Հայկական բառերու ամենէն գեղադէմը
«Սիրական սիրելի, լուսերես՝ ի՛մ ես»... «Բոլորած լուսին է սիրելուս երես»... Յովհաննէս Կարնեցիի «Տաղարան»էն մէջբերուած այս տողիկները մեզ երեւակայելու կը մղեն, թէ ո՛վ էր այդ գեղեցկուհին, որ 1770-ական թուականներուն Կարնոյ մէջ կամ շրջակայքը ապրեցաւ, եւ որուն երեսը լուսաւոր էր, բոլորաձեւ, նման՝ լիալուսինի, եւ ներշնչեց սիրոյ տաղերու մեր սիրուած տաղասացը։ Դժուար է ստուգել։ Բայց յայտնի է, թէ ան տպաւորիչ էր եւ պայծառ։ Բայց մենք, այժմ հանգիստ տանք, որ քսանամեայ Կարնեցին արժանանայ այդ գեղադէմ երեսի տեսոյն, երթանք քիչ անդին ու զրուցենք «երես» բառի մասին։ Միջոցին, կրնանք նաեւ դարերու ընթացքին գրի առնուած երգերու եւ բանաստեղծութիւններու օգնութեամբ երեւակայել, թէ ի՛նչ գեղեցիկ երեսներ եկեր-անցեր են ներ հայրենի աշխարհէն։
«Երես» բառի ծագումը յայտնաբերելու համար, եկէ՛ք, հայցենք ստուգաբանութեան օգնութիւնը։ Բառը զուտ հայկական է, ինչպէս զուտ հայկական են մեր յօնքն ու թարթիչը, մեր աչքն ու քիթը։ «Երես» բառը հայկական լեռնաշխարհի մէջ առաջին անգամ յայտնուեր է մեր լեզուի կազմութենէն ալ առաջ։ Ըստ լեզուաբաններու, գոյութիւն է ունեցեր հնդեւրոպական նախալեզու եւ այդ լեզուն ունեցեր է պրըպսք արմատը, որ կը նշանակէր «երեւիլ, երես, կերպարանք, աչքի իյնալ»։
Կարնեցիէն երկու հարիւր տարի առաջ, կը յիշէ՞ք, անոր ծննդավայրէն հարաւ, շատ հարաւ, Վանայ ծովու ափերուն ապրած էր մէկ այլ աշուղ՝ Նահապետ Քուչակը։ Եւ այդ սիրահար տղան ինչպէ՞ս նկարագրէր իր եարը՝ իր լուսաւոր սէրը։ «Երես» բառը դարձեալ եկաւ յարմար։ «Ահա՛ հողեղէն լուսին ի գրկիս եւ երեսն երեսիս...», «Թուխ աչք եւ ունքեր ունիս, լայն ճակատ ու կարմիր երես...», «Բռնեցի ու պինդ պագի զիր երեսն խիստ կարօտով...»։
«Երես»ը, սրամիտ բառ, սիրեց տեսակաւոր դիմակներ օգտագործել եւ տարբեր կերպարանք ստանալ, դառնալ՝ բազմերես։ Ցուցադրենք մէկ-երկու հատը. վերմակի երեսը, ծածկոցի երեսը, ձեռքի երեսը, զգեստի երեսը, մուճակի երեսը, կաթի երեսը, էջի երեսը... Բառը նաեւ նշանակեց «համարձակութիւն, յանդգնութիւն» եւ զայրացած ըսինք, «Ի՞նչ երեսով հոս կու գաս»։ Կեղծաւորներու նկատմամբ կարծիք յայտնեցինք, անոնց արտաքին երեւոյթը ակնարկելով. «Երեսը բարի է, հոգին՝ օձ»։ Ձեռագիր էջի իւրաքանչիւր կողմին ալ ըսինք «երես» եւ այդ իմաստը ձեռնտու եկաւ գրագէտ Վրթանէս Փափազեանի գրիչին. «Միքայէլեանի յօդուածը երեք երես է...»։ Իսկ հողագործ մեր գեղջուկներու համար «երես» բառը ունեցաւ գործնական իմաստ, երբ ան նշանակեց «հնձուած, հաւաքուած բերք», ինչպէս՝ «արտի երեսը», «այս տարուայ երեսըե։ Ժողովուրդի համար ի՛նչ հաճելի էր երեսի խաղեր ընել ու «երես»ով առածներ հնարել, բոլորն ալ վերին աստիճան պատկերալից՝ վերին աստիճան ծիծաղելի։ Դիտենք զանոնք... Երեխաները երես կ՚առնեն, ընկերդ երես կը դարձնէ, փափկասիրտ հայրերը երես կու տան, աշակերտը տուն կու գայ երեսը կախ, դժգոհ հարսը երեսը կը թթուացնէ, պճնասէր տիկիններ իրենց երեսը կը ծեփեն, լիրբը երեսին միւռոն չ՚ունենար, կամ երեսը պատռած կ՚ըլլայ, ամօթխածին երեսը փափուկ կ՚ըլլայ, շատ գեղեցիկին երեսէն լոյս կը ծորի, իսկ տգեղին երեսէն ձուածեղ չ՚ուտուիր։ Մենք ունեցեր ենք երեսի վրայ թողուած քաղաքներ, երեսի վրայ թողուած որբեր, երեսի վրայ թողուած ժողովուրդ։ Տեսեր ենք նաեւ մարդիկ, որոնք, ըստ ժողովրդական առածի՝ երեսին կը թքնես՝ կ՚ըսէ անձրեւ է։ Իսկ կան խորամանկ մարդիկ, որոնք, դարձեալ ըստ ժողովուրդի պատկերացումով՝ «երեսից քահանայ են, տակից սատանայ»։
1905 թուականն է։ Քսանամեայ Վահան Տէրեանի սրտաբեկ ու մթագնած քնարի համար լոյսի մէկ շող գոյութիւն ունի՝ սիրուհիին երեսը.
«Դու կը գաս ու կրկին հեքիաթով
կը դիւթես,
Լուսերես, կը ցրես մառախուղն իմ հոգու»։
Բարդութիւննե՞ր... Անշուշտ ունեցաւ։ Յարգելի ընթերցող, քիչ չեն այն բառերը, որոնք «երես»ով կը վերջանան.- Վարդերես, դիմերես, դարձերես, լուսերես... Բայց, աւելի երեւելի են այն բառերը, որոնք «երես»-ով կը սկսին, թիւով՝ 120-ի չափ։ Չափազանցութիւն պիտի ըլլար բոլորը գրաշարել։ Յիշենք անոնք, որոնք իրենց հարուստ եւ պատկերալից պարունակութեամբ մեր լեզուի երեսը կը ճերմկցնեն, (կամ՝ ամօթ կը պատճառեն). Կարմրերես, դժոխերես, երեսաթափ, խորշոմերես, երեսահերկ, երեսապաշտ, երեսաքօղ, երեսծեծանք, երեսթքանք։ Ածական դարձաւ նաեւ «երես»ին՝ բացակայութիւնը... աներես։ Ունինք նաեւ բառ մը, պարունակութեամբ յարափոփոխ, որ չենք գիտեր, թէ ո՛ր խումբին կը պատկանի... երեսփոխան։ Եւ, ի՛նչ զարմանալի բան, այս բառն է, որ առաջին անգամ հայկական գիրքի մը երեսին վրայ դարձաւ տիտղոս։ 1860 թուականին, պոլսոյ մէջ լոյս տեսած «Հրահանգ վասն ընտրութեան ազգային երեսփոխանաց» գիրքն էր անիկա։ Իր երեսին վրայ «երես» բառը ունեցող յաջորդ ինը գիրքերն ալ «երեսփոխանաց» մասին էին։ Եւ ահա այն միակ գիրքը, որուն խորագիրը քաղաքական բնոյթ չունէր. «Հերոսը. Մի երես յունական պատմութիւնից»։
«Երես» բառը շատ անգամ պահեց իր պարզութիւնն ու անմեղութիւնը ու դարձաւ մանկական երգ։ Աթաբեկ Խնկոյանի ամենասիրուած քառեակը՝ չորս-հինգ տարեկաններու համար. «Լուսին, լուսին, լուսերես, ինչքան ինչքան կլոր ես։ Լոյս ես տալիս գիշերով, քու վառվռուն թշերով»։
Լուսնի լոյսի տակ, ակնցի, խարբերդցի, կարնեցի եւ սեբաստիացի երազկոտ սիրահարը, գետեզրին, իր եարի հետ ուռենիի մը տակ նստած, դարձաւ անոր ու ըսաւ՝ լուսէրես, Տիգրանակերտի եւ Համշէնի մէջ՝ լուսէրիս, Վանայ ափերուն՝ լուսիրես, Հաճնոյ մէջ՝ լուսիյէս, Ագուլիսի եւ Մոկքի մէջ՝ լուսիրիս, իսկ Զայթունի մէջ՝ լուսիրիս կամ լուսիյիս։
Այսօր մերօրեայ աշուղներն ու տաղասացները, ինչպէս Ռուբէն Հախվերտեանը, կը շարունակեն երգել երեսին լուսադէմ գեղեցկութիւնը.
Իմ սիրելի իմ լուսերես, էս երգը նուիրում եմ քեզ...
Իմ սիրելի իմ լուսերես, դու ինձ ի հարկէ կը ներես։
Իմ սիրելի իմ լուսերես, երբ իմ այս երգը դու լսես,
Դու ինձ հիմա լուռ կը յիշես, երբ իմ երգերն այցի գան քեզ։