Համբարձում

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksana.karapetian@gmail.com

Այս տարի Մայիսի 10-ին՝ Զատկից 40 օր յետոյ, Հայոց եկեղեցին կը նշէ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը։ Քրիստոս Յարութենէն յետոյ 40 օր կը մնայ երկրի վրայ, կը քարոզէ առաքեալներուն եւ իր հետեւորդներուն, ապա երկինք կը համբառնայ։

Կաթնապրի կը կոչուի նաեւ տօնը՝ թերեւս հին, նախաքրիստոնէական փառքերը յիշեցնող սովորութեան մը համաձայն։ Կաթնապուր կ՚եփեն եւ այն կը ցօղեն դաշտերում, արտ ու հանդերում, որպէսզի մայր հողը բերքառատ ըլլայ։

Հին սովորութիւններէն մէկն է նաեւ վիճակ հանելը, այդու վիճակ կը կոչուի տօնը։ Համբարձումը միշտ հինգշաբթի օրը կ՚ըլլայ, իսկ չորեքշաբթի առաւօտ կը սկսէր վիճակը։

Աղջիկները խմբերի բաժնուած՝ եօթնական հոգի ամէն խմբում, առտու կանուխ լռելեայն կը շտապէին դէպի սարերն ու լանջերը՝ եօթ տեսակ ծաղիկ, եօթ տեսակ ծառէն եօթ տեսակ տերեւ, եօթ աղբրէն եօթ բուռ ջուր եւ եօթ հատ քար հաւաքելու եւ ամէնը փարչի մը մէջ ժողվելու։

«Փարչեր դնենք մեր փիճին,

Էրթանք առաջ Կաթնաղբիւր,

Ջուր լեցնենք մենք ընկէ,

Փարչերուն մէջ ու դառնանք,

Էրթանք մէկ մըլ Տողաղբիր,

Ենկէ էրթանք Պաղաղբիր,

Քամուն աղբիրն ալ էրթանք,

Սեւ հատիկի պաղ, զուլալ,

Ջուրն էլ առնինք ու դառնանք,

Էրթանք գեղին Մէնծ աղբիրն,

Մեղրիկ ջուրն ըլ չի մոռնանք»։

Նաեւ ծաղկեպսակներ կը հիւսէին եւ Համբարձման օրը դրանցմով զուգուած կը շտապէին տօնախմբութիւններուն։ Ծաղկահաւաք կամ Ճանկիւլիւմ կ՚անուանէին սա։ Որոշ վայրերում, սակայն, դհոլ-զուռնայով, երգ ու պարով կ՚ուղեկցէին աղջիկներուն։

Բասենում աղջիկները մինչ ծաղիկ հաւաքելը, երեսները կը դարձնէին դէպի արեւելք, դէպի Ալատաղ սարը՝ երգելով.

«Ալատաղ, բարձր Ալատաղ,

Աստծուն մօտիկ Ալատաղ,

Կը խնդրենք Աստուծմէն, քեզէն՝

Օր տաք մեզ բարի վիճակը խաղ»։

Ապա այս անգամ էլ ծուռ էին տալիս երեսները դէպի հարաւ, նոյնպէս արեւի վաղորդեան շողերով ու իր յաւերժական ճերմակ ձիւներով շաղփողփող վեհատեսիլ Սուկաւետ սարն ու մրմնջում.

«Սարերու իշխան Քոսատաղ,

Սրբերու գերեզման Քոսատաղ,

Դու էլ մեր մուրազը կատարի,

Տուր մեզի բախտով վիճակը խաղ»։

Այնուհետեւ աղջիկները իրենց կուժը պահ կը դնէին ծածուկ մի տեղ, որպէսզի տղաները չկրնան գտնել այն, բայց անպայման բաց երկնքի տակ, որպէսզի այն իր մէջ առնէ գիշերային աստղազարդ երկնքի զօրութիւնը. «Աստղունք» կ՚անուանէին այս մասը։

Տղաներն ալ կը ջանային օր առաջ գտնել այդ կժերը եւ դրանով պարծենալ.

«Վիճակ դրինք վըր բլին,

Ճան ծաղիկ, ճան, ճան,

Փստաց, ընկաւ մըջ տղին,

Ճան վիճակ, ճան, ճան…»

Այն փարչը, որը «գերի չէր ընկնում» տղաների ձեռքը, մասնակցում էր վիճակին…

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ