Ապրիլ 19-ի երեկոյեան, Ֆրեզնոյի Հայկական թանգարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ երախաներու ստեղծագործութեանց նուիրուած ցուցահանդէս մը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Մայիս 19։
Ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուած են արուեստագէտ եւ Ֆրեզնոյի Արուեստի հիմնարկի տնօրէն՝ Սոնա Աթոյեանի 6-էն մինչեւ 16 տարեկան աշակերտներուն գծագրութիւնները։
Ֆրեզնոյի Հայկական թանգարանը հիմնուած է 2003-ին եւ կը գտնուի Քալիֆորնիոյ համալսարանի կեդրոնի համալիրին մէջ եւ բաց է երկուշաբթիէն ուրբաթ, ժամը՝ 10.00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 18.00, իսկ շաբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը՝ 10.00-էն մինչեւ ժամը 13.00։