Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Արագած Ախոյեանի գլխաւորած՝ «Հայ պատգամաւորներու միջազգային միութեան» պատուիրակութիւնը, Ապրիլ 24-ի նախօրեակին աշխատանքային օրակարգով այցելեց Պոլիս։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Վարդան Պետրոսեան, Կարինէ Գէորգեան եւ Յասմիկ Սահակեան։ Նշեալ կազմակերպութիւնը կը միտի աշխարհի զանազան երկիրներու խորհրդարաններու մաս կազմող հայազգի պատգամաւորներու միջեւ կապ ու համագործակցութիւն ապահովել։ Արդարեւ անոնք շինիչ երկխօսութիւն ապահոված են նաեւ Կարօ Փայլան եւ Սելինա Տողանի հետ։
Արագած Ախոյեան արդէն ծանօթ անուն մըն է ծպտեալ հայերու խնդիրներու ընդհանուր նիւթով։ Արդարեւ իր այցելութիւնը տեղի տուաւ այդ շրջանակներու լուրջ հետաքրքրութեան, որու հետեւանքով պատուիրակութիւնը հարկադրուեցաւ բազմաթիւ նոր հանդիպումներ ընդունելու։ Այցելութեան ուշադրութիւն սեւեռեցին նաեւ Թուրքիոյ ընդդիմադիր մետիայի պատկանող հեռուստակայաններ, որոնք նաեւ յաջողեցան կարճ լուսաբանութիւններ ստանալ եւ փոխանցել հասարակութեան։ Տրուած ըլլալով, թէ օրակարգի նիւթերուն մէջ առաջնական գծի վրայ էր Թուրքիոյ պատրիարքական ընտրութեան խնդիրը, պարոն Ախոյեան յաճախ կը զգուշացնէր, թէ իրենց այցելութիւնը պէտք չէ դիտուի, որպէս դուրսէն միջամտութիւն։ «Մենք գիտենք, թէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ նուիրապետական այս աթոռին կարելի չէ որեւէ միջամտութիւն։ Առկայ խնդիրները իրենց լուծումին կը յանգին պոլսահայոց որդեգրած միջոցներով։ Իսկ մենք կը փորձենք ժողովրդի կամքը ու կարծիքը իմանալ եւ ոչ աւելին։ Կը կարեւորենք այդ կամքը, քանի որ Հայ եկեղեցին եւ հայ ժողովուրդը ամբողջութիւն մը կը կազմեն։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը քաղաքացիական կապերով կրնայ պատկանիլ այս կամ այն երկրին։ Բոլորս կրնանք ունենալ մեր քաղաքացիական սահմանումները։ Սակայն այս իրողութիւնը չի կրնար արգելք հանդիսանալ մեր ազգային միասնութեան» կ՚ըսէ Արագած Ախոյեան։
Կ՚արժէ նշել, թէ հայ ժողովուրդի կորուսեալ հատուածներուն իրենց ինքնութեան վերադառնալու ջանքին մէջ Ախոյեանի դերակատարութիւնը անհանգստութիւն կը պատճառէ յետադիմական շրջանակներու։ Սոյն շրջանակները անընդունելի կը գտնեն Թուրքիոյ քաղաքացիներու խնդիրներուն հանդէպ իր նեցուկը եւ զինք թիրախ ցոյց կու տան կարգ մը շրջանակներու դիմաց։ Մինչդեռ Ախոյեան Թուրքիոյ մէջ հայերու կողքին ունի նաեւ բազմաթիւ ոչ հայ բարեկամներ, որոնց հետ յաջողած է շինիչ համագործակցութիւն ապահովել։