ եւ կ՚աշ­­խա­­­տեմ այդ ոճով գոր­­ծել։ Քան­­դակներս կը ցու­­ցադրո­­ւին Հա­­յաս­­տա­­­նի Նկա­­րիչ­­նե­­­րի միու­­թեան մէջ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւող ցու­­ցա­­­հան­­դէսնե­­րուն, «Արա­­մէ» պատ­­կե­­­րաս­­րա­­­հի մէջ, մաս­­նա­­­ւոր հա­­ւաքա­­ծու­­նե­­­րուն, ան­­հա­­­տական եւ խմբա­­յին ցու­­ցա­­­հան­­դէսնե­­րու սահ­­մա­­­նու­­մով Երե­­ւանի նաեւ ար­­տա­­­սահ­­մա­­­նի մէջ։

Լ.Ք.- Նաեւ ման­­կա­­­վարժ էք։ Ման­­կա­­­վար­­ժութեան ե՞րբ եւ ինչպէս սկսաք։

Մ.Մ.- Այո, ես կը դա­­սաւան­­դեմ։ 2010 թո­­ւակա­­նին ես կազ­­մա­­­կեր­­պե­­­ցի իմ ան­­հա­­­տական թղթէ քան­­դակնե­­րու ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը, որը մեծ հե­­տաքրքրու­­թեան եւ ար­­ձա­­­գան­­գի ար­­ժա­­­նացաւ, յե­­տոյ ես ստա­­ցայ դա­­սաւան­­դե­­­լու հրա­­ւէր՝ Հեն­­րիկ Իգի­­թեանի անո­­ւան Գե­­ղագի­­տու­­թեան Ազ­­գա­­­յին Կենդրո­­նի կող­­մէ։ Եւ որո­­շեցի փոր­­ձել դա­­սաւան­­դել երա­­խանե­­րուն թղթէ քան­­դակ։ Շատ սի­­րով կը դա­­սաւան­­դեմ, տես­­նե­­­լով երա­­խանե­­րու ոգե­­ւորու­­թիւնն ու հե­­տաքրքրու­­թիւնը քան­­դա­­­կի նկատ­­մամբ։ Կը փոր­­ձեմ առա­­ւելա­­գոյնս հե­­տաքրքիր եւ ար­­դիւնա­­ւէտ կազ­­մա­­­կեր­­պել դա­­սերը՝ փո­­խան­­ցե­­­լով անոնց իմ գի­­տելիք­­նե­­­րը եւ սէ­­րը արո­­ւես­­տի նկատ­­մամբ։

 

Լ.Ք.- Ու­­նի՞ք յա­­տուկ աշ­­խա­­­տանոց։

Մ.Մ.- Այո։ Գի­­տէք իմ հայ­­րը նկա­­րիչ է եւ մենք միասին կ՚աշ­­խա­­­տենք մեր արո­­ւես­­տա­­­նոցի մէջ։ Շատ կը սի­­րեմ մեր արո­­ւես­­տա­­­նոցը, մեծ եւ լու­­սա­­­ւոր, որի պա­­տու­­հա­­­նը կը բա­­ցուի հիանա­­լի տե­­սարա­­նի մը առ­­ջեւ։

Լ.Ք.- Ձեր ցու­­ցա­­­հան­­դէսնե­­րու մա­­սին տե­­ղեկու­­թիւններ կրնա՞ք փո­­խան­­ցել։

Մ.Մ.- Երե­­ւանի մէջ բազ­­մա­­­թիւ ցու­­ցա­­­հան­­դէսներ ու­­նե­­­ցած եմ։ Բա­­ցի 2006-ի

Ալ­­պերտ եւ Թով Պո­­յաճեան պատ­­կե­­­րաս­­րա­­­հի, 2010-ին Ակա­­դեմիոյ պատ­­կե­­­րաս­­րա­­­հի մէջ թուղթէ ար­­ձաննե­­րու եւ 2016-ին Դա­­նիոյ մայ­­րա­­­քաղաք Կո­­պեն­­հա­­­գենի մէջ սար­­քո­­­ւած ան­­հա­­­տական ցու­­ցա­­­հան­­դէսնե­­րուն, մաս­­նակցած եմ նաեւ բազ­­մա­­­թիւ խառն ցու­­ցա­­­հան­­դէսնե­­րու։ Այսպէս իմ գոր­­ծե­­­րը ծա­­նօթ եղան նաեւ Լի­­բանա­­նի կամ ԱՄՆ-ի նման օտար եր­­կիրնե­­րու արո­­ւես­­տա­­­սէր­­նե­­­րուն։

Յա­­տուկ նշա­­նակու­­թիւն ու­­նին հօրս նկար­­չա­­­կան գոր­­ծե­­­րուն հետ միասին իմ գոր­­ծե­­­րուս ալ ներ­­կա­­­յացո­­ւած ցու­­ցա­­­հան­­դէսնե­­րը Երե­­ւանի եւ ար­­տա­­­սահ­­մա­­­նի մէջ։ Կ՚ու­­զեմ յայտնել, որ տա­­կաւին բազ­­մա­­­թիւ ծրա­­գիր­­ներ ու­­նինք հօրս հետ միասին ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լու հա­­մար մեր ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւննե­­րը։

 

Լ.Ք.- Կ՚ու­­զէ՞ք Պոլ­­սոյ մէջ ցու­­ցա­­­հան­­դէս կազ­­մա­­­կեր­­պել։

Մ.Մ.- Կար­­ծեմ այո։ Եթէ նման առիթ ու­­նե­­­նամ մեծ սի­­րով, քա­­նի որ հայրս մի քա­­նի ամիս առաջ իր նկար­­նե­­­րու ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը ներ­­կա­­­յացուց Պոլ­­սոյ մէջ։ Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը շատ լաւ ան­­ցաւ, շատ մեծ հե­­տաքրքրու­­թեան ար­­ժա­­­նացաւ, ին­­չը ինձ շատ ոգեւորեց։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ