Ձօնուած՝ մօտ անցեալին հոգին աւանդած Մարիամ Մերճանի
ԳԱՄԷՐ ՉԵԼԻՔԷԼ
Իսթանպուլ Համալսարան
Ո՞ւր էիր Աստուած,
երբ խենդացաւ մի ողջ ժողովուրդ,
Ո՞ւր էիր Աստուած,
երբ աղերսանքը մարեց անհաղորդ,
Ո՞ւր էիր Աստուած,
երբ աւերում էին չքնաղ մի երկիր,
Ո՞ւր էիր Աստուած,
երբ խենդացած ցաւից աղաչում էինք։
WԱմէն։
Խօսք՝ Արթուր Մեսչեան
Երբ այս տողերը կարդամ, չափազանց կը ցնցուիմ որովհետեւ՝ նախ կը զգամ անցեալ եւ ներկայ հայ կացութեան սրտաճմլիկ տեսարանը։ Անկասկած 1915-ը հայ ժողովուրդին համար միայն թուական մը չէ աւելիով՝ մեծագոյն եղերգութեան ժամանակն է։ Յատկապէս 24 Ապրիլ 1915։ Այդ թուականէն առաջ ալ ջարդերը անընդհատ շարունակուած է ինչպէս՝ 1894-1896-ին կարծրասիրտ համիտիյէ զօրագունդերուն յարձակումը եւ 1909 Ատանայի ջարդերը։ Անշուշտ կարիք ունինք մետայլին հակառակ կողմն ալ ուսումնասիրել։ Համիտիյէ զօրագունդերը լարուած է 1891-ին Բ. Ապտիւլհամիտի կողմէ պատրաստուելով՝ զանգուածային բնաջնջումներու։ Առաջին հարուածը պիտի առնէր Սասունը։ Անհամեմատական ուժերու հետեւանքով Սասունը կորսնցուց իր դիմադրութիւնը։ Յարձակումները ծաւալեցան դէպի այլ հայաշատ քաղաքներուն ինչպէս՝ Տիգրանակերտ, Կեսարիա, Մարաշ, Խարբերդ։ 1909 թուականին երիտթուրքերը գահազրկեցին Բ. Ապտիւլհամիտ կայսրը։ Իրենց կարգախօսն էր՝ «Ազատութիւն, Հաւասարութիւն եւ Եղբայրութիւն»։ Երեւոյթին պէտք չէ խաբուիլ։ Ի հարկէ իրականութիւնը այնպէս չէր։ Ապրիլ 1909-ին սկսաւ Ատանայի ջարդերը։ Մէկ ամսուան մէջ 30.000 հազար հայ սպաննուեցաւ։
Կասկած չկայ, որ Ատանայի կոտորածները նախափորձ մըն էին 1915-ի շատ աւելի լայնածաւալ ոճիրներուն։ 24 Ապրիլ 1915-ին երեկոյ յարձակման առաջին թիրախը եղաւ «Ազատամարտ» թերթը եւ ՀՅԴ կուսակցութիւնը։ Թերթի հրատարակութիւնը արդէն դադրեցուած էր պետութեան 31 Մարտ 1915-ի հրամանագրով։ Բռնագրաւուեցան բոլոր փաստաթուղթերը։ 24 Ապրիլին ձերբակալուած մտաւորականները ղրկուեցան Այաշի ու Չանքըրըյի աքսորավայրերը եւ ապա սպաննուեցան մի առ մի։
Ոստիկանութիւնը մանրամասնութիւններով պատրաստուած էր այս զանգուածային ձերբակալութեան։ Սպասեցին գիշերուայ ուշ ժամերը, ուր մարդիկ բոլորովին անպաշտպան դիրքի մէջ պիտի գտնուէին։ Զապիթները իրենց ձեռքին ունէին անուանացանկ, որուն առաջին տողերուն վրայ գրանցուած էին՝ Համբարձում Պալասան, Արմենակ Արագիլեան եւ Արթին Մըսըրլեան։
Ծրագիրը պատրաստողները գիտէին, թէ ազգ մը ոչնչացնելու համար հարկաւոր է նախ եւ առաջ ոչնչացնել հասարակութեան գլխաւոր շնչափողը հանդիսացող մտաւորականներն եւ ռահվիրաները։ Ափսոս որ ծրագիրը անսայթաք գործադրուեցաւ։ Օսմանեան պետութիւնը այդ օր ապահոված էր զինուոր կամ քաղաքացի բոլոր պաշտօնէութեան իրենց գործերուն գլուխ գտնուիլը։ Արգելափակուածներուն համար երեք օր առաջ պատրաստուած էր հաբիսհանէի ումումի (մէրքէզ հաբիսհանէ) կոչուած կեդրոնական բանտը։ Այդ արգելանոցի բնակիչ յանցագործները ղրկուած էին տարբեր բանտեր։
Նախքան ձերբակալութեան գործողութիւնը, ոստիկանները նշանակած էին հայաշատ թաղերը։ Առաջին ձերբակալումներուն մէջ կը գտնուէր արժանի եւ կարեւոր բժիշկ մը՝ Խաչիկ Պօղոսեան։ Գիշերուան ուշ ժամանակներուն դուռը թակելով զինք տարին կեդրոնական բանտ։ Տարօրինակ դէպք մը ապրուեցաւ Պօղոսեանի եւ ապահովութեան տնօրէնի միջեւ։
Ապահովութեան տնօրէնը։
- Հիմա ես քեզ շունի մը նման սպանեմ ո՞վ հաշիւ պիտի հարցնէ։ Եթէ ամբողջ հայերը ոչնչացնեմ -մնաց որ բաղձանքս այն է- ո՞վ հաշիւ պիտի պահանջէ (անարգութիւնները այսպէս կը շարունակուի)։
Բժիշկ Պօղոսեանը կը պատասխանէ։
- Դուք զիս, նոյնիսկ ամբողջ հայ ժողովուրդը կրնաք սպաննել։ Այսպէսով հազիւ կը վնասէք Թուրքիոյ։
Մեծ ոճիրի պարագլուխը հանդիսացող Թալաթ փաշան, Ամերիկեան դեսպանին հետ էր ընթրիքի պահուն։ Վկայութիւներու համաձայն այդ գիշեր Թալաթ Փաշան խոստովանեց Պոլսոյ հայ մտաւորականներուն ձերբակալութիւնը եւ ձերբակալութիւններուն յարատեւ դառնալու ծրագիրը։ Ձերբակալուած ու ապա նահատակուածներու մէջ կարեւոր անուն մըն է Ռուբէն Զարդարեան։ Դիմադրական ոգիով մելան սպառեց տարբեր լրագիրներուն եւ պարբերաթերթերու էջերուն, ինչպէս՝ Ծաղիկ Մասիս Շիրակ եւլն.։ 41 տարեկանին կեանքին ամենէն արդիւնաբեր եւ հասուն շրջանին Սիվերեկի մօտ աւազակախումբերու կողմէ սպաննուեցաւ։ Օսմանեան կայսրութեան յայտնի երեսփոխան՝ Նազարէթ Տաղաւարեան ծնած էր Սեբաստիա։ Հիմնադիրներէն էր Հայոց բարեսէր ընդհանուր միութեան։ Նազարէթ Տաղաւարեանը ունէր գործօն քաղաքականութեան կեանք մը։ Ան կը զգար ժողովուրդի բազկերակը եւ կը հանդիսանար այդ տրոփիւնի ձայնը։ Իսկ պետութիւնը չէր ուզեր վտանգաւոր համարած այդ ձայնը լսել։ Ան ալ սպաննուեցաւ աւազակախումբի մը կողմէ 53 տարեկանին։
Կոմիտաս Վարդապետ (Սողոմոն Սողոմոնեան)։ Կ՚ընդունուի հայ դասական երաժշտութեան հիմնադիրը։ Կրթութեան համար բարերար Ալեքսանդր Մանդաշեանի աջակցութեամբ կ՚երթայ Պերլին։ Կարծես հայ ժողովուրդի տառապանքի խորհրդանշան մըն է իր կեանքը։ Ան ալ այդ նոյն անիծեալ թուականին առնուեցաւ իր տունէն եւ Չանքըրը ղրկուեցաւ։ Ժամանակի թուրք եւ օտար մտաւորականներու մեծ ջանքերով ազատ արձակուեցաւ։ Երբ ետ դարձաւ իր մտային հաւասարակշռութիւնը կորսնցուցած էր ապրածներուն հետեւանքով։ Վախճանեցաւ 1935-ին։
Դանիէլ Վարուժան (Չպուքքարեան)։ Ուսանած է Մխիթարեան միաբանութեան վարժարաններուն։ Վարուժանի հայրը աշխատելու համար Պոլիս եկած էր։ Սակայն 1894-1896 տարիներու ընթացքին Բ. Ապտիւլհամիտի ճնշումի ժամանակն էր, երբ հայրը ձերբակալուեցաւ։ Հօրը ձերբակալութիւնը խորապէս ազդեց Վարուժանի հոգեբանութեան եւ գրականութեան։ Գործերը հրատարակուեցան Հայրենիք, Գեղունի, Անահիտ, Շիրակ եւ Ռազմիկի նման պարբերաթերթերու մէջ։
Դաստիարակ գրող՝ Գրիգոր Եսայեան, բժիշկ՝ Վահրամ Թորքոմեան, թատրոնի արուեստագէտ՝ Երուանդ Թօլայեան, բժիշկ եւ երեսփոխան՝ Կարապետ Փաշայեան, լրագրող՝ Բիւզանդ Քէչէեան, գրող եւ երեսփոխան՝ Արիստակէս Գասպարեան, լրագրող՝ Համբարձում Համբարձումեան, պատմաբան՝ Արամ Անտոնեան եւ դեռ քանի քանիներ...
Ահա կորսնցուցած ենք ժողովուրդի ընտիր արժէքները։
Իսկ այսօր մեր առջեւ դրուած պարտականութիւն է ստեղծել զարթօնքի նոր սերունդ մը։
Թէ ի՞նչպէս։
«Եկե՛ք նախ եւ առաջ մենք մեզի հասկնանք
Եկե՛ք նախ եւ առաջ յարգանք ցցնենք մեր ցաւերուն
Եկե՛ք նախ եւ առաջ մենք մեզի ապրեցնենք»։
Ինչպէս կ՚ըսէր Հրանդ Տինք. «Երբ մենք մեզի պիտի հասկանանք հասկացողութեան ուղին պիտի բացուի մեր առջեւ»։