Կարգը եկած է «Մերժիր Հանրապետականը» արշաւին

ԱԼԻՆ ՕԶԻՆԵԱՆ

Հայաստանի մէջ բեր­ման են­թարկուելէ կարճ ժա­մանակ վերջ ազատ ար­­ձա­­­կուած ընդդի­­մադիր ղե­­կավար Նի­­կոլ Փա­­շինեան 23 Ապ­­րի­­­լին յայ­­տա­­­րարեց ժո­­ղովուրդին յաղ­­թա­­­նակը։ Փա­­շինեանի յայ­­տա­­­րարու­­թեան յա­­ջոր­­դեց Սերժ Սարգսեանի հրա­­ժար­­ման լու­­րը եւ Երե­­ւան 11 օր տե­­ւող բո­­ղոքի ցոյ­­ցե­­­րէն ետք մատ­­նուեցաւ ցնծու­­թեան մթնո­­լոր­­տի։ Ժո­­ղովուրդը ող­­ջա­­­գու­­րուեցաւ իրա­­րու ու ապա ու­­րա­­­խու­­թիւնը կի­­սեց 11 օր շա­­րու­­նակ դէմ առ դէմ մնա­­ցած ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րուն հետ։ Խնջոյ­­քի սե­­ղան­­ներ սար­­քուեցան փո­­ղոց­­նե­­­րու վրայ եւ ինքնա­­շարժներ իրենց ազ­­դանշա­­կան աղ­­մուկով թնդա­­ցու­­ցին ամ­­բողջ քա­­ղաքը։

Սերժ Սարգսեանի վար­­չա­­­պետի պաշ­­տօ­­­նէն հրա­­ժարե­­լէն ետք կը նա­­խատե­­սուէր ժա­­մանա­­կաւոր վար­­չա­­­պետ Կա­­րէն Կա­­րապե­­տեանի եւ Նի­­կոլ Փա­­շինեանի 25 Ապ­­րիլ չո­­րեք­­շաբթի օր մէկ­­տե­­­ղու­­մը։ Այդ հան­­դի­­­պու­­մը չի­­րակա­­նացաւ, քա­­նի որ նա­­խապէս Սերժ Սարգսեանի վար­­չա­­­պետու­­թեան ուղղուած «Մեր­­ժիր Սեր­­ժին» շար­­ժումը հետզհե­­տէ կը վե­­րածուի «Մեր­­ժիր Հան­­րա­­­պետա­­կանին» կար­­գա­­­խօսին։

Ար­­դա­­­րեւ Նի­­կոլ Փա­­շինեան 24 Ապ­­րի­­­լին օտար եր­­կիրնե­­րու թղթա­­կից­­նե­­­րուն հետ ու­­նե­­­ցած հան­­դիպման պա­­հուն յայտնած է, թէ նոր վար­­չա­­­պետը Հան­­րա­­­պետա­­կան պի­­տի չըլ­­լայ։ Ան աւել­­ցուց նաեւ, թէ իր ներ­­կա­­­յացու­­ցած շար­­ժումը կը վա­­յելէ Հա­­յաս­­տա­­­նի հա­­սարա­­կու­­թեան 90 տո­­կոսի աջակ­­ցութիւ­­նը։ «Իսկ սփիւռքը ան­­վե­­­րապահ մեր կող­­քին է» աւել­­ցուց Փա­­շինեան։ Թղթա­­կից­­նե­­­րը ու­­զե­­­ցին գիտ­­նալ, թէ ինք թեկ­­նա­­­ծու է՞ վար­­չա­­­պետու­­թեան պաշ­­տօ­­­նին։ «Եթէ ժո­­ղովուրդը նման պա­­տաս­­խա­­­նատուու­­թիւն բեռցնէ ես չեմ մեր­­ժեր։ Ստի­­պուած ենք թա­­փան­­ցիկ ընտրու­­թիւննե­­րը երաշ­­խա­­­ւորե­­լու։ Քա­­ղաքա­­կան ճգնա­­ժամը սկսաւ ժո­­ղովուրդին ընտրու­­թեան ար­­դիւնքնե­­րուն հա­­ւատք չու­­նե­­­նալով։ Ու­­րեմն մեր առա­­ջին գոր­­ծը պի­­տի ըլ­­լայ ընտրու­­թեան օրէն­­քը փո­­խել»։ Իսկ իշ­­խա­­­նու­­թեան հետ հա­­մաձայ­­նե­­­լու վար­­կա­­­ծին պա­­տաս­­խա­­­նելով յայտնեց, թէ Հան­­րա­­­պետա­­կան կու­­սակցու­­թիւն մը այ­­լեւս գո­­յու­­թիւն չու­­նի, մնա­­ցածը ուրուականն է միայն։

Մինչ այդ Հա­­յաս­­տա­­­նի սփոր­­տի եւ երի­­տասար­­դութեան ժա­­մանա­­կաւոր նա­­խարար Հրաչ Ռոս­­տո­­­մեան պա­­հի թե­­լադ­­րանքը գնա­­հատե­­լով հրա­­ժարե­­ցաւ իր պաշ­­տօ­­­նէն։ Ռոս­­տո­­­մեան մաս կը կազ­­մէ Բար­­գա­­­ւաճ Հա­­յաս­­տան կու­­սակցու­­թեան եւ այս շար­­ժումն ալ միացած է ընդդի­­մադիր­­նե­­­րու խմբա­­կին։

Նի­­կոլ Փա­­շինեան 25 Ապ­­րի­­­լին հան­­դի­­­պում մը ու­­նե­­­ցաւ ԵՄ-ի ան­­դամ եր­­կիրնե­­րու դես­­պաննե­­րուն հետ։ Այս հան­­դի­­­պու­­մէն ետք դի­­մատետ­­րի իր էջի մի­­ջոցաւ յայ­­տա­­­րարեց, թէ յա­­ռաջի­­կայ օրե­­րուն պի­­տի տե­­սակ­­ցի նաեւ Ռու­­սիոյ դաշ­­նութեան եւ ԱՄՆ-ի Երե­­ւանի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րուն հետ։

Ռու­­սաստան բա­­ւական չէ­­զոք դիրք կը պա­­հէ Հա­­յաս­­տա­­­նի քա­­ղաքա­­կան ալե­­կոծումնե­­րու նկատ­­մամբ։ Կրեմ­­լի բան­­բեր Տի­­միթ­­րի Փես­­քով գո­­հու­­նա­­­կու­­թիւն յայտնեց Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ կա­­յու­­նութեան պահ­­պանման հա­­մար։ «Կը յու­­սանք թէ մօտ ապա­­գային քա­­ղաքա­­կան հա­­մաձայ­­նութեան մը գլխա­­ւոր գի­­ծերը պի­­տի յստա­­կանա­­նան»։ Փես­­քով նաեւ ընդգծեց Հա­­յաս­­տա­­­նի կա­­րեւո­­րու­­թիւնը եւ աւել­­ցուց, որ Հա­­յաս­­տա­­­նի քա­­ղաքա­­կան ալե­­կոծումնե­­րը չեն ըն­­կա­­­լեր Ուկրա­­նիոյ նման յե­­ղափո­­խու­­թեան մը օրի­­նակով։ Նշենք, որ Փա­­շինեանի կազ­­մա­­­կեր­­պած հան­­րա­­­հաւաք­­նե­­­րու ըն­­թացքին հա­­կառուս կար­­գա­­­խօս մը չէ լսուած եւ յայ­­տա­­­րարուած է թէ հա­­ւանա­­կան կա­­ռավա­­րու­­թեան փո­­փոխու­­թե­­­նէ մը ետք Ռու­­սաստա­­նի հետ յա­­րաբե­­րու­­թիւնը պէտք է նոյն եղա­­նակով ըն­­դա­­­նան։

Ան­­շուշտ այս նշումնե­­րը բա­­ւակա­­նին կա­­րեւոր են, քա­­նի որ Սերժ Սարգսեանի ուղղուած քննա­­դատու­­թիւննե­­րէն մէկն ալ Ռու­­սիոյ նա­­խագահ Փու­­թի­­­նի հետ ու­­նե­­­ցած սերտ կա­­պերն էին։

Այս պա­­հուն ու­­շադրու­­թիւննե­­րը ուղղուած են խորհրդա­­րանի ձայ­­նե­­­րու աղիւ­­սա­­­կին։ Ելք դա­­շին­­քը եւ Բար­­գա­­­ւաճ Հա­­յաս­­տան միաս­­նա­­­բար ու­­նին 40 պատ­­գա­­­մաւոր­­ներ։ Եթէ Հան­­րա­­­պետա­­կան կամ Դաշ­­նակցա­­կան կու­­սակցու­­թիւննե­­րէ 13 ձայ­­ներ եւս ապա­­հովուի, բա­­ւարար է Նի­­կոլ Փա­­շինեանի վար­­չա­­­պետու­­թեան հա­­մար։

Գո­­յացած յաղ­­թա­­­նակի տրա­­մադ­­րութեան մէջ հի­­մա ծայր տուած է օլի­­կարխնե­­րու դէմ պոյ­­քո­­­թի ար­­շաւ մը։ Փո­­ղոց իջ­­նող զան­­գուածը օլի­­կարխնե­­րու պատ­­կա­­­նող ըն­­կե­­­րու­­թիւննե­­րու ցան­­կեր կը ցրուեն եւ ժո­­ղովուրդը կը զգու­­շացնեն այդ ըն­­կե­­­րու­­թիւննե­­րէն առեւ­­տուր չը­­նելու հա­­մար։ Թե­­րեւս քիչ մըն ալ այս պատ­­կե­­­րը տես­­նե­­­լով Կա­­րէն Կա­­րապե­­տեան կ՚ազ­­դա­­­րարէ թէ ներ­­կայ ըն­թացքը կրնայ վնա­սել երկրի տնտե­սու­թեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ