Եւս անհրաժեշտ լուսաբանութիւն

Որքան ալ ձանձրացնենք մեր կարգ մը ընթերցողները, կրկին պիտի անդրադառնանք մեր նախորդ համարի խորագրին վերաբերեալ «Ժամանակ» թերթի գրութեան։ Վերյիշելու համար նախ ամփոփենք՝ Պատրիարքարանը 2017- ելմտական տեղեկագիր մը հրապարակեց, ուր կը տեսնէինք 135 հազար գումար մը։ «Ակօս» ստուգեց, թէ այդ գումարը քաղաքիս երկու թերթերուն փոխանցուած է իբրեւ ազդերու կամ ծանուցումներու փոխարժէք։ Ուշագրաւ անհաւասարութիւն մը կար այդ բաժանման մէջ, 100 հազար «Ժամանակ»ին եւ 35 հազար «Մարմարա»ին։ «Ակօս» բնականաբար պրպտած էր այդ անհաւասարութեան տեղի տուող «գործօն»ները։ Նկատած էինք թէ ազդերու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը պատուիրուած էր Արամ արքեպիսկոպոսի պաշտօնավարած շրջանին։ Այս մասին պատրիարքարանը համոզիչ բացատրութիւն մը չէ կատարած։ «Ժամանակ» մեր այս լրատուութեան պատասխանեց առանց թերթիս անունը նշելու։ Պնդեց թէ «Ակօս» ընդդիմադիր ձեւանալով հանդերձ պետութենէ նպաստ կը ստանայ։ Նախորդ համարով պատասխանեցինք իրենց այս զրպարտութեան։ Նշեցինք թէ «Ակօս» ո՛չ թէ իր, այլ բովանդակ փոքրամասնութիւններու մամուլին իրաւունքը պաշտպանեց։ Մնաց որ այս իրողութեան բոլորէն աւելի «Ժամանակ»ն է, որ ականատես կ՚ըլլայ։ «Ժամանակ» մեզ կը մեղադրէ նաեւ Պատրիարքարանէն ազդ կամ ծանուցում չստանալու համար անհանգստանալով։ Իսկ երկրորդ անհանգստութիւն մըն ալ կը վերագրէ հայատառ թերթերու խմբագիրներուն խորհրդակցական մարմնի անդամակցութիւնով։

Բոլորովին սխալ հաստատումներ են երկուքն ալ։ Թերթ մը ուզած ընկերութենէն կամ հաստատութենէն ուզածին չափ ազդ կամ գովազդ կրնայ ընդունիլ։ Բացի ընթերցողներէն, ոչ ոքի կը հետաքրքրէ։ Բայց Պատրիարքարանը ընկերութիւն մը կամ հաստատութիւն մը չէ, այլ ազգին գումարներով գործող «հասարակական» մարմին մը։ Պարտաւոր է բոլոր հայկական հաստատութիւններուն, մանաւանդ ալ մամուլին հանդէպ հաւասար հեռաւորութիւն պահելու։ Եթէ իր բաժնած ազդերու փոխարժէքին մէջ հսկայ անհաւասարութիւն մը կը գոյանայ, եւ մանաւանդ այդ անհաւասարութիւնը Աթէշեանի պատճառաւ բաւական վիճելի շրջանի մը կը պատահի, բնականաբար ուշադրութիւնը կը գրաւէ բոլոր լրագրողներու։

Երկրորդ խնդիրն է Աթէշեան սրբազանի կազմած խորհրդակցական մարմնին «Ժամանակ» եւ «Մարմարա» թերթերու խմբագրապետերու ներկայութիւնը։ Ժամանակի խմբագրին համաձայն «Ակօս» կը դժգոհի արտաքսուած զգալով։ Մինչդեռ մեր մերձեցումը շատ յստակ է։ «Ակօս» խորհրդակցական մարմնի անդամակցելու ո՛չ ցանկութիւն ունի, ոչ ալ նպատակ։ Եւ արդէն ալ չի կրնար ունենալ երկու պատճառներով։ Նախ կը հաւատանք թէ խորհրդակցական մարմին մը միայն ընտրուած պատրիարքի մը կողմէ կը կազմուի։ Երկրորդ եւ աւելի կարեւորը, թողունք հասարակութեան կողմէ մերժուած անձէ մը գալը, նոյնիսկ ընտրուած Պատրիարքէ մը գայ նման հրաւէր, անվարան կը մերժէինք։ Կը մերժէինք որովհետեւ մամուլի եւ լրագրողի պարտականութիւնը ամէն տեսակ իշխանութիւնը քննել, իր հանդէպ որոշ հեռաւորութիւն պահել կը պահանջէ, այլ ո՛չ թէ իշխանութեան բաղադրիչը ըլլալ։

Հետեւաբար պարզ է մեր պահանջածը, որքան ալ կազմութեան ձեւին առարկութիւն ունենանք, խորհուրդը կրնար աւելի թափանցիկ կերպով իր ժողովներու արդիւնքը տեղեկացնել հանրութեան։ Ընթերցողը եւ հասարակութիւնը ստիպուած չեն զարգացումները զոյգ թերթերու տեսանկիւնէն լսելու։

Այս դիտողութիւնը արդարացնողը եղաւ «Ակօս»ի լրատուութեան նիւթ դարձած ժողովը։ «Ժամանակ» խնդիրը ներկայացուց խիստ մակերեսային լրատուութեամբ։ Իսկ «Մարմարա» կը գրէր թէ ժողովի ընթացքին ներկայացուած բացատրութիւնները համոզիչ չեն եղած։

Տարիներէ ի վեր յստակ է «Ակօս»ի կեցուածքը։ Օր առաջ կատարել պատրիարքական ընտրութիւնը եւ պայքարիլ այդ նպատակը խափանող բոլոր միջամտութիւններու դէմ։ Որովհետեւ բռնաբարուած է հայ ժողովուրդի կամքը։ Պատրիարքական եւ համայնքային հաստատութիւններու ընտրութեան յետաձգումով գոյացած է տարօրինակ ու այլանդակ վարչակարգ մը՝ որուն հետեւանքով հայ հասարակութիւնը օր ըստ օրէ կը մաշի։ Ափսոս որ զանազան ազդանշաններով ի յայտ կու գայ այդ փտածութիւնը։

Ազդերու եւ ծանուցումներու անհաւասարութիւնը սառնակոյտի երեւացող մասն է միայն։ Ովքե՞ր են պատրիարքի եւ համայնքային հաստատութիւններու ընտրութիւնը խափանողները։ Այս գործընթացի տեւողութեան ի՞նչ սակարկութիւններ կը կատարուին պետական մարմիններու հետ։ Առանց այս հարցումներուն պատասխանելու կարելի չէ հայ հասարակութեան յառաջընթացը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ