Մայիս մէկը դիմադրութեան ոգիով

2018 Մա­յիս 1-ը այս տա­րի նշուեցաւ Պոլ­սոյ արուար­ձաննե­րէն Մալ­թե­փէի մէջ։ Կա­ռավա­րու­թիւնը որ­քան ալ հա­սանե­լիու­թիւնը դժուարաց­նե­լու հա­մար թոյլտուու­թիւն կու տայ հե­ռաւոր թա­ղերու հա­մար, ար­դիւնքը կը մնայ ան­փո­փոխ։ Զան­գուած­ներ՝ անվհատ կը փու­թան ճշդուած հա­ւաքա­վայ­րը եւ կը պար­զեն իրենց բո­ղոքը առ­կայ անօ­րինու­թիւննե­րու դէմ։ Այս տա­րուայ հա­սարակ յայ­տա­րարն էր «Լաւ օրեր պի­տի տես­նենք» նա­խադա­սու­թիւնը, որ փո­խառու­թիւն մըն է Նա­զըմ Հիք­մե­թի նոյ­նա­նուն բա­նաս­տեղծու­թե­նէն։

Բա­ցի Յե­ղափո­խական բա­նուո­րական արհմիու­թիւննե­րու դաշնակցութենէ, Պե­տական պաշ­տօննե­րու արհմիու­թիւնը, Թուրքիոյ բժիշկնե­րու կա­ճառը եւ Ճար­տա­րապետ­նե­րու ու ճար­տա­րագէտ­նե­րու կա­ճառը միաս­նա­բար կազ­մա­կեր­պած էին այս տա­րուայ հան­րա­հաւա­քը։ Ծրա­գիրը գոր­ծադրուեցաւ նախ Յե­ղափո­խական բա­նուո­րական արհմիու­թիւննե­րու դաշնակցութեան երգչա­խումբի ելոյ­թով։ Ապա ար­տա­սանու­թիւննե­րով ներ­կա­յացան ծա­նօթ դե­րասան­ներ՝ Կեն­ճօ Էր­քալ եւ Ռութքայ Ազիզ։ Կազ­մա­կեր­պիչ միու­թիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը իրենց ելոյթնե­րուն մէջ յա­ճախա­կի կեր­պով անդրա­դար­ձան 24 Յու­նի­սի ընտրու­թիւննե­րուն եւ բա­նուոր դա­սակար­գին կոչ ուղղե­ցին այս մա­սին զգօն ըլ­լա­լու հա­մար։

Միւս կող­մէ կարգ մը արհմիու­թիւններ փոր­ձե­ցին անցնիլ ոս­տի­կանա­կան պատ­նէ­շը եւ Մա­յիս մէ­կը յի­շել Թաք­սի­մի հրա­պարա­կին վրայ։ Անոնց այս փոր­ձը բա­խաւ ոս­տի­կանա­կան դի­մադ­րութեան, որու հե­տեւան­քով 86 ան­ձեր բեր­ման են­թարկուեցան։

Թուրքիոյ մէջ շատ եր­կար տա­րիներ ար­գի­լուած էր Մա­յիս մէ­կի առ­թիւ տօ­նակա­տարու­թիւն կամ ցոյց կա­տարել։ Այդ ար­գելքը առա­ջին ան­գամ ի սպառ եկաւ 1976-ին, ուր բիւ­րա­ւոր ժո­ղովուրդ մեծ ոգե­ւորու­թեամբ տօ­նեց Բա­նուոր­նե­րու հա­մաշ­խարհա­յին տօ­նը։ Յա­ջորդ տա­րի այդ ոգե­ւորու­թիւնը վե­րածուեցաւ ծանր ող­բերգու­թեան մը, քա­նի որ պե­տու­թեան անու­նով գոր­ծող կարգ մը մութ շրջա­նակ­նե­րու ջան­քե­րով յար­ձա­կում կա­տարուեցաւ ամ­բո­խի վրայ եւ 37 ան­ձեր մա­հացան հրա­պարա­կի ան­մի­ջապէս կող­քին գտնուող Քա­զան­ճը զա­ռիվա­րի մուտքին։ Այդ թուակա­նէն ետք բո­լոր կա­ռավա­րու­թիւննե­րը ար­գելքներ յա­րու­ցե­ցին տօ­նակա­տարու­թիւննե­րու դէմ, իսկ վեր­ջին տա­րինե­րուն ալ գոր­ծող իշ­խա­նու­թիւնը ժո­ղովուրդը պար­տադրեց հե­ռաւոր կամ ան­մարդաբ­նակ վայ­րե­րու մէջ հան­րա­հաւաք կա­տարե­լու հա­մար։ Սա­կայն Մա­յիս մէ­կեան տօ­նակա­տարու­թիւնը, որ 1977-էն ի վեր վե­րածուած է յի­շատակ­ման եր­թի, իր մէջ կը պա­հէ իշ­խա­նու­թիւննե­րու հան­դէպ դի­մադ­րե­լու կամք եւ այդ կամ­քը եր­բեք չի նուազիր, այլ ընդ հակառակ տարուէ տարի կը ծաւալի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ