Եւրոպական մասնակցութիւն՝ ցեղասպանութեան յիշատակման

«Եւ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­պայի ցե­­­­ղապաշ­­­­տութեան դէմ հար­­­­թակ»ը (EGAM) ինչպէս նա­­­­խորդ տա­­­­րինե­­­­րուն այս տա­­­­րի ալ բազ­­­­մանդամ խումբով մը եկած է Իս­­­­թանպուլ այստեղ կա­­­­յանա­­­­լիք յի­­­­շատակ­­­­ման մի­­­­ջոցա­­­­ռումնե­­­­րուն մաս­­­­նակցե­­­­լու նպա­­­­տակաւ։

EGAM-ի պա­­­­տուի­­­­րակու­­­­թիւնը ըստ նա­­­­խապէս պայ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նաւո­­­­րուած ժա­­­­մադ­­­­րութեան այ­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­լեց «Ակօս»ի խմբագ­­­­րութիւ­­­­նը եւ Հրանդ Տինք հիմ­­­­նարկը։ Հա­­­­սարա­­­­կական գոր­­­­ծիչ Բե­­­­նիամին Ապ­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­նի գլխա­­­­ւորած խումբին մաս կը կազ­­­­մէ նաեւ Հայ բա­­­­րեգոր­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­կան ընդհա­­­­նուր միու­­­­թեան Եւ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­պայի ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացու­­­­ցիչ՝ Նի­­­­կողա­­­­յոս Դա­­­­ւիթեան։

Ֆրան­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­կան այս կազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կեր­­­­պութիւ­­­­նը Թուրքիոյ մէջ կը գոր­­­­ծակցի Մար­­­­դու իրա­­­­ւունքնե­­­­րու միու­­­­թեան Իս­­­­թանպու­­­­լի մաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ճիւ­­­­ղի եւ ցե­­­­ղապաշ­­­­տութեան դէմ գոր­­­­ծող DurDe հար­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­կի հետ։

Խումբի կազ­­­­մէն էր Ֆրան­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­յի խորհրդա­­­­րանի ան­­­­դամ Վալանսի երեսփոխանուհին եւ ու­­­­րիշներ, որոնք եկած էին Իտա­­­­լիա, Գեր­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նիա, Ֆրան­­­­սա, Խրո­­­­ւաթիա, Ուքրա­­­­նիա, Ռու­­­­սիա, Պուլկա­­­­րիա եւ այլ եր­­­­կիրնե­­­­րէ։

Այ­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­լու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը նախ հա­­­­կիրճ բա­­­­ցատ­­­­րութիւններ լսե­­­­ցին Թուրքիոյ հայ հա­­­­մայնքի ան­­­­ցեալին ու ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յին, Թուրքիոյ քա­­­­ղաքա­­­­կան խնդիր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն, կրօ­­­­նական ազա­­­­տու­­­­թիւննե­­­­րուն, լրագ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ղական աս­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­րէզի յա­­­­տուկ խնդիր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու մա­­­­սին։ Ապա ուղղո­­­­ւեցին զա­­­­նազան հար­­­­ցումներ, որոնց պա­­­­տաս­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­նեցին «Ակօս»ի ընդհա­­­­նուր խմբա­­­­գիր Եդո­­­­ւարդ Տան­­­­ձի­­­­­­­­­­­­­­­կեան, «Ակօս»ի հա­­­­յերէն էջե­­­­րու խմբա­­­­գիր Բագ­­­­րատ Էս­­­­դուգեան եւ Հրանդ Տինք հիմ­­­­նարկէն Զէյ­­­­նեփ Թաշ­­­­քըն։

(EGAM)ի պա­­­­տուի­­­­րակու­­­­թիւնը մաս­­­­նակցե­­­­ցաւ 24 Ապ­­­­րի­­­­­­­­­­­­­­­լի ձօ­­­­նուած փո­­­­ղոցա­­­­յին բո­­­­լոր մի­­­­ջոցա­­­­ռումնե­­­­րուն։ Անոնք նաեւ ակա­­­­նատես եղան Սուլթա­­­­նահ­­­­մե­­­­­­­­­­­­­­­տի մէկ­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­ղու­­­­մին ոս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­կանու­­­­թեան միջամ­­­­տութեամբ խա­­­­փան­­­­ման դէպ­­­­քին։ Ի տար­­­­բե­­­­­­­­­­­­­­­րու­­­­թիւն նա­­­­խորդ տա­­­­րինե­­­­րէ ոս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­կան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը մէկ­­­­տեղման պա­­­­հուն ազ­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­րարե­­­­ցին ցե­­­­ղաս­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­նու­­­­թիւն բա­­­­ռը չօգ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծե­­­­­­­­­­­­­­­լու մա­­­­սին։ Ար­­­­գի­­­­­­­­­­­­­­­լեցին նաեւ մամ­­­­լոյ յայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րարու­­­­թիւն կա­­­­տարել։ Մար­­­­դու իրա­­­­ւունքնե­­­­րու միու­­­­թեան Պոլ­­­­սոյ մաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ճիւ­­­­ղի կար­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­ռուն դէմ­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րէն Էրեն Քես­­­­քին առար­­­­կեց այս ոս­­­­տիակա­­­­նական ճնշու­­­­մին դի­­­­մաց, պնդե­­­­լով թէ իրենք հա­­­­ւաքո­­­­ւած են ճիշդ ալ ցե­­­­ղաս­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­նու­­­­թիւնը դա­­­­տապար­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­լու հա­­­­մար։ «Ու­­­­րեմն կա­­­­րելի չէ այդ բա­­­­ռը շրջան­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­լով կա­­­­տարո­­­­ւած իրո­­­­ղու­­­­թիւնը բնու­­­­թագրել» առար­­­­կեց Էրեն Քես­­­­քին եւ յայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րարեց, որ այս պայ­­­­մաննե­­­­րու տակ տե­­­­ղի պի­­­­տի չու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նայ յի­­­­շատակ­­­­ման մի­­­­ջոցա­­­­ռու­­­­մը։ Էրեն Քես­­­­քի­­­­­­­­­­­­­­­նի այս ելոյ­­­­թէն ետք ոս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­կան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը բեր­­­­ման են­­­­թարկե­­­­ցին ցոյ­­­­ցի երեք մաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կից­­­­ներ, որոնք իրենց ձեռ­­­­քին ու­­­­նէին ցե­­­­ղաս­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­նու­­­­թիւնը դա­­­­տապար­­­­տող վեր­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­ռու­­­­թիւններ։ Սա­­­­կայն բեր­­­­ման են­­­­թարկո­­­­ւող­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը շու­­­­տով ազատ ար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­կուե­­­­ցան։ EGAM-ի խումբը երեք­­­­շաբթի երե­­­­կոյեան Թիւ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լի հրա­­­­պարա­­­­կի հան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­հաւա­­­­քին մաս­­­­նակցե­­­­լէ ետք, չո­­­­րեք­­­­շաբթի առա­­­­ւօտ մեկ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցաւ քաղաքէս։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ