Ցեղապաշտ յարձակում Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ դէմ

Երկրի մէջ տիրող ատելութեան մթնոլորտը երբեմն անսպասելի պահուն, անսպասելի երեւոյթներով կը յայտնուի հասարակութեան դիմաց։ Այս հաստատումին իբր օրինակ 30 Ապրիլ շաբաթ առաւօտ անծանօթ մը շրջեց Գատըգիւղի Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ մուտքին մօտ գտնուող աղբամանները եւ աղբի կոյտով լեցուց եկեղեցւոյ մուտքը։ Չարամիտը այդքանով ալ չէր գոհացած եւ սպառնական ոճով գրութիւններ ըրած էր եկեղեցւոյ պատին վրայ։

Լուրը կայծակնային արագութեամբ տարածուեցաւ ընկերային ցանցերու վրայ եւ ապա մամուլի միջոցաւ։ Այդ հանգրուանէն ետք Գատըգիւղի քաղաքապետը եւ գաւառապետը, Իսթանպուլի կուսակալը այցելեցին Գատըգիւղի եկեղեցին եւ պախարակեցին կատարուած անարգանքը։ Ներքին գործոց նախարարը «Թուիթըր»ի միջոցաւ յայտարարեց, թէ յանցագործը հոգեկան խանգարում ունեցող մէկն է եւ նախապէս երկու անգամ փորձած է անձնասպան ըլլալ։

Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը դէպքին ընկերային ցանցերու եւ մամուլի մէջ տեղ գտնելէն ետք յայտարարութիւն մը հրատարակելով գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ Քաղաքապետարանի թափած աղբը իսկոյն հաւաքելուն մասին։ Թաղականութիւնը ցասում յայտնեց նաեւ այս դէպքէն ետք ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած եւ դէպքը պախարակող մեկնաբանութիւններու համար։ 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ