Ուղղագրութեան պատմութիւն

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

armenag@gmail.com

Հա­մաշ­­խարհա­­յին երկրորդ պա­­տերազ­­մին Անգլիա յա­­րաբե­­րաբար քիչ զոհ տո­­ւաւ՝ բաղ­­դա­­­տած Գեր­­մա­­­նիոյ, Լե­­հաս­­տա­­­նի, Խորհրդա­­յին Միու­­թեան...սա­­կայն անոր տնտե­­սական կո­­րուստնե­­րը կը գե­­րազան­­ցէին բո­­լորի­­նը, քա­­նի որ շրջա­­փակո­­ւած կղզի մը ըլ­­լա­­­լով՝ ան ամ­­բողջո­­վին կը մա­­տակա­­րարո­­ւէր ար­­տա­­­քին աշ­­խարհէն, յատ­­կա­­­պէս Միացեալ Նա­­հանգնե­­րէն, ուրկէ հաս­­նող նպաս­­տին 70–80 տո­­կոսը կը փճա­­ցուէր գեր­­մա­­­նական սու­­զա­­­նաւե­­րուն կող­­մէ եւ որուն դի­­մաց, սա­­կայն, ան հար­­կա­­­տու էր եւ պար­­տա­­­կան կը մնար մին­­չեւ վեր­­ջին դա­­հեկա­­նը։

Ի հե­­տեւումն՝ պա­­տերազ­­մի աւար­­տին Անգլիա հաս­­տա­­­տեց խնա­­յողա­­կան շատ խիստ կար­­գեր. օրի­­նակ՝ մի­­ջին անգլիացին, որ պա­­տերազ­­մի նա­­խօրեակին գո­­նէ 15 հաւ­­կիթ կ՚ու­­տէր շա­­բաթա­­կան, ստի­­պուե­­ցաւ միայն եր­­կու հատ ու­­տել, այդքան միայն կրնա­­յին ու­­տել նաեւ թա­­գու­­հին եւ վար­­չա­­­պետը. կամ թէ օրա­­կան միայն մէկ շերտ շա­­քար կրնար սպա­­ռել, եւ այդքան միայն կը սպա­­ռէին թէ՛ նա­­ւահան­­գիստի բեռ­­նա­­­կիր­­նե­­­րը, թէ՛ Լոր­­տե­­­րու տու­­նի եւ թէ՛ Պա­­քին­­կա­­­մի պա­­լատի բնա­­կիչ­­նե­­­րը։

Տնտե­­սական հա­­մատա­­րած տագ­­նա­­­պի այդ ծանր օրե­­րուն Ճորճ Պեռ­­նար Շո նա­­մակ մը յղեց կա­­ռավա­­րու­­թեան՝ անոր առա­­ջար­­կե­­­լով երկրին տնտե­­սու­­թիւնը առա­­ւելա­­գոյ­­նը մէկ տա­­րիէն դար­­մա­­­նելու «գործնա­­կան» մի­­ջոց մը...

Եւ ի՞նչ էր այդ մի­­ջոցը։

Ան կ՚առա­­ջար­­կէր բա­­րեփո­­խել անգլե­­րէնի ուղղագ­­րութիւ­­նը՝ դուրս բե­­րելով զայն իր աւան­­դա­­­կան ան­­հե­­­թեթ կա­­ցու­­թե­­­նէն եւ հնչիւ­­նա­­­գիր դարձնել զայն, ինչպէս են իտա­­լերէ­­նը, յու­­նա­­­րէնը, գեր­­մա­­­ներէնն ու ռու­­սե­­­րէնը։ Այլ խօս­­քով՝ Շեյքսպի­­րի լե­­զուն գրել այնպէս ինչպէս կ՚ար­­տա­­­սանո­­ւի ան, եւ ան­­կէ զեղ­­չել չար­­տա­­­սանո­­ւող աւե­­լորդ տա­­ռերը, օրի­­նակ՝ չգրել though (6 տառ), որ ոչ մէկ ար­­տա­­­սանու­­թեան կը հա­­մապա­­տաս­­խա­­­նէ, այլ գրել do (2 հնչիւն), այ­­սինքն՝ ճիշդ ինչպէս կ՚ար­­տա­­­սանէ զայն անգլիացին, այնպէս ալ միւս հա­­րիւր հա­­զարա­­ւոր բա­­ռերը։ Այսպէ­­սով,– կ՚եզ­­րա­­­կաց­­նէր մեծ թա­­տերա­­գիրը,– պի­­տի խնա­­յուին առաս­­պե­­­լական գու­­մարներ, որոնք կը մսխո­­ւին աւե­­լորդ գրա­­շարու­­թեան, թուղթի, մե­­լանի, ժա­­մանա­­կի եւ այլնի հե­­տեւան­­քով։

Այս նա­­մակը գրեց...ու մոռ­­ցաւ զայն։

Սա­­կայն Անգլիան չմոռ­­ցաւ զինք։

Ատեն մը ետք ան ստա­­ցաւ պա­­տաս­­խան մը, որուն մէջ խո­­րին շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն կը յայտնո­­ւէր իրեն, կը գնա­­հատո­­ւէին իր հայ­­րե­­­նասի­­րու­­թիւնն ու ազ­­գա­­­յին ոգին, ինչպէս նաեւ հայ­­րե­­­նիքին տնտե­­սական տագ­­նա­­­պը լու­­ծե­­­լու իր ան­­կեղծ մտա­­հոգու­­թիւնը։ Եւ տա­­կաւին... իրա­­ւունք ալ կը տրո­­ւէր այս մեծ գրա­­գէտին, թէ նման առա­­ջարկ մը կրնար իրա­­պէս փրկել Անգլիոյ տնտե­­սու­­թիւնը։

«Բայց»,– կ՚աւելցնէր այդ նոյն նա­­մակը,– «մենք պի­­տի չհե­­տեւինք այդ մի­­ջոցա­­ռու­­մին, որով­­հե­­­տեւ փրկե­­լով տնտե­­սու­­թիւնը՝ պի­­տի կոր­­ծա­­­նած ըլ­­լանք անգլիական ամ­­բողջ մշա­­կոյ­­թը»։

Ան­­շուշտ կա­­րելի է հիանալ միայն այն խոր յար­­գանքին հա­­մար, որ անգլիացին ու­­նի իր ուղղագ­­րութեան, բայց նաեւ լե­­զուին ու մշա­­կոյ­­թին հան­­դէպ։ Որ­­քա՜ն ու­­սա­­­նելի դա­­սեր կան, որոնք սա­­կայն դժո­­ւար թէ քա­­ղուին այն գլխա­­կորոյս յոր­­ձանքին մէջ, ուր կը գտնո­­ւին արեւմտա­­հայ ուղղագ­­րութեան, լե­­զուին եւ մշա­­կոյ­­թին սպա­­սար­­կունե­­րը։

Եւ ու­­րեմն այդպէս ալ անգլե­­րէնի ուղղագ­­րութիւ­­նը «չբա­­րեփո­­խուե­­ցաւ»։

Եւ ան, ֆրան­­սե­­­րէնին հետ, կը կազ­­մէ աշ­­խարհի եր­­կու ամէ­­նէն ան­­հե­­­թեթ ուղղագ­­րութիւննե­­րը. չմոռ­­նանք, ֆրան­­սե­­­րէնն ալ պա­­կաս չէ. սա իր կար­­գին կ’ըսէ il z’été (չորս հնչիւն) եւ կը գրէ ils étaient (10 տառ), իսկ ֆրան­­սե­­­րէնը իր կար­­գին իրա­­վիճա­­կէն յովտ մը իսկ փո­­խելու տրա­­մադիր չէ եղած։

Այս այսպէս ըլ­­լա­­­լով՝ ո՞ւր կը գտնո­­ւինք մենք՝ հա­­յերս։

***

Հա­­յերէ­­նի ուղղագ­­րութեան հիմ­­նա­­­դիրը Մես­­րոպ Մաշ­­տոցն է, միջ­­նա­­­դարեան կարգ մը բա­­րենո­­րոգիչ­­ներ եւ...ժա­­մանա­­կը։ Վաս­­տա­­­կի ար­­դար բա­­ժին մըն ալ ու­­նին անոր մէջ Մխի­­թարեան­­նե­­­րը, յատ­­կա­­­պէս նոյն ինքն Մխի­­թար Սե­­բաս­­տա­­­ցին եւ իր ան­­մի­­­ջական գոր­­ծա­­­կից­­նե­­­րը։

Այս բո­­լորին ար­­դիւնքը այն եղաւ, որ յա­­ռաջա­­ցաւ ուղղագ­­րութիւն մը, որ կա­­տարե­­լապէս հնչիւ­­նա­­­գիր էր, այ­­սինքն՝ կը գրո­­ւէր ճիշդ այնպէս, ինչպէս կ՚ար­­տա­­­սանո­­ւէր… դա­­սական հա­­յերէ­­նը։ Գրա­­բար ուղղագ­­րո­­­ղին հա­­մար, եթէ թե­­լադ­­րո­­­ղը եւ նոյ­­նինքն ուղղագ­­րո­­­ղը իրա­­պէս կը ճանչնան դա­­սական հա­­յերէ­­նի ար­­տա­­­սանու­­թիւնը, ոչ մէկ դժո­­ւարու­­թիւն կրնար ներ­­կա­­­յաց­­նել հա­­յերէ­­նի ուղղագ­­րութիւ­­նը։

Գրա­­բարը կ՚ար­­տա­­­սանէր ser ու կը գրէր սեր, կ՚ար­­տա­­­սանէր seyr ու կը գրէր սէր։ Մինչ աշ­­խարհա­­բարը ասոնց եր­­կուքն ալ կ՚ար­­տա­­­սանէ ser, եւ գրո­­ղը պի­­տի որո­­շէ, թէ ինչպէ՛ս ար­­ձա­­­նագ­­րէ իւ­­րա­­­քան­­չիւրը։

Գրա­­բարը կ՚ար­­տա­­­սանէր հօt ու կը գրէր հոտ, կ՚ար­­տա­­­սանէր հavt եւ կը գրէր հաւտ (որ է հօտ)։ Մինչ աշ­­խարհա­­բարը հա­­ւասա­­րապէս կ՚ար­­տա­­­սանէ հօd, եւ գրո­­ղը պի­­տի զա­­նազա­­նէ զա­­նոնք։

Եւ դեռ գրա­­բարը կը զա­­նազա­­նէր բ-փ, գ-ք, դ-թ, ձ-ց, ջ-չ, ռ-ր, հ-յ զոյ­­գե­­­րը, մինչ աշ­­խարհա­­բարը նոյն ձե­­ւով կ՚ար­­տա­­­սանէ ասոնք. օրի­­նակ՝ բակ-փակ, գող-քօղ, դուր-դուռ-թուր, ան­­ձաւ-ան­­ցաւ, կարգ-կառք, ջինջ-(ո)չինչ, համր-յամր ար­­տա­­­սանա­­կան տար­­բե­­­րու­­թիւն չու­­նին (գո­­նէ արեւմտա­­հայուն հա­­մար), եւ հէգ աշա­­կեր­­տը, ու­­սուցի­­չը, խմբա­­գիրը, գրա­­գէտը պի­­տի որո­­շեն, թէ ինչպէ՛ս պէտք է գրել ասոնք, հմտու­­թիւն մը, որ շատ քի­­չերուն վի­­ճակո­­ւած է, մինչ արեւմտա­­հայու­­թեան բա­­ցար­­ձակ մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը հե­­ռու է անոր տի­­րապե­­տելէ։

Ծա­­նօթ.– Այստեղ պար­­տիմ ան­­մի­­­ջապէս աւելցնել, որ արե­­ւելա­­հայուն հա­­մար այս դժո­­ւարու­­թիւննե­­րը ան­­հա­­­մեմա­­տօրէն նո­­ւազ են, քա­­նի արե­­ւելա­­հայե­­րէնը կը զա­­նազա­­նէ վե­­րը յի­­շուած բա­­ղաձայ­­նա­­­կան զոյ­­գե­­­րը, որոնք ընդհա­­նուր առ­­մամբ շփո­­թի առար­­կայ չեն։ Կան ան­­շուշտ բա­­ցառու­­թիւններ։

***

Այս բո­­լորը կը մի­­տին թե­­լադ­­րե­­­լու, ցայ­­տուն դարձնե­­լու, որ մենք՝ աշ­­խարհա­­բարեան­­ներս,– իմա՝ արեւմտա­­հայերս,– կը կի­­րար­­կենք ուղղագ­­րութիւն մը, որ յղա­­ցուած չէ աշ­­խարհա­­բարին՝ մեր ար­­դի լե­­զուին հա­­մար։ Մեր կի­­րար­­կա­­­ծը՝ գրա­­բարի ուղղագ­­րութեան մէկ նմա­­նակն է պար­­զա­­­պէս։ Այլ խօս­­քով՝ մեր ուղղագ­­րութիւ­­նը նոյնքան ան­­հե­­­թեթ է, որ­­քան անգլե­­րէնինն ու ֆրան­­սե­­­րէնինն են, ան­­շուշտ տար­­բեր տե­­սան­­կիւննե­­րէ մօ­­տեցած։ Բայց հե­­տեւան­­քը նոյնն է։

Այս ան­­հե­­­թեթ կա­­ցու­­թիւնը (որուն ծո­­վածա­­ւալ գրա­­կանու­­թիւն մը նո­­ւիրո­­ւած է 19-րդ դա­­րու երկրորդ կէ­­սին1) լու­­ծել փոր­­ձեց Մա­­նուկ Աբե­­ղեանը։

Աբե­­ղեան եր­­կու փորձ կա­­տարած է։ Ան 1890-ական­­նե­­­րուն հրա­­պարակ հա­­նեց ուղղագ­­րա­­­կան ու­­ղե­­­ցոյց մը, որ օրին որ­­դեգրո­­ւեցաւ հա­­ւասա­­րապէս արե­­ւելա­­հայե­­րու թէ արեւմտա­­հայե­­րու կող­­մէ։ Այս առա­­ջին փոր­­ձը կը հիմ­­նո­­­ւէր դա­­սական հա­­յերէ­­նի ուղղագ­­րութեան վրայ, եւ ու­­րեմն Աբե­­ղեան դա­­սական հա­­յերէ­­նի ուղղագ­­րութիւնն էր որ փոր­­ձեց միօրի­­նակա­­նաց­­նել։ Ար­­դիւնքը գո­­հացու­­ցիչ չըլ­­լա­­­լուն՝ ան 1913-ին, գի­­րերու գիւ­­տի 1500-ամեակի տօ­­նակա­­տարու­­թեանց առ­­թիւ, ապա քիչ մը աւե­­լի ուշ՝ 1922-ին, հրա­­պարակ հա­­նեց աւե­­լի հիմ­­նա­­­կան ուղղագ­­րութիւն մը, որ յղա­­ցուած էր մի­­միայն աշ­­խարհա­­բարի հա­­մար (նկա­­տի ու­­նէր արե­­ւելա­­հայ աշ­­խարհա­­բարը)։

Ար­­դիւնքը եղաւ արե­­ւելա­­հայ ար­­դի ուղղագ­­րութիւ­­նը, որ թե­­թեւօ­­րէն վե­­րանա­­յուե­­ցաւ 1940-ին՝ բաղ­­դա­­­տած Աբե­­ղեանի առա­­ջին՝ 1922-ի թո­­ղար­­կումին։

Սփիւռքը,– հասկնալ՝ արեւմտա­­հայու­­թիւնը,– մեր­­ժեց զայն ու շա­­րու­­նա­­­կեց եւ կը շա­­րու­­նա­­­կէ կառ­­չած մնալ այն հա­­սարա­­կաց ուղղագ­­րութեան, որ մեր ժո­­ղովուրդի եր­­կու թե­­ւերը կի­­րար­­կած են մինչ այդ։ Ա՛յն, որ մենք կը կո­­չենք «Մես­­րո­­­պեան ուղղագ­­րութիւն» կամ «աւան­­դա­­­կան ուղղագ­­րութիւն», որ հա­­ւանա­­բար աւե­­լի ճիշդ եզր մըն է։

***

Ճիշդ ո՞ւր է այս եր­­կու ուղղագ­­րութեանց տար­­բե­­­րու­­թիւնը։

Աբե­­ղեանի ուղղագ­­րութիւ­­նը կը բնո­­րոշո­­ւի իր հա­­մապա­­տաս­­խա­­­նու­­թեամբ՝ ար­­դի հա­­յերէ­­նի ար­­տա­­­սանու­­թեան հետ, իր պար­­զութեամբ եւ ուղղագ­­րա­­­կան սկզբունքնե­­րու միօրի­­նակու­­թեամբ։ Այսպէս է, քա­­նի ան յղա­­ցուած է գոր­­ծող լե­­զուի մը հի­­մամբ։ Եթէ յա­­ջողինք զայն սեր­­տել առանց նա­­խապա­­շարու­­մի, ապա պի­­տի նկա­­տենք, որ այս ուղղագ­­րութեան յօ­­րինու­­մին առ­­թիւ Աբե­­ղեան հա­­ւատար­­մօ­­­րէն հե­­տեւած է Մես­­րո­­­պի սկզբունքնե­­րուն եւ ամե­­նայն բա­­րեխղճու­­թեամբ յար­­գած է զա­­նոնք։ Նոյ­­նիսկ որոշ չա­­փով գե­­րազան­­ցած է զայն։ Եւ ինչպէս որ Մես­­րոպ յա­­ջողած էր հնչիւ­­նա­­­գիր ան­­բե­­­կանե­­լի ուղղագ­­րութիւն մը տալ իր ժա­­մանա­­կակից­­նե­­­րուն, Աբե­­ղեան իր կար­­գին յա­­ջողած է տալ արե­­ւելա­­հայ աշ­­խարհա­­բարի հնչիւ­­նա­­­գիր մէկ ուղղագ­­րութիւ­­նը, որ իր կար­­գին ան­­բե­­­կանե­­լի է եւ յղա­­ցուած ու գոր­­ծադրո­­ւած է գի­­տական ամե­­նաբարձր մա­­կար­­դա­­­կով։

Պայ­­մա­­­նաւ, որ իւ­­րա­­­քան­­չիւրը դի­­տենք ի՛ր պա­­րու­­նա­­­կին մէջ, ի՛ր ծի­­րէն ներս։

***

Ին­­չո՞ւ ազ­­գին կէ­­սը մեր­­ժեց Աբե­­ղեանի ուղղագ­­րութիւ­­նը, եւ ու­­րեմն ո՞ւր էր անոր «թե­­րու­­թիւնը»։

Եթէ մենք ընդմիշտ գիր ու գրա­­կանու­­թիւն ու­­նե­­­ցած չըլ­­լա­­­յինք եւ հարկ ըլ­­լար հնա­­րել զայն 1922-ին, եւ առ այս դի­­մէինք Մես­­րոպ Մաշ­­տո­­­ցին (եւ ոչ՝ Մա­­նուկ Աբե­­ղեանին), ապա պի­­տի ան­­վա­­­րան նկա­­տէինք, որ Մես­­րո­­­պի յղա­­ցած ուղղագ­­րութիւ­­նը պի­­տի կա­­տարե­­լապէս նոյ­­նա­­­նար Աբե­­ղեանի հնա­­րած ուղղագ­­րութեան հետ՝ անոր բո­­լոր ման­­րա­­­մաս­­նութեանց մէջ։

Այլ խօս­­քով՝ 1922-ին Մես­­րոպ պի­­տի ընէր ճիշդ այն, որ ըրաւ Աբե­­ղեան։

Այս այսպէս ըլ­­լա­­­լով հան­­դերձ՝ մենք հա­­ւանա­­բար եր­­բեք ալ պի­­տի չյա­­ջողինք իւ­­րացնել Աբե­­ղեանի ուղղագ­­րա­­­կան հա­­մակար­­գը, բա­­ցի եթէ ան պար­­տադրո­­ւի իշ­­խա­­­նու­­թեան մը կող­­մէ, ճիշդ ինչպէս պար­­տադրո­­ւեցաւ 1922-ին մեր արե­­ւելա­­հայ կէ­­սին՝ օրո­­ւան հա­­մայ­­նա­­­վար իշ­­խա­­­նու­­թեան կող­­մէ. այ­­լա­­­պէս արե­­ւելա­­հայու­­թիւնը իր կար­­գին ան­­կա­­­րելի է, որ ըն­­դունէր նոր ուղղագ­­րութիւ­­նը՝ այն բո­­լոր տար­­բե­­­րու­­թիւննե­­րով, որ ան կը բո­­վան­­դա­­­կէր՝ յա­­րաբե­­րաբար աւան­­դա­­­կան ուղղագ­­րութեան։ Այսպէս է, քա­­նի որ ուղղագ­­րութիւ­­նը շատ աւե­­լի աչ­­քի ու մտքի զոյգ վար­­ժութեանց հարց է, քան թէ գի­­տական դա­­տողու­­թեան։

Այս վար­­ժութեան քով մնա­­ցեալ բո­­լոր նկա­­տողու­­թիւննե­­րը կը նսե­­մանան ու կ՚իմաս­­տազրկո­­ւին։ Բազ­­մա­­­հազար օրի­­նակ­­նե­­­րէն միայն մէկ բա­­ռի հի­­մամբ բա­­ցատ­­րեմ միտքս. արեւմտա­­հայը կ՚ար­­տա­­­սանէ ու կը գրէ հո­­վուել-կը հո­­վուեմ, արե­­ւելա­­հայը կ՚ար­­տա­­­սանէ ու կը գրէ հով­­վել-կը հով­­վեմ։ Ինչպէս կը նկա­­տենք, նոյն ար­­տա­­­սանու­­թիւնը գտած է գրա­­յին եր­­կու տար­­բեր մեկ­­նա­­­բանու­­թիւն։ Եւ ըսե­­լու պէտք չկայ, թէ արե­­ւելա­­հայուն գրա­­ծը շատ աւե­­լի հա­­րազատ է ար­­տա­­­սանու­­թեան՝ իր զոյգ վվ-ով, քան արեւմտա­­հայե­­րէնի վու-ն, որ արո­­ւես­­տա­­­կանօ­­րէն միայն վվ կ՚ար­­տա­­­սանո­­ւի։ Եթէ մենք պատ­­մա­­­կանօ­­րէն չու­­նե­­­նայինք հո­­վուել-ը, ապա 1922-ին ոչ մէ­­կուն միտ­­քէն պի­­տի անցնէր զայն վու-ով գրել, եւ ամէն հայ պի­­տի բնա­­կան գտնէր, որ բառս գրէինք հով­­վել-կը հով­­վէր։

Բայց ահա կա՛յ այդ պատ­­մա­­­կան փաս­­տը, աւան­­դութիւ­­նը, որուն հի­­մամբ եւ յի­­շողու­­թեամբ ամէն չա­­փահաս արեւմտա­­հայու աչքն ու ձեռ­­քը պի­­տի փնտռեն կը հո­­վուէր-ը՝ ի բաց վա­­նելով կը հով­­վէր գրե­­լու ամէն առա­­ջարկ ու հա­­ւանա­­կանու­­թիւն։ Այստեղ պէտք է շեշ­­տեմ չա­­փահաս բա­­ռը, որով­­հե­­­տեւ իմ ակ­­նարկած բո­­լոր դժո­­ւարու­­թիւններս կը վե­­րաբե­­րին չա­­փահա­­սին, իր ետին ուղղագ­­րա­­­կան աւան­­դոյթ մը ու­­նե­­­ցող հա­­յուն, այ­­լա­­­պէս եթէ վա­­ղը եւեթ մեր անգրա­­ճանաչ մա­­նուկնե­­րուն ու­­սուցենք հով­­վել-կը հո­­վուէր հա­­մակար­­գը, ան ոչ մէկ խոր­­թութիւն պի­­տի զգայ, տա­­կաւին չը­­սելու հա­­մար, նո­­րահաս սե­­րունդնե­­րը շատ աւե­­լի դիւ­­րին պի­­տի իւ­­րացնեն կը հով­­վէր-ը, քան այ­­սօր կ՚իւ­­րացնեն կը հո­­վուէր-ը2։

Աբե­­ղեան իր նոր ուղղագ­­րութեան մէկ բա­­ցատ­­րա­­­կանին մէջ ըսած է, թէ ինք այս բա­­րեկար­­գումը (իր բա­­ռով՝ réforme-ը) չա­­փահաս­­նե­­­րուն,– որ է՝ գրա­­ճանաչ­­նե­­­րուն,– հա­­մար չէ՛ ըրած, այլ նոր սե­­րունդին հա­­մար, եւ ճիշդ կը մտա­­ծէր ան,– ինչպէս միշտ ճիշդ մտա­­ծած է,– քա­­նի նոր սե­­րունդը ոչ մէկ դժո­­ւարու­­թիւն ու­­նե­­­ցաւ որ­­դեգրե­­լու նոր ուղղագ­­րութիւ­­նը։ Այնպէս ալ յա­­ջորդ սե­­րունդն ու սե­­րունդնե­­րը, որոնց հա­­մար գո­­յու­­թիւն ու­­նի ուղղագ­­րա­­­կան միայն մէ՛կ աւան­­դոյթ, այն է՝ արե­­ւելա­­հայ ար­­դի ուղղագ­­րութիւ­­նը, որուն անոնք նոյնքան սերտ կառ­­չած են, որ­­քան արեւմտա­­հայը կառ­­չած է աւան­­դա­­­կանին, եւ այս՝ հո­­գեբա­­նախօ­­սական նոյն պատ­­ճառնե­­րով, որոնց ակ­­նարկո­­ւեցաւ վե­­րը։ Չհա­­շուած այդ ուղղագ­­րութեան ան­­սահման դիւ­­րութիւ­­նը, որուն գի­­տակ­­ցութիւ­­նը չու­­նի արե­­ւելա­­հայը, քա­­նի որ ան­­ծա­­­նօթ է աւան­­դա­­­կան ուղղագ­­րութեան եւ անոր յա­­րու­­ցած դժո­­ւարու­­թիւննե­­րուն։

Եւ ահա ճիշդ այս հա­­կադիր դա­­ւանու­­թեան մէջ ալ կը կա­­յանայ արե­­ւելա­­հայ-արեւմտա­­հայ ուղղագ­­րա­­­կան երկւու­­թեան լու­­ծումի դժո­­ւարու­­թիւնը, քա­­նի որ կող­­մե­­­րը հա­­ւասար ուժգնու­­թեամբ կառ­­չած են իրենց իւ­­րա­­­ցու­­ցած տար­­բե­­­րակին, դժո­­ւարու­­թիւն, որ բո­­լորո­­վին հո­­գեբա­­նական է եւ ուր լե­­զուա­­բանա­­կան տե­­սական բա­­ցատ­­րութիւննե­­րը ոչ մէկ ար­­ժէք կը ներ­­կա­­­յաց­­նեն։

Իսկ այս կա­­ցու­­թեան մէջ մե­­ծագոյն կորսնցնո­­ղը միաս­­նա­­­կան ուղղագ­­րութեան գա­­ղափարն է, միաս­­նութիւն, որ իրա­­ւունքն է ամէն լե­­զուի, բայց նաեւ ամէն ժո­­ղովուրդի։ Մե­­զի ծա­­նօթ չէ այլ ժո­­ղովուրդ մը, որ եր­­կու ուղղագ­­րութիւն ու­­նե­­­նայ։

***

Այս մեր­­ժե­­­լի (եւ ամօ­­թալի) կա­­ցու­­թեան լու­­ծում մը բե­­րելու ոչ մէկ լուրջ ու գործնա­­կան քայլ առ­­նո­­­ւած է անցնող հա­­րիւր տա­­րինե­­րուն։ Խորհրդա­­յին կար­­գե­­­րու օրով ար­­դէն կա­­րելի չէր հար­­ցը ար­­ծարծել, իսկ ան­­կա­­­խու­­թեան 25 տա­­րինե­­րուն, հա­­կառակ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած քա­­նի մը տաս­­նեակ հա­­մազ­­գա­­­յին խառն հա­­մագու­­մարնե­­րուն, նմա­­նապէս սե­­ղանի վրայ չդրո­­ւեցաւ ուղղագ­­րութեան օրա­­կարգ մը։ Նկա­­տելի է բա­­ցայայտ խու­­սա­­­փում մը արե­­ւելա­­հայ պատ­­կան մար­­միննե­­րու կող­­մէ, որոնք չեն ու­­զեր ուղղագ­­րութեան հարց ար­­ծարծել, ինչ որ կը նշա­­նակէ՝ չեն ու­­զեր աւան­­դա­­­կան ուղղագ­­րութեան վե­­րադառ­­նալ։

Այս տո­­ւեալ­­նե­­­րու հի­­մամբ կ՚ու­­րո­­­ւագ­­ծո­­­ւի երեք դիր­­քո­­­րոշում.

ա) Արեւմտա­­հայու­­թեան հա­­յեցո­­ղու­­թեամբ՝ ուղղագ­­րա­­­կան միաս­­նութիւ­­նը կրնայ իրա­­կանա­­նալ արե­­ւելա­­հայե­­րու վե­­րադար­­ձով աւան­­դա­­­կան ուղղագ­­րութեան։

բ) Արե­­ւելա­­հայու­­թեան հա­­մար այդ միաս­­նութիւ­­նը կրնայ իրա­­կանա­­նալ հայ­­րե­­­նի ուղղագ­­րութեան որ­­դեգրու­­մով արեւմտա­­հայու­­թեան կող­­մէ։ Այսպէս կը մտա­­ծէ անոր գո­­նէ բա­­ցար­­ձակ մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը, իսկ ան­­դին կայ շատ աննշան փոք­­րա­­­մաս­­նութիւն մը, որ հա­­մաձայն է վե­­րադառ­­նա­­­լու աւան­­դա­­­կան ուղղագ­­րութեան։

գ) Կը գտնենք եր­­կուստեք որոշ թի­­ւով մտա­­ծող­­ներ, որոնք կը թե­­լադ­­րեն յա­­ռաջաց­­նել հա­­մախո­­հական նոր ուղղագ­­րութիւն մը, որ զերծ ըլ­­լայ Աբե­­ղեանի ծայ­­րա­­­յեղու­­թիւննե­­րէն, միաժա­­մանակ հրա­­ժարի աւան­­դա­­­կան ուղղագ­­րութեան կարգ մը ժա­­մանա­­կավ­­րէպ երե­­ւոյթնե­­րէն, եւ որ­­դեգրէ եր­­կուքին լա­­ւագոյն տար­­րե­­­րը։

Հա­­ւանա­­կան է, որ ի վեր­­ջոյ յաղ­­թա­­­նակէ այս վեր­­ջին առա­­ջար­­կը։

Այս ուղղու­­թեամբ կրնան գտնո­­ւիլ այ­­լա­­­զան նա­­խասի­­րու­­թիւններ, ուստի եւ բե­­րուիլ այ­­լա­­­զան առա­­ջարկներ։ Եւ պէտք է անոնց պատ­­րաստո­­ւիլ հի­­մակո­­ւընէ։

Եթէ, ան­­շուշտ, գո­­յու­­թիւն ու­­նին նման հոգ մը ստանձնե­­լու ատակ եւ տրա­­մադիր արեւմտա­­հայեր։

***

 

1 Հե­­տաքրքրո­­ւող­­նե­­­րը կրնան դի­­մել Սի­­րաք Գիւլբու­­դա­­­ղեանի մէկ կո­­թողա­­կան աշ­­խա­­­տու­­թեան, որ կը կո­­չուի «Հա­­յերէ­­նի ուղղագ­­րութեան պատ­­մութիւն», Երե­­ւան, 1975։

2 «Պայ­­քար»-ի խմբա­­գիրն ու Պա­­րոյր Աղ­­պա­­­շեանն ալ պի­­տի ազա­­տէին հա­­շուոյն գրե­­լու տաղտուկէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ