ԱԼԻՆ ՕԶԻՆԵԱՆ
Հայաստանի հանրապետութեան նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան 17 Ապրիլին խորհրդարանի մէջ 77 կողմ ձայներով վարչապետ հռչակուեցաւ։ Միւս կողմէ Սարգսեանի նախագահութեան շրջանին ընդդիմադիր պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեան Սարգսեանի դէմ բողոքի ալիքը կը գլխաւորէ եւ այժմ յայտարարած է «Թաւշեայ յեղափոխութիւն», որ հազիւ իր աւարտին պիտի աւարտի յաղթանակի տիրանալէն ետք։
«Քայլ արա՝ մերժիր Սերժին» կարգախօսով վեց օրէ ի վեր մեծամասնութիւնը երիտասարդներէ բաղկացող ամբոխը կը փորձէ փողոցները, քաղաքի երթեւեկութիւնը, դպրոցը եւ համալսարանները անդամալոյծ ընելով կառավարական համակարգին աշխատանքը խափանել։ Դիտորդներ Ղարաբաղի անկախութեան համար կատարուածներէն ետք այս ցոյցերը կը գնահատեն իբրեւ ամենաբազմութիւն մասնակցութիւն ապահոված միջոցառում ըլլալով։ Ցուցարարները 15 Ապրիլին խուժեցին Պետական ռատիօ, իսկ 16 Ապրիլին խոստացան քաղաքի փողոցները անանցանելի դարձնել։ Լսելով համալսարանի վարչութեան ցոյցերը արգիլելու մասին որոշումը 16 Ապրիլի առաւօտեան գրաւեցին Երեւանի բժշկական ինստիտուտը եւ Պետական համալսարանը։ Նոյն 16 Ապրիլին քաղաքի կեդրոն հասնող ճամբաները փակող աշակերտութիւնը 17 Ապրիլին ալ պետական շէնքերու մուտքին ուղղուեցան։ Պաշտօնէութիւնը ամբողջ օր բանտարկուած մնաց իրենց գրասենեակներուն մէջ եւ ժամը 19.00-ի սահմաններուն, երբ ցուցարարները Հանրապետութեան հրապարակի մէկտեղումին մասնակցելու համար ցրուեցան դէպի կեդրոն հազիւ անկէ ետք է, որ կրցան դուրս գալ գրասենեակներէն։ Հանրահաւաքը հետաքրքրական եւ զարմանալի ակնկալներով լեցուն է երեւանցիներու համար։ Այդ անակնկալներու ամենաուշագրաւներէն մէկն է ոստիկանութեան որդեգրած չէզոքութիւնը։ Այդ չէզոքութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցան Նիկոլ Փաշինեանի առաջին օրէն սկսելով ցույցերու խաղաղ անցկացման մասին թելադրութիւնները։ Ժողովուրդին ոստիկանութեան հետ դէմհանդիման մնացած բոլոր պահերուն Նիկոլ Փաշինեան փայփայեց ոստիկանները ըսելով, որ դուք մեր եղբայրներն էք եւ խնդիրը երբեք ուղղուած չէ ձեզի։ Աւելին ան յաճախ ներողութիւն կը խնդրէր ոստիկաններու ընտանիքներէն ցոյցերուն պատճառած մտավախութեան համար։ Մինչ այդ կը վնասուէին փողոցի ինքնաշարժները եւ Փաշինեան այս նիւթի համար ալ յաճախ կ՚ըսէր «վնասողները մեզմէ չեն»։
Ուրիշ ուշագրաւ կէտ մըն է Փաշինեանին ալ անդամակցած «Ելք» դաշինքին պատահածներու դէմ որոշ հեռաւորութիւն պահելու երեւոյթը։ Կուսակցութեան երկրորդ կարեւոր դերակատար Էտմոն Մարուքեան չէ մասնակցած ցոյցերու եւ պնդած է թէ ընդդիմութեան վայրը ոչ թէ փողոցներն են, այլ խորհրդարանը։
Միւս կողմէ ցուցարարներն ալ իրենք զիրենք կը ներկայացնեն ոչ թէ Փաշինեանի կողմնակից, այլ Սարգսեանի դէմ ըլլալով։
Փաշինեան 2008-ի ընտրութիւններուն գլխաւորած էր Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ընտրութեան քարոզարշաւը։ Իսկ աւելի կանուխ ան խմբագիրն էր «Հայկական Ժամանակ» թերթի։ Փաշինեանի անունը հանրութեան ծանօթ դարձած էր նաեւ հոսանքի գիներու սղաճին դէմ կատարուած «Էլէքթրիք Երեւան» ցոյցերու ընթացքին։ Փաշինեան առայժմ Սարգսեանի վարչապետութիւնը խափանելէ զատ քաղաքական որեւէ հեռանկար չէ արտայայտած։ Նոյնիսկ խոստում մը չէ ունեցած այս բողոքի ալիքին իր աւարտին հասնելէն ետք որեւէ պաշտօն ստանձնելուն մասին։ 17 Ապրիլի երեկոյեան Հանրապետութեան հրապարակի վրայ անձկացող հանրահաւաքը երկրի ներկայ ճգնաժամէն դուրս գալու առումով յոյս ներշնչեց շատերուն։ Մեր զրուցած երիտասարդները իշխանութեան դէմ ապստամբելու պատճառած ոգեւորութիւնը կ՚ապրէին։ Սակայն ափսոս որ ոչ ոք կը խօսի Սարգսեանի այլընտրանքային անունի մը մասին։ Նոյնպէս յստակ չէ երիտասարդներուն երազած ժողովրդավարութեան սահմանները։ Իսկ միջին տարիքով ցուցարարները յաճախ կը խօսին Հայաստանին Ատրպէյճանի նման երկիր մը չըլլալուն մասին։
«Առաւօտ» թերթի խմբագիր Արամ Աբրահամեան կ՚ընդգծէ գոյացած այս ընդդիմադիր հոսանքին պահպանման կարեւորութիւնը։ Ցուցարարները եւ յատկապէս երիտասարդութիւնը հասկնալի պատճառներով անհամբեր են։ Կ՚ուզեն շօշափելի, փաստացի արդիւնք մը տեսնել։ Եթէ իրենց ուզածը Սարգսեանի հրաժարումը կամ ընտրութեան չեղեալ համարումն է, այդ ակնկալութիւնը բացարձակ իրաւացի չէ։
Վերջ ի վերջոյ վեց օրը աւարտած բողոքի ցոյցերը կ՚ապացուցեն թէ կառավարութեան դէմ իրաւ ու հսկայ ընդդիմադրութիւն մը կայ, բայց նոյնպէս կ՚ապացուցեն թէ այդ ընդդիմութիւնը յստակ ճանապարհի ծրագիր մը չէ կրցած ներկայացնել։