Թուրքիոյ մէջ հետզհետէ յստակացող ընդհանուր կարծիքի համաձայն անհրաժեշտութիւն դարձած էր կանխահաս ընտրութիւնով մը յստակեցնել կառավարութեան իրավիճակը։ Սակայն ամէն անգամուն, երբ օրակարգի կու գայ կանխահաս ընտրութեան մը հաւանականութիւնը Հանրապետութեան նախագահը շատ ստոյգ կերպով կը մերժէր նման վարկած եւ ամէն առթիւ կը յայտարարէր, թէ ընտրութիւնը պիտի կատարուի կանխատեսուած թուականին, որն է յառաջիկայ տարուայ Նոյեմբեր ամիսը։ Սակայն անակնկալներով լեցուն Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգին մէջ ոչ ոքի համար անսպասելի դարձաւ Տեւլեթ Պահչելիի ելոյթը, որ կ՚առաջարկէր ընտրութիւնները կատարել սոյն տարուայ Օգոստոս ամսու վերջին կիրակին։ Ամբողջ օրը այդ յայտարարութեան տեղի տուած ալեկոծումով անցաւ եւ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան մատնանշեց յաջորդ օր կայանալիք հանդիպումը, ըսելով թէ ամէն ինչ այդ հանդիպումէն ետք է, որ կը յստականայ։ Արդարեւ 18 Ապրիլ չորեքշաբթի նախագահ եւ իշխող կուսակցութեան պետ Էրտողան ու Պահչելի մէկտեղուեցան եւ խորհրդակցութիւններէ ետք յայտարարեցին կանխահաս ընտրութեան թուականը, իբրեւ 24 Յունիս 2018։
Ճիշդ է որ կը սպասուէր կանխահաս ընտրութիւն, բայց այժմ յայտարարուած թուականը կարելի չէ «կանխահաս» կոչել, քանի որ ան ունի յանկարծակի յարձակումի մը բնոյթը եւ կը միտի ընդդիմադիրները անպատրաստի կերպով առաջնորդել ընտրութեան սնտուկներու մօտ։ Իսկ այս ռազմավարութիւնը կ՚ապահովէ արդեօք կանխատեսուած նպա՞ստը։ Խիստ կասկածելի է, քանի որ սպառած է ազգայնութիւնը գրգռելով արդիւնքի հասնելու յոյսն ալ։