Փոխանորդին ի-մակները Դ.

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Հայաստանի իրադարձութիւնները կը սկսին հետզհետէ իրենք զիրենք երեւելի դարձնել նաեւ Արամիկ Աթէշեանի նամակներուն մէջ։ Թեթեւ դող մը կը նշմարենք հոն. չըլլա՞յ որ յանկարծ այդ հոսանքը հասնի նաեւ Պոլսոյ ափերը։ Բայց ապահով է Արամիկը, որովհետեւ լաւ կը ճանչնայ իր հօտը եւ գիտէ որ անհնազանդ չի գտնուիր ան հոգեւոր իշխանութեան դէմ, գիտէ որ ոչխարի համակերպուածութեամբ կը հետեւի իր ու իր մարդոց, խորհրդակցական մարմինի տասներկու անմահներուն, ինչպէս նաեւ բարերարներու ու թաղականներու յորդորներուն։

Անակնկալ մըն ալ ունինք այսօրուան նամակներուն մէջ։ Համայնքային յայտնի գործիչ Արտաշ Արծաթեան ա՛լ կը դադրեցնէ իր հակաաթէշեանական պայքարը եւ կ՚ընդունի որ ան լաւ առաջնորդ մըն է, մաքիաւելիստ մը բառին իսկական առումով, որ կրցած է անհաշտ տարրերը բերել քով քովի, յանուն իր իշխանութեան ամրապնդման։

Ուրեմն հրամմեցէ՛ք…

*

Պաշաքշեհիր, 31 Մարտ 2018

Սիրելի պարոն Արմոն,

Մօտիկէն կը հետեւիմ Հայասանի իրադարձութիւններուն։ Իրապէս որ խայտառակութիւն է։ Պետութեան օրինական ձեւով պաշտօնի կոչուած վարչապետը պաշտօնանկ ընել ի՞նչ ըսել է։ Լսած ըլլալու ես, ոմանք Հայաստանի երիտասարդներէն ուժ առնելով կ՚ուզեն ինծի դէմ գալ։ Բայց դուք ճիշդ էք, պարոն Արմոն, քանի դեռ ղուզիի պէս, հաւատացեալ երիտասարդներ ունինք՝ կռնակս գետին չի գար։ Մեղա՜… Ես որ Տիգրանակերտի եկեղեցին շինել տուած եմ, Գումգաբուին փողոցը շինել տուած եմ, Աղթամարին խաչը տնկել տուած եմ, կուսակալին թուղթն ալ առնելով խորհրդակցական մարմին մը կազմած եմ աթոռէ՞ս պիտի ըլլամ։ Աթոռ ըսի միտքս եկաւ… Աթոռին մասին գրածներս կարդացի՞ր ֆէյսպուքին մէջ։ Հաւատացեալները հաւնած ու մաղթած են որ արժանի ըլլամ այդ աթոռին։ Հրաշալի՜ ժողովուրդ։ Հայաստանցիներուն պէս անհաւատ ու անիշխանական չեն, յարգել գիտեն…

Պարոն Արմոն, դրացիդ նեղուեր է ինձմէ որ ազգօգուտ հարեւանին եօթանասուն մը աւելի տուած եմ։ Դուն այդ եօթանասունը իրեն տուր, ես յետոյ ձեւով մը կը կարգադրեմ, կու տամ քեզի։ Զատիկէն ետքը հարսնիքները, կնունքները կը սկսին ինտոր է նէ…

Յաջորդ ժողովին չուշանաս, աչքդ սիրեմ։ Սիրունեանը, գիտես, բացակայած էր, ինչե՜ր ըսին։

Կնիկիդ թապլօներուն խենթ կ՚ըլլամ։ Մոսկուայէն ուզեցին մէկ-երկու հատ։ Թող պատրաստէ, որ հոն պիտի ուղարկեմ։

Ցտեսութիւն՝

Փոխանորդ

*

Գումգաբու, 5 Ապրիլ 2018

Սիրելի պարոն Շիշմանեան,

Կարծած էի, թէ կաթողիկոսին ինծի տուած նեցուկը իմ անձիս համար է։ Սակայն տեսայ հիմա որ ընդհանրապէս իշխանութիւնն է որ կը պաշտպանէ ան։ Սերժ Սարգսեանը կամ Հանրապետական կուսակցութիւնը իշխանութեան վրայ պահելու համար կը պատռտուի։ Կը տեսնենք ըրածները։ Չտեսածներնիս չեմ պատկերացներ ալ։ Բայց թէ ի՛նչ շահ ունի՝ ատիկա չհասկցայ։ Վարպետ մարդ է ու իմ ալ վարպետս է։ Իբր թէ ժողովուրդին հետ է բայց… Լա՛ւ, աւելին չգրեմ, դուն հասկցար արդէն…

Արամ կաթողիկոսէն զգուշանալու է։ Ինչ ընելիքը յայտնի չ՚ըլլար։

Երրորդ տասը հազարը շուտով կը ստանաս։

Ժողովին չուշանաս։

Փոխանորդ

*

Սրբազան հայր,

Մի՛ զարմանաք որ նստած նամակ կը գրեմ ձեզի։ Այո, տարիներէ ի վեր անհաշտ պայքար մը մղած եմ ձեզի դէմ, սակայն վերջնականապէս համոզուեցայ որ ճշմարիտ առաջնորդ մըն էք, սրբազան հայր։ Զիրար ատող Սիրունեանը եւ Անժպիտեանցը, երսունհազարեայ «Փափարա»ն եւ հարիւրհազարեայ «Շագանակ»ը, դռնապան Կարմիրեանն ու դրանիկ Քարափեանը քով քովի սեղանի մը շուրջ կրցած էք հաւաքել։ Դուք ալ գիտէք, որ Տիգրանակերտի եկեղեցին շինել տալէն, Գումգաբուին փողոցները նորոգելէն կամ Աղթամարին գլխուն խաչը անցընելէն աւելի դժուար է աս մարդիկը քով քովի բերելը։ Ապրի՛ք։

Եւ յետոյ ինչպէ՞ս կրնաք ձեզի դէմ եղած այսքան հակառակութիւնը, կատարուած բողոքները, հրապարակուած յօդուածները անտեսել։ Ասիկա ալ մեծ հերոսութիւն մըն է, սրբազան հայր, ինչքան որ ալ ոմանք, կը ներէք արտայայտութեանս, աներեսութիւն որակեն։ Գայլի սի՞րտ կերած էք, ի՛նչ է։

Անշուշտ պետութեան նեցուկը ապահովելնիդ ձեր ամենամեծ նուաճումն է։ Պիտի չհարցնեմ թէ ինչ ձեւով ապահոված էք այդ միջոցը։ Վերջապէս, աս գործերը, ես ալ շատ լաւ գիտեմ, ձեր սեւ ու անուշ աչքերուն կամ սեւ ու կամար յօնքերուն համար չ՚ըլլար։ Պիտի չհարցնեմ, թէ ինչ խոստացած էք աթոռ մը շահելու դիմաց։ Բայց լաւ ըրած էք։ Մեծ մաքիաւելիստ մըն էք, սիրելի սրբազան։ Մաքիաւելը չգիտնալու աստիճան ալ անգէտ մը ըլլալնիդ գիտնալուս՝ «նպատակը կ՚արդարացնէ միջոցը» խօսքը մաքիաւելիզմին ամփոփումը ըլլալը կ՚ուզեմ յիշեցնել ձեզի։ Պատրիարք ըլլալու համար բոլոր միջոցները կը տեսնեմ որ անխնայ պիտի գործածէք։ Դուք գիտէք։ Միայն թէ գոնէ յիշեցէք որ ժողովուրդ մըն ալ կայ։ Անոնք հիմա ձեզ չեն սիրեր, բայց գոնէ անոնց համակրանքը շահելու ալ ջանացէք։ Իմ խորհուրդս ասիկա է միայն։

Վայելէ առաջնորդութեանդ պտուղները։

Յարգանքով՝

Արտաշ Արծաթեան

*

Սիրելի սրբազան,

Անցեալ օր Երկրպագեան քահանան հանդիպեցաւ։ Քանի-քանի ընտանիքներու տաներէցն է, մեռել մը ըլլայ նէ անմիջապէս իրեն կու տամ, սակայն, սրբազանս, գիտցիր որ ետեւէդ կը նետէ-կը բռնէ կոր։ Կ՚ըսէ որ բոլոր քահանաները զզուած են, ալ չեն ուզեր այսպէս շարունակուի, ամիսը անգամ մը եկեղեցի կը փոխուի՞ եղեր, երկու-երեք եկեղեցի նայող քահանան մէկ ամսականով կ՚ապրի եղեր… Տահա ինչե՜ր, ինչե՜ր… Կ՚ըսէ, որ զինքը երկու եկեղեցիի վրայ նշանակած էք, բայց միայն մէկ եկեղեցիէն ամսական կ՚առնէ, իսկ միւս եկեղեցիին ամսականն ալ ձեր գրպանը կը մտնէ եղեր… Չըլլալիք խօսքեր։ Ուշադիր եղիր սրբազանս։ Ես քեզի ըսեմ տէ դուն ընելիքդ գիտես…

Աւելի առաջ ալ ըսած էր որ քեզի քուէարկած է ընտրութեան ատեն։ Սո՛ւտ է, չհաւատաս…

Սիրով՝

Հաստպեղեան

 

Փոխանորդին ի-մակները Դ.

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ