ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
«Պարեց Սասունն, ու ողջ աշխարը հիացաւ,
Պարեց Սասունն, ու ողջ աշխարը հասկացաւ,
Որ պար չէ սա, այլ մի երկրի քաջ պատմութիւն,
Ուր պարտութիւնն անգամ ունի հպարտութիւն»
Գէորգ Էմին
Զարկէ՛ք ձեր ոտքերը ուժգին։ Զարկէք, որ անհետանան սեւ ամպերը երկրէն։ Մութ գիշերուայ խորքից յորդող յաղթանակի ձայն մը տուէք։ Նազելիի սիրտը զեփիւռի մը նման է, շատ անգամ ձայնի մը թեքում կ՚ունենայ։ Տղէք ուշքին զարկէք ձեր ոտքերը՝ լսեն ու թեքուին դէպի ձեզ, որ պարէք ցմահ։
Պատմութիւնը ժողովրդական պարերու մէջ լոյս կը տեսնէ։ Երբեմն արարողութիւն մըն է պարը, իսկ երբեմն այդ արարողութեան մէջ պահւըտող իրականութիւն մը։ Ինչքան բախտաւոր ենք հին հեթանոսական պարերը մինչեւ օրս պարելու առիթը ունենալով։ Օրինակ «Շալախոն»։ Ասկէ երկու հազար տարի առաջ մեր հեթանոսական ծէսը հիմա պար բռնած, բեմ հանած ենք նոյն ոգիով։ Աստուած իմ այս աշխարհագրական հատուածի վրայ քանի՞ ժողովուրդ արժանացած է նման աւանդոյթը կենդանի պահելու։ Աշխարհի վրայ քանի՞ բանակ կայ, որ աշխարհակործան պատերազմի մը աւարտը յայտարարած պահուն զինուորները իրենց վերարկուներուն գրպաններէն հանեն զուրնա եւ միասնաբար «Քոչարի» պարեն յաղթանակը տօնելու համար։ Իրաւ ալ Կարպիս Չափքանի գլխաւորած պարախումբը իր 74 փոքրիկ, 38 պատանի եւ 46 արհեստավարժ պարողներով հայ մշակոյթի բանակի մը տպաւորութիւնն է, որ կը թողու։ Դիտելով բեմին վրայ Կարպիս Չափքանը հիացումով կը լցուիմ անոր նուիրումին հանդէպ։ Կարպիսի անմիջական կողքին են, իր կողակիցը Իրիս Չափքան եւ խումբի վաստակաւոր պարուսոյց Սարեմ Քիւլեկեչ Շեշեթեանը։
«Մարալ» այս անգամ Ֆուլեայ գեղարուեստի կեդրոնին մէջ ելոյթ ունեցաւ Համաշխարհային պարի օրուայ շրջանակով։ Ներկայացուց հայ պարարուեստի լաւագոյն պարագրութիւններէն նմուշներ, որոնք երկար շաղկապ մը կը հիւսէն ազգագրական եւ ժողովրդական աւանդական պարերէ մինչեւ ժամանակակից պարուսոյցներու ուրոյն յղացումներ։ Այսպէս իրար յաջորդեցին «Բերդ պար», «Երեւանի շուրջպար», «Շալախօ», «Հովիւներու պար», «Սարերու հովին մեռնեմ», «Տիգրանիկ», «Իլիկներու պար», «Հանիննա», «Կոմիտաս», «Լեզկինկա», «Ազգագրական պարերի շարան», «Հոյ Նազան իմ եարը», «Սայաթ Նովա», «Հայ պար», «Հարսանիքի պար», «Տրապիզոնցիներու պար», «Գարնանային անուրջներ», «Քոչարի- Վերվերի» պարերը։
Հիմնարկութենէն սկսելով «Մարալ» պարախումբի բոլոր ներկայացումները նոր մարտահրաւէրի մը բնոյթը կ՚ունենայ եւ այդ աւանդութենէն բացառուած չէր նաեւ այս վերջինը։ Կ՚երեւի թէ յաջողութեան գաղտնիքը թաքնուած է նախ յամառ աշխատանքի եւ ապա արհեստավարժ բծախնդրութեան մէջ։ Այդ բծախնդրութիւնը իր դրսեւորումը կը գտնէ տարազներու պատրաստութենէն մինչեւ ամենաաննշան, բայց բեմի վրայ տեսնուող բոլոր նիւթերու համար։ Անշուշտ Հայաստանի պարարուեստէ ներս արձանագրած բոլոր նուաճումներն ալ իրենց ցոլացումը կ՚ունենան «Մարալ»ի բեմին վրայ։
Վերջապէս Վանուշ Խանամիրեաններէ, Սուրէն Չանջուրեաններէ, Խաչիկ Աբէլեաններէ, Յակոբ Քըլըչներէ, Պենոն Քուզուպաշներէ ժառանգուած աւանդոյթի մը մերօրեայ պահապանն է Կարպիս Չափքան, որ արժանի կերպով կ՚արդարացնէ իրենց փոխանցուած հսկայ հարստութիւնը։