Դարադարձը յատուկ նշանակութիւն ունեցող տարի մը եղաւ 1915-ի ցեղասպանութեան 50-ամեայ պատմութեան մէջ։ Իսկ անցնող վերջին երեք տարիները հետզհետէ սովորութիւն դարձած արարողակարգի մը կրկնութեան բնոյթը կը կրէ։ Արդարեւ այս տարի ալ Ապրիլ ամսու քսանական օրերը երկրագունդի զանազան կէտերու վրայ յիշատակման երեւոյթներով լեցուն էին։ Իբրեւ բացասական օրինակներ կրնանք յիշել Հոլանտայի մէջ բացումը կատարուած ցեղասպանութեան յուշարձանի մը քանի մը օր ետք դատական որոշումով իր տեղադրուած վայրէն հեռացուիլը։ Երկրորդ տհաճ երեւոյթը տեղի ունեցաւ Պոլսոյ մէջ, ուր ոստիկանութիւնը «ցեղասպանութիւն» բառը առարկելով արգելք հանդիսացաւ Մարդու իրաւունքներու միութեան Սուլթանահմետի մէջ, նախկին Կեդրոնական բանտի առջեւ կայանալիք յիշատակման։
Անգամ մը եւս աշխարհասփիւռ հայութիւն եւ Թուրքիոյ քաղաքական այրերը շնչերնին կտրած սպասեցին Թրամբի պատգամին, ուր անգամ մը եւս հիասթափութեամբ տեսան, թէ ան չէ գործածած «ցեղասպանութիւն» բառը։ Իսկ փոխարէնը Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոն Ապրիլ 24-ի ուղերձին մէջ նշեց քառասնօրեայ դիմադրութենէ ետք Մուսա Լերան հայոց փրկութեան փութացող ֆրանսական ռազմանաւերու պատմութիւնը։
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի այս տարուայ պատգամը ընթերցուեցաւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Հոգեհանգստեան պատարագի պահուն։ Էրտողան իր պատգամին մէջ յարգանքով կը յիշատակէր Ա. Աշխարհամարտին մահացած Օսմանեան կայսրութեան հայերը։
ՀՏՓ կուսակցութեան համանախագահներ՝ Փերվին Պուլտան եւ Սեզայի Թեմելլի զատ զատ ելոյթ ունեցան Ապրիլ 24-ի յիշատակման առումով։ Անոնք ընդգծեցին այս մեծ ոճիրի հետ առերեսման անհրաժեշտութիւնը եւ զուգահեռներ կազմեցին 100 տարի առաջ գործադրուած ռազմավարութեան, այսօրուայ դէպքերուն հետ։
Մինչայդ նոյն կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան նախորդ ուրբաթ օր Թուրքիոյ խորհրդարանին պաշտօնական գրութիւնով մը առաջարկած էր ցեղասպանութեան իբրեւ պատմական ճշմարտութիւն ճանաչումը։
Պոլսոյ մէջ Ապրիլ 24-ի առիթով նախատեսուած էր երեք միջոցառումներ։ Անոնցմէ առաջինը պիտի կայանար Սուլթանահմետ թաղին մէջ Մարդու իրաւունքներու միութեան նախաձեռնութեամբ։ Այս հաւաքը խափանուեցաւ ոստիկանական միջամտութիւնով եւ միութեան ներկայացուցիչ իրաւաբան Էրեն Քեսքին մերժեց առանց ցեղասպանութիւն բառը գործածելու յայտարարութիւն կատարել եւ ժողովուրդը հրաւիրեց ցրուելու։ Երկրորդ միջոցառումը տեղի ունեցաւ Շիշլիի հայոց գերեզմանատան մէջ, 2011-ին նահատակուած շարքային Սեւակ Պալըքչըի շիրմին վերեւ։ Այս միջոցառումը կազմակերպուած էր Նոր Զարթօնք հարթակի կողմէ։ Օրուայ վերջին մէկտեղումը տեղի ունեցաւ Թիւնելի հրապարակի վրայ, ցեղապաշտութեան դէմ գործող ՏուրՏէ հարթակի կազմակերպութեամբ։
Ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցի առիթով տեղի ունեցան նաեւ բազմաթիւ դահլիճային հաւաքոյթներ։ Բացի Պոլիսէն Անգարայի մէջ ալ «Անգամ մըն ալ երբե՛ք» խորագիրով կազմակերպուած ասուլիսին ելոյթ ունեցան Թեմել Տեմիրէր, Պասքըն Օրան, Թուրկութ Թիւրքսոյ, Միւքրեմին Պարութ, Ճենկիզ Կիւլթեքին, Ռամազան Կեզկին եւ Մահմուտ Քոնուք։ Ատենախօսները իրենց ելոյթներով քննարկեցին 100 տարի առաջ կատարուածներու տեղի տուող մտայնութիւնը, այդ գործողութեան հետեւանքները, պատճառած մշակութային եւ տնտեսական աւերը եւ տակաւին զանազան նիւթեր։
Յատկապէս ընդդիմադիր հեռուստակայաններն ալ այս օրերուս կը սփռեն ցեղասպանութեան նիւթը քննարկող զանազան հաղորդումներ։