ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԿՐԱԿ

Բառերուն ամենէն սպառիչը

Վերջացեր էր Վա­­նայ լի­­ճի «Սի­­րոյ լիճ» լող-փա­­ռատօ­­նը։ «Ախ­­թա­­­մար» աւան­­դա­­­վէպի կեն­­դա­­­նացումն էր, որ կա­­տարեր էինք աշա­­կերտնե­­րով։ «Թա­­մարը»՝ Նա­­նօրն էր, ախո­­յեան լո­­ղոր­­դը՝ լայ­­նա­­­լանջ Վա­­հէն։ Իսկ անոնց դա­­սըն­­կեր ու դա­­սըն­­կե­­­րու­­հի­­­ները դար­­ձեր էին «գիւ­­ղի ճա­­հել­­ներ»… Հա­­ճելի որո­­շում էր կրակ վա­­ռել ու կղզիի վրայ գի­­շերել։ 11 Օգոս­­տո­­­սի այդ աստղա­­շատ երկնքի տակ շա­­տեր վրան­­ներ մտեր էին քնա­­նալու հա­­մար։ Բայց Նա­­նօրը, Վա­­հէն եւ յոյն Ալեք­­սէ­­­յը եկան կրա­­կին շուրջ՝ կէս­­գի­­­շերա­­յին թէ­­յին ըն­­կե­­­րանա­­լու։

- Պա­­րոն, տե­­սա՞ք ինչպի­­սի կրա­­կոտ տար­­փանքով լո­­ղաց Վա­­հէն։ Ո՞վ կրնար ախո­­յեանու­­թիւնը իր­­մէ խլել, երբ կղզիի վրայ սպա­­սողը... Նա­­նօրն էր։

- Ալեք­­սէյ, կրակն էր պատ­­ճա­­­ռը, ան­­կասկած։ Ան է, որ թէ՛ յաղ­­թա­­­նակ­­նե­­­րուն ծնունդ կու տայ եւ թէ՝ մո­­խիր կը դարձնէ ամէն ինչ։ Զգոյշ պէտք է ըլ­­լալ անոր հետ եւ լաւ պէտք է ճանչնալ անոր բնա­­ւորու­­թիւնը։

- Բա­­ռի՞ն, թէ սա կրա­­կին։

- Եր­­կուքն ալ։ Եթէ հի­­մա քա­­նի մը փայտ չնե­­տենք շու­­տով պի­­տի մա­­րի։

- Ես հի­­մա կը բե­­րեմ։

- «Կրակ» բա­­ռը, ձե­­զի ըսեմ, հին է կրա­­կի չափ։ Այնքան հին, որ չենք գի­­տեր, թէ ո՛վ տո­­ւեր է անոր առա­­ջին կայ­­ծը։ Լե­­զուա­­բան­­ներ հա­­սած են այն եզ­­րա­­­կացու­­թեան, թէ պար­­սիկնե­­րու «քու­­րէ», վրա­­ցինե­­րու «կե­­րակ» եւ դրա­­ցի լե­­զու­­նե­­­րու նոյ­­նի­­­մաստ բա­­ռերը բռնկած են մէկ ար­­մա­­­տէն։ Geu բառն է ան, որ կը նշա­­նակէ՝ այ­­րել։ Ան ապա դար­­ձեր է gu-ro կամ gu-lo։ Մեր «կրակ»ին նախ­­նա­­­կան ձե­­ւը եղած է «կուր» եւ ստա­­ցեր է «ակ» մաս­­նի­­­կը։ Ըսեմ նաեւ, որ վրա­­ցինե­­րու «կե­­րակ» բա­­ռը, որ «օճախ» կը նշա­­նակէ, ըստ Աճա­­ռեանի, հայ­­կա­­­կան փո­­խառու­­թիւն է, այդպէս է նաեւ լա­­զերէն «կե­­րայ» բա­­ռը՝ որ «օճա­­խի քար» է… Եկա՞ր։ Ապ­­րիս։ Այս փայ­­տե­­­րը ժամ մը կը բա­­ւեն մե­­զի։

- Ես կրա­­կի հետ խա­­ղալ, զայն գրգռել, ար­­ծարծել շատ կը սի­­րեմ։ Գի­­տեմ պատ­­ճա­­­ռը։ Մենք եղած ենք կրա­­կապաշտ։

- Իրա­­ւունք ու­­նիս։ Եւ այս բա­­ռը այնքան ան­­հանդարտ էր, ծնաւ կայծկլտող նոր բա­­ռեր ու ժա­­մանակ առ ժա­­մանակ բո­­լորս դար­­ձանք՝ կրա­­կալե­­զու, կրա­­կագոյն, կրա­­կաբուխ, կրա­­կամո­­խիր, կրա­­կաշող, կրա­­կաշունչ եւ կրա­­կասիրտ։ Ու­­նե­­­ցանք նաեւ մեր կրա­­կատու­­ներն ու կրա­­կարան­­նե­­­րը։ Մեր նախ­­նի­­­ները ջեր­­մօ­­­րէն վե­­րաբե­­րուեր են «կրակ»ի հետ։ Անոնք ըսեր են, «կրակ լու­­ցա­­­նել», «ար­­ծարծել զկրակ» եւ «շի­­ջու­­ցա­­­նել զկրակ»։ Բայց, բա­­ռը մե­­ծապէս փայ­­լե­­­ցաւ, ճար­­ճա­­­տեցաւ երբ ժո­­ղովուրդը զայն սկսեր է օգ­­տա­­­գոր­­ծել իր առած­­նե­­­րու մէջ։ Շատ են անոնք, մեր երե­­ւակա­­յու­­թեան չափ ծա­­ւալուն... Կրակ առ­­նել, կրակ ըսե­­լով բե­­րանը չայ­­րիլ, կրակ բա­­նալ, կրակ դառ­­նալ, կրակ թա­­փել, կրա­­կի տալ, կրակ տե­­ղաց­­նել, կրա՛կ ու­­տես, կրա­­կի գիծ, կրա­­կի գին, «կրա­­կի մէջ իյ­­նալ»։

- Եւ, Ծի­­ծեռ­­նա­­­կաբեր­­դի մէջ՝ «Յա­­ւեր­­ժա­­­կան կրակ»։

- Ամե­­նէն սրբա­­զանը, այնտեղ, ուր 12 խո­­նար­­հած «վա­­տահար» մոյ­­թեր կը ստեղ­­ծեն յու­­զիչ հո­­գեվի­­ճակ։

- Պա­­րոն, մեծ մայրս զիս կը կո­­չէ՝ «կրա­­կի կտոր»։

- Իրա­­ւունք ու­­նի, Վա­­հէ։ Մենք նաեւ գի­­տենք, թէ պէտք չէ «կրա­­կի հետ խա­­ղալ» եւ չմնալ «խեղճ ու կրակ»։

- Կու տա՞ք ձեր գա­­ւաթ­­նե­­­րը։

- Շնոր­­հա­­­կալ ենք Նա­­նօր։ Դուք ուրտե­­ղացի՞ էիք։

- Մու­­սա լեռ։

- Մու­­սա լեռ... Կրա­­կոտ ժո­­ղովուրդ։ Տե՛ս, «կրակ» բա­­ռը Նա­­նօր, դա­­րերու ըն­­թացքին բռնկե­­ցաւ ու անոր լե­­զու­­նե­­­րը կլա­­նեցին մեր գա­­ւառ­­նե­­­րը, բա­­ռը դար­­ձաւ բազ­­մա­­­լեզու, ըսենք՝ «բազ­­բա­­­բար­­բառ»։ Ձեր լե­­րան վրայ՝ գրիւք, Զէյ­­թունի մէջ՝ գօ­­յօք կամ գօ­­րոք, Ալաշ­­կերտի եւ Մշոյ մէջ՝ կրագ, իսկ Խար­­բերդի, Սե­­բաս­­տիոյ եւ Համ­­շէ­­­նի մէջ՝ գրագ։ Բա­­ռը նաեւ ստա­­ցաւ փո­­խաբե­­րական իմաստ։ Մու­­րա­­­ցանի հա­­մար «լու­­սա­­­ւորու­­թիւն» էր ան, երբ վի­­պագի­­րը կը գրէր «Կրակ­­նե­­­րը մա­­րեցին եւ թա­­գաւո­­րից սկսած մին­­չեւ վեր­­ջին զօ­­րակա­­նը ամէնքն էլ քնոյ գիր­­կը մտան»։ Րաֆ­­ֆիի հա­­մար՝ սաս­­տիկ շոգ. «Արե­­գակը կրակ էր թա­­փում»։ Թու­­մա­­­նեանը անոր մէջ կաս­­կա­­­ծեցաւ պա­­տու­­հաս եւ փոր­­ձանք. «... մեր գլխին մի նոր կրակ էր բե­­րում»։ Տե­­սանք նաեւ, թէ Խա­­չատուր Աբո­­վեանը որ­­քա՛ն մտա­­հոգ էր ազ­­գի վի­­ճակով. «Ո՛չ քսան, երե­­սուն տա­­րուց աւե­­լի ա, իմ ազիզ հե՛ր, իմ սի­­րելի ա՛զգ, որ սիրտս կրակ ա ըն­­կել»։ Վա­­հան Տէ­­րեանը եր­­գեց անոր աւե­­րիչ ոյ­­ժը. «Շատ է տե­­սել մեր սիր­­տը աւեր ու կրակ», ապա՝ անոր վե­­րած­­նող ոյ­­ժը. «Որ­­պէս փիւ­­նիկ կրա­­կից կ՚ել­­նես, կ՚ել­­նես նոր գե­­ղեց­­կութեամբ ու փառ­­քով, վառ ու լու­­սա­­­ւոր»։

- Եւ, ե՛ս էի, որ այդ բա­­նաս­­տեղծու­­թիւնը ար­­տա­­­սանե­­ցի «Մեր սի­­րոյ աշու­­նը» ար­­տա­­­սանա­­կան երե­­կոյին մէջ։

- Բա­­րի յի­­շատակ մը, Վա­­հէ։ Մեր բա­­նաս­­տեղծնե­­րու հա­­մար, կրա­­կը սի­­րոյ փայ­­լա­­­տակումն էր, խորհրդան­­շան մը՝ խան­­դի, ոգե­­ւորու­­թեան, եռան­­դի, աւիւ­­նի եւ, ըստ Թու­­մա­­­նեանի՝ սի­­րոյ. «Սի­­րուն Թա­­մարն ամէն գի­­շեր այնտեղ կրակ է անում»խ Կրա­­կը սպա­­ռեց նաեւ Աւե­­տիք Իսա­­հակեանի սիր­­տը. «Ա՜խ, եղ­­նիկներ, դա­­դար չու­­նեմ, սիրտս՝ կրակ վառ - վառ­­ման»։ Իսկ Մի­­սաք Մե­­ծարեն­­ցը իր հիւ­­ծախտա­­ւոր վի­­ճակի մէջ գտաւ հո­­գեւոր հան­­դարտու­­թիւն...

- Մի՛ ըսէք, կը յի­­շեմ. « Խունկի ծա­­րաւ իմ հո­­գիս կը ծծէ պահն այս հան­­դարտ, ոս­­կեկրակ աչ­­քե­­­րով բուրվառ­­ներ երբ կը ճօ­­ճին»։ Մեր քնա­­րական երե­­կոյէն ին­­ծի ժա­­ռանգ։

- Չա­­րե՜նցը... Եղի­­շէ Չա­­րե՛նցն էր մեր տղա­­ներու ամե­­նէն կրա­­կոտը։ Անոր ամէն մէկ բա­­նատո­­ղը, թէ՛ սի­­րային եւ թէ՝ հայ­­րե­­­նասի­­րական՝ բո­­ցով, հու­­րով եւ կրա­­կով հիւ­­սո­­­ւած է։ Ասի­­կա այն բա­­նաս­­տեղծն է, որ ըսաւ «Իմ աչ­­քե­­­րի մէջ այնքան կրակ­­ներ եմ մա­­րել ես», «Ինչքան կրակ ու վառ խնդում- բո­­լորը քեզ», «Էշխդ՝ կրակ», «Սիրտս վա­­ռուեց, մո­­խիր դար­­ձաւ՝ ին­­քը կրակ ու հուր մնաց», «Իմ սիր­­տը պա­­հել է կրակ­­նե­­­րը հին», «Կրակ­­նե­­­րը քո անուշ», «Վա­­ռուել է եր­­կի­­­րը կար­­միր կրա­­կով», «Սիրտս - կրակ է եւ ոյժ»։ Նա­­նօր, ձայնդ անսպառ, կը յի­­շե՞ս «Թա­­մամ աշ­­խարհ»ը։

- Ինչպէ՞ս մոռ­­նամ... Պի­­տի ըն­­կե­­­րակ­­ցի՞ք։

- Կը փոր­­ձեմ։

- «Դուն կրակ, հա­­քածդ կրակ, վո՞ւր մէ կրա­­կին դի­­մանամ»...

- Ըստ երե­­ւոյ­­թին Աշուղ Աշո­­տի սիրտն ալ սպա­­ռած էր այս բա­­ռով. «Աշուղ եմ» եր­­գը այսպէս է. «Ծոցդ դրախ­­տի ան­­մար կրակ է... Ոչ մի ծա­­ղիկ քո բուրմունքը չու­­նի, ոչ մի մայր քեզ պէս սի­­րուն չի ծնի»։

- Պա­­րոն գալ տա­­րուան ար­­տա­­­սանու­­թեան երե­­կոն կո­­չենք՝ «Սի­­րոյ կրակ»։

- «Սի­­րո՜յ կրակ»... Հեշ­­տա­­­լուր է։ Այդ յայ­­տա­­­գիրը եւ այս գի­­շերը աւար­­տե­­­լու երգն ալ պատ­­րաստ է.

«Սա­­րի սի­­րուն եար, սա­­րի մե­­խակ բեր

Ա՜խ, չէ ի՞նչ մե­­խակ, սի­­րոյ կրակ բեր»։