Փոխանորդին ի-մակները Գ.

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Ընթերցողներ յաճախ կը հարցնեն, թէ արդեօք Արամիկ Աթէշեան իրապէս հայերէնո՞վ կը թղթակցի իր բարեկամներուն հետ։ Անշուշտ՝ ո՛չ։ Ոեւէ մէկը հայերէնով գրուած տող մը կարդացա՞ծ է իրմէ (ի բաց առեալ ատեն-ատեն հրապարակած զեկոյցները կամ ընթացիկ պատգամները, զորս դատելով իրենց ոճէն՝ ամէն անգամ ուրիշ մը գրի կ՚առնէ ըստ երեւոյթին)։ Ես դժբախտաբար չեմ կարդացած։ Հետեւաբար, այս նամակներուն ալ լեզուն թրքերէնն է։ Մեծ մասամբ ես է որ հայերէնի կը թարգմանեմ զանոնք՝ միմիայն ժամանակակից հետաքրքիրներուն եւ ապագայ պատմաբաններուն ծառայութիւն մը մատուցած ըլլալու ուրախութենէն դրդուած։

Ուրեմն շարունակենք…

*

Գումգաբու, 25 մարտ 2018

Սիրելիս, բաւական մը ծիծաղեցայ ֆէյսպուքի վրայ ըրած մեկնաբանութեանդ։ «Տասներկու առաքեալներու պէս շարեր ես քովդե, ըսեր ես։ Մի՛ հարցներ։ Այս մարդիկը քով քովի բերելու համար չես գիտեր ինչեր ըրի։ Սիրունեան Անժպիտեանցին հետ թոպ-թապանճա է, հարեւան թերթերուն խմբագիրները յաւիտենական թշնամիներ են իրարու, Առիւծեան ու Վոսփորեցին իրենց տարիքը պատճառաբանեցին, Կարմիրեան շքանշան ուզեց… Բոլորն ալ ձեւով մը համոզեցի։ Բարեբախտաբար բոլորն ալ թուլութիւն մը ունին։ Մարդկային թուլութիւններ, անշուշտ։ Մէկը մամոնան կը սիրէ, միւսը՝ լուսանկարուիլ, մէկալը միշտ յարգ ու պատիւ կ՚ուզէ, հարիւր-երկու հարիւր իսկ ծախուի՝ ծթռած թերթերու առաջին էջերուն երեւիլ, անդիինը՝ սկզբունքային երեւիլ, ասդիինը պատրիարքարանին համար խենթ կ՚ըլլամ կ՚ըսէ, ուրիշ մըն ալ ով որ ուժեղ է՝ կ՚ուզէ անոր քովն ըլլալ… Իմ առաւելութիւնս ալ զիրենք լաւ ճանչնալս է պարզապէս։ Ընդդիմադիրներս կ՚ըսեն, թէ փոխանորդ մը չի կրնար խորհրդակցական մարմին կազմել։ Վրաս գրէ՛… Ա՛ռ քեզի խորհրդակցական մարմին… Իրենց շատ հոգն է, թէ ես պատրիարք եմ կամ փոխանորդ, իրենց հոգը խորհրդակցական մարմինին անդամ ըլլալ է։ Ես իրենց այս պատիւը տուի, անոնք ալ ինծի, փոխանորդ ըլլալով հանդերձ, պատրիարքի մը պէս վարուելու իշխանութիւն։

Յիսուս Քրիստոս քեզ պահապան… Կապի մէջ ըլլանք…

Փոխանորդ

*

Գումգաբու, 25 մարտ 2018

Յովի՛կ, սա արծաթեայ սափորին թուականը կրնա՞ս կոր կարդալ։ Գինն ալ գրէ։ Նկարը կը կցեմ։

Արագ լուրի մը կը սպասեմ։

Փոխանորդ

*

Սիրելի Հաստպեղեան,

Կը հարցնես, թէ ինչպէս կրնամ այսքան մարդ հաւաքել ֆէյսպուքի վրայ։ Երկու-երեք հատ Յիսուս Քրիստոս, «Աստուած պահապան», «Պահպանիչ եւ յոյս հաւատացելոց» եւ հազար հատ «ամէնէ կը շարեն կոր գրութեանս տակ։ Չես պատկերացներ ինչքա՜ն միամիտ են։ Ես անգամ կը զարմանամ երբեմն։ Կարդացած, համալսարանաւարտ, լուրջ-լուրջ մարդեր ու կիներ են շատը, ես լիսէ մը հազիւ աւարտած եմ, «Յիսուս Քրիստոսեով մը կրնամ զիրենք խելքահան ընել։ Աստուծոյ ուժն է ահաւասիկ ասիկա… Մեռնիմ զօրութեան… Կը լսեմ խնդուքդ։ Լրջացի՛ր, տղայ…

Ի՞նչ եղան քեզի ուղարկածս արծաթեայ խաչերը։ Լաւ հնութիւններ են, աղուոր դրամ կ՚ընեն։ Հաճիս ձայն մը հանէ։ Յաջորդ շաբաթ Մոսկուա պիտի երթամ, կրնամ հոնկէ նոր ապրանք ալ բերել։

Փոխանորդ

*

Քուրթուլուշ, 6 ապրիլ 2018

Սիրելի Վարդանուշ,

Խորհրդակցական մարմինը կազմեցինք, տեսար։ Բայց ամէն ժողովին զատ կռիւ մը ունինք։ Այսօր ալ հարեւան թերթերուն խմբագիրները իրար մտան։ Աս մեր հաշուապահը կը ճանչնաս, անշուշտ։ Ելեր օտար թերթին յայտարարեր է, թէ մէկ ազգօգուտ թերթին հարիւր, միւս ազգօգուտ թերթին երեսուն հազար տուած ենք։ Մէկուն օգուտը միւսէն աւելի ըլլալուն դրամն ալ աւելի եղաւ անշուշտ։ Իր սուղ սիւնակները մեզի կը տրամադրէ, անշուշտ իր վարձատրութիւնն ալ ստացած է։ Ազգօգուտին մէկը կ՚ըսէ, թէ կարեւորը ծանուցումին կամ գրութեան հասակը չէ, այլ պաշտօնն է։ Միւս ազգօգուտն ալ բռնըւցուց թէ՝ ես ալ հարիւր հազար կ՚ուզեմ։

Հաւատա ձանձրացայ ալ։ Թափած ձեւերնին, հովերնին տեսնաս նէ կը կարծես հարիւր հազար տպաքանակ ունին։

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ ըլլալը դիւրի՞ն կը կարծես։ Ամէնուն խօսք պիտի հասկցնես, ամէնքը պիտի դարձնես ձեւով մը։

Հաշուապահը քովս է հիմա։ Կը գրեմ վերջը։

Փոխանորդ

*

Քուրթուլուշ, 10 ապրիլ 2018

Արամի՛կ, հոգի՛ս,

Յայտնի է որ միւս ազգօգուտին պակսող եօթանասուն հազարը ճամբայ հանած ես։ Պարթեւին համերգին մասին երէկ գրած թեթեւ քանի մը խօսքէն ետքը այսօր աղէկ մը պայթեցուցեր է։ Չըլլա՞յ եօթանասունէն աւելի ուղարկած ես։ Շքանշան մըն ալ տուր պիտի ըսեմ, բայց ա՛լ տեղ չէ մնացած լամբակին վրայ։ Միւս ազգօգուտին շքանշան տուա՞ծ ես։ Հարիւր հազարէն ետքը շքանշանն ալ կը վայելէ։ Չըսիր չըսես ետքը։

Սրբազանս, ինչո՞ւ ելար գացիր այդ համերգին։ Չըսի՞ն քեզի մ՚երթար։ Գիտես ըլլալիքները։ Քանի մը հոգիին մուճակ պէտք չէ ձգել, կ՚ընդունիմ, բայց ասոնք ալ չափը-սահմանը անցած են ալ։ Խայտառակնե՜րը։ Կը վախնամ քեզի բան մը պիտի ընեն ըսելով, սիրելի՜ս։

Գէորգը գործի ճամբորդութեան մը գնաց։ «Յակոբ Դանիէլեան»դ պատրաստած եմ։ Ժամերգութենէն ետքը եկուր։

Սուրբիկը դ

*

Գումգաբու, 11 ապրիլ 2018

Յովի՛կ, ի՞նչ եղաւ ատ գեղանկարին նիւթը։ Մոռցա՜ր… Յաճախորդ մը գտած եմ, քանի մը ղրուշ ալ քեզի պիտի հասնի, բայց արագ պէտք է շարժինք։ Քեզմէ լուրի կը սպասեմ եաւրուս։ Երկու օրէն Մոսկուա պիտի երթամ։ Մինչ այդ պէտք է գիտնամ, որ ըստ այդմ սակարկեմ։ Հաճիս աճապարէ։

*

Թարապիա, 17 ապրիլ 2018

Սրբազա՛ն,

Կը տեսնա՞ս Հայաստանի երիտասարդներուն վիճակը։ Անամօթնե՜ր։ Աս ի՜նչ անկիրթ մարդիկ են։ Կը պոռան, կը կանչեն, ո՛չ սրբութիւն կը ճանչնան, ո՛չ իշխանութիւն։ Թող օրինակ առնեն մեր երիտասարդներէն։ Հեզ, համեստ, սուսիկ-փուսիկ, ամէն կիրակի եկեղեցինին կ՚երթան, խաչերնին կը հանեն, աղօթքնին կ՚ընեն, սրբազան, վարդապետ, տէր հայր տեսնալնուն պէս՝ ձեռքերնին-օտքերնին կը պագնեն, ազգօգուտ թերթերը կը կարդան, սուրբ-հոգին մէջերնին մտած է, չ՚ելլեր։

Սրբազա՛նս, դուն ալ արժէքնին գիտցիր աս երիտասարդներուն, Աստուածդ սիրես նէ։ Աղօթքներդ անպակաս ըրէ։ Շքանշա՞ն պէտք է՝ տո՛ւր։ Խորհրդակցական մարմինի անդա՞մ պէտք է ընել՝ ըրէ։ Թաղակա՞ն, պատգամաւո՞ր։ Կ՚ըլլա՛յ անշուշտ։ Յարգը գիտցիր մեր երիտասարդներուն, սրբազան։

Կնիկս ալ բարեւ ունի քեզի։ Ատ թապլոն հանեցա՞ւ, կը հարցնէ։

Արմոն Վոսփորեցի

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ