Ռեւշան Չեւիքէրի յոյս խոստացող մենահամերգը

Նոր սերունդի պատկանող երգչուհի մըն է Ռեւշան Չեւիքէր, որ 21 Ապրիլ Շաբաթ երեկոյ Շիշլի, Նազըմ Հիքմեթի անուան մշակոյթի կեդրոնի մէջ սարքած մենահամերգով ողջունեց իր ունկնդիրները։ Չելիքէր իր այս առաջին համերգին մէջ երգացանկը կազմած էր ամբողջովին զազայերէն եւ հայերէն երգերով։ Հարկ է նշել, որ աւանդականացած այս երգերը Ռեւշան Չեւիքէրի կատարումով ստացած էին ամբողջովին ուրոյն մեկնաբանութիւն եւ դաշնաւորում։ Երիտասարդ երգչուհին յաջողած է ապահովել արհեստավարժ նուագածուներու ընկերակցութիւնը։ Այսպէս Հաքան Քայա հարուածային գործիքներով, Հաքան Կէօքթաշ բամբ կիթառով, Հազալ Աքէրման թաւջուդակով եւ Վարդգէս Քեշիշ կիթառով ստեղծեցին ժողովրդական մեղեդիներու արդիաշունչ կատարման լաւագոյն օրինակ մը։

Ռեւշան Չեւիքէր լաւ պատրաստուած էր հայերէն երգերու առոգանութեան, բայց յաճախ կը դիմէր ոճային նախասիրութեան մը, որուն հետեւանքով զանազան բառեր կամ կիսատ կը մնային կամ ալ դիտումնաւոր կերպով կ՚աղաւաղուէին։ Սա արդէն ծանօթ ոճ մը դարձած է, որուն կը հանդիպինք զանազան համերգներու ընթացքին եւս։ Ամէն պարագայի մենակատարի մտերիմ հաղորդականութիւնով ունկնդիրները երաժշտական խիստ հաճելի պահեր ապրեցան։ Կրնանք ըսել, թէ համերգը լսելէ ետք կարելի է յուսադրուիլ նորանոր յաջողութիւններու ակնկալութիւնով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ