ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Պայքար՝ մինչեւ յաղթանակ

Մօտաւոր հաշուարկով ու ենթադրաբար հայերս 10 միլիոն բնակչութիւն ենք աշխարհի երեսին ցրուած։ Մեր հազիւ մէկ երրորդը կ՚ապրի սեփական երկրի վրայ եւ ափսոս, որ այդ մէկ երրորդն ալ օր ըստ օրէ կը նուազի։

Սա ընդհանուր եւ ոչ իրաւացի ընդհանրացում մըն է։ Իրաւացի չէ, քանի որ նշուած այդ 10 միլիոնը ինչպէս աշխարհի բոլոր ազգերը երբեւիցէ միաս­նա­կան տարր մը չեն։ Որ­քան որ մենք սի­րենք ազ­գա­յինը փա­ռաբա­նել եւ այդ բո­լորին վե­րագ­րել հա­ւասար ար­ժա­նիք­ներ, իրո­ղու­թիւնը այն է, թէ ամէն հայ ու­նի իր հայ­կա­կան ըն­կա­լու­մը։ Մեզ միատարր դարձնե­լու ատակ յատ­կա­նիշ­նե­րը օր ըստ օրէ նուազած են։ Օրի­նակ՝ այ­լեւս չենք խօ­սիր նոյն լե­զուով։ Մեզ­մէ շա­տեր վա­ղուց կորսնցու­ցած են մայ­րե­նիով հա­ղոր­դուելու կա­րողու­թիւնը։ Միւս կող­մէ նոյնպէս շա­տեր չեն յի­շուիր հա­յերէն անուննե­րով։ Այ­լա­սերում մըն է մեր ապ­րա­ծը, որուն տե­ղի տուող իւ­րա­քան­չիւրս ու­նինք մեր ար­դա­րաց­նող պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւննե­րը։ Հոգ չէ թէ այդ պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւննե­րէն ոմանք խիստ վի­ճելի ըլ­լան, երե­ւոյ­թը կը մնայ ան­փո­փոխ, հետզհե­տէ կը պակ­սին մեզ բնու­թագրող առանձնա­յատ­կութիւննե­րը։ Սա­կայն ի դէմ բո­լոր այս կո­րու­սեալ յատ­կա­նիշ­նե­րու, տա­կաւին ու­նինք միաս­նա­կան սրբու­թիւններ, որոնց գլխա­ւորն է ին­քը՝ Հա­յաս­տան եր­կի­րը։ Ճիշդ է, որ հա­յու­թեան կա­րեւոր մէկ մա­սը այս կամ այն կերպ հեռացած է այդ հայ­րե­նիքէն, բայց որ­պէս խոր­հուրդ եւ սրբու­թիւն կը պա­հէ իր մէջ։ Եր­գով կը պա­հէ, խօս­քով կը պա­հէ, մի ոմն մեծ մայ­րի­կէ ժա­ռան­գուած խո­հանո­ցային բա­ղադ­րա­տոմ­սով կը պա­հէ, բայց նոյնն է կը պա­հէ։ Ահա այ­սօր այդ սրբու­թիւնը դար­ձած է ամ­բողջ ժո­ղովուրդի մը ու­շադրու­թեան կեդ­րո­նը։

Աշ­խարհի որ ծա­գին ալ գտնուին հա­յեր գի­տեն թէ Հա­յաս­տա­նը իրենց տունն է։ Եթէ ոչ ծննդա­վայր, եթէ ոչ պա­պենա­կան «էր­կիր», Հա­յաս­տա­նը բա­րոյա­կան հայ­րե­նիքն է հա­մայն հա­յու­թեան։ Ու­րեմն ոչ ոք կրնայ ան­տարբեր մնալ հայ­րե­նիքի այս բա­րեբաս­տիկ զար­գա­ցումնե­րուն դի­մաց։ Բա­րեբաս­տի­կը միայն ժո­ղովուրդին մեծ բազ­մութիւննե­րով փո­ղոց իջ­նելն չէ՛, բա­րեբաս­տի­կը դէ­պի բա­րեփո­խու­թիւն յե­ղաշրջող անհնա­զան­դութիւնն է։ Բո­ղոքն է բա­րեբաս­տիկ եղո­ղը։ Առար­կելն է։ Իրա­ւունքին, անոր հետ միասին հայ­րե­նիքին տէր կանգնե­լու կամքն է բա­րեբաս­տիկ եղո­ղը։

Բո­լորիս հա­մար ու­րա­խու­թիւն է տես­նել, թէ ժո­ղովրդա­կան անհնա­զան­դութիւ­նը խմբակ­ցութեան մը իր կամ­քը բռնու­թեամբ պար­տադրե­լը չէ եր­բեք։ Մենք հա­մազ­գա­յին, հա­մաժո­ղովրդա­կան դի­մադ­րութեան մա­սին է, որ կը խօ­սինք։ Դի­մադ­րութիւն՝ միահա­մուռ դի­մադ­րութիւն, որ ինչպէս կ՚ըսէ Նի­կոլ Փա­շինեան, մին­չեւ օրս եր­բեք չէ պար­տուած։

Սա պա­հուն այ­լեւս ետ­դարձի փու­լը վերջնա­կանա­պէս հա­տած ենք։ Չենք կրնար փո­ղոց­նե­րէն ետ քա­շուիլ։ Ան­գամ մը եւս չենք կրնար ժո­ղովուրդին ճա­կատա­գիրը խորհրդա­րանի «պե­տական այ­րեր»ու որո­շու­մին թո­ղուլ։

Սփիւռքի մէջ միտ­քեր ար­տադրող­ներս միշտ կ՚ու­զենք պա­հել որոշ զսպուածու­թիւն։ Երկրի ներ­քա­ղաքա­կան խնդիր­նե­րու մա­սին խօ­սելու իրա­ւունքը կը թո­ղունք երկրի բնա­կիչ­նե­րուն։ Ար­դար եւ պատ­շաճ չենք գտներ դուրսէն երկրի պայ­մաննե­րէն հե­ռու մեծ­խօ­սիկու­թիւննե­րու մատ­նուիլ։ Բայց պա­հը այդ չէ։ Սա ամ­բողջ ժո­ղովուրդի գլխա­ւոր սրբու­թեան, Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պետու­թեան ճա­կատագ­րա­կան պահն է։ Այս պա­հուն հայ­րե­նիք, սփիւռք, ներ­քին սփիւռք որե­ւէ տար­բե­րու­թիւն չէ մնա­ցած ինքզինք հայ հա­մարող բո­լորիս հաշ­ւոյն։

Որ­քան շատ են բո­լոր այն հա­յոր­դի­ները, որոնք կ՚ափ­սո­սան այս օրե­րուս Հա­յաս­տան չըլ­լալնուն հա­մար։ Բո­լորին դի­մատետ­րի էջե­րը օրն ի բուն զբա­ղուած են հա­յաս­տա­նեան ան­ձուդարձերով, ըլլայ Հանրապետութեան հրապարակ, ըլլայ Ազգային ժողովի դահլիճ։

Ուրիշ ճար, ուրիշ միջոց գոյութիւն չունի։ Պիտի պայքարինք ու պիտի յաջողինք։

pakrates@yahoo.com