- Բարեւ, անունս «Ձի սիրող» է։
- Ուրախ եմ, ես ալ՝ «Արագաշարժ»։ Ծանօթացնեմ, ընկերներս են, «Հողագործ» եւ «Գիսաւոր»։
Նման երկխօսութիւն մը պատճառ դարձած էր, որ վեց տարի առաջ խօսէինք հայկական անուններու խորհրդաւոր (նաեւ ծիծաղաշարժ) աշխարհի վրայ։ Թէեւ այսօր պիտի շարունակենք այդ հաճելի զրոյցը, սակայն կ՚ուզենք նաեւ ուշադրութիւն դարձնել «անուն» բառի վրայ։ Բայց, նախ բացայայտենք վերոյիշեալ անձնանունները... Առաջինը Փիլիպպոս էր։ «Իպպոս» կը նշանակէ «ձի», իսկ «ֆիլոս»ը՝ սիրելի։ Երկրորդը Գրիգոր էր, երրորդը՝ Գէորգ եւ չորրորդը՝ Կոմիտաս։ Բոլորն ալ յունական ծագում ունեցող անձնանուններ...
Անուններուն յունական այս կապը կը միացնէ նաեւ այս դրացի երկու ազգերու «անուն» բառերը։ Մեր «անուն» եւ «անանուն» բառերը համեմատելի են յոյներու «օնոմա» եւ «անոնիմոս» բառերուն հետ։ Հայկականին հետ համեմատելի են նաեւ լատիններու «նոմեն», փռիւգերէն «օնոման» եւ իրանական «նամ» բառերը։ Մեր «անուն»ի անդրանիկ գրաւոր գործածութիւնը, անվրէպ, Աստուածաշունչի մէջ էր։ 1232 անգամ։ Այնուհետեւ հայ ազգը սկսաւ խաչակնքել՝ «Յանուն Հօր» ու մրմնջեց Տէրունական աղօթքը՝ «... սուրբ եղիցի անուն Քո»։ Սուրբ Գիրքի թարգմանիչները գործածեցին նաեւ «անուանել» բայը եւ «անուանի» ածականը։ Բառը անշուշտ պիտի ուզէր աճիլ, քաջագործութիւններ կատարել եւ մեծ անուն մը ձգել։ Յաջողեցաւ ալ։ Ան պսակուեցաւ բազմաթիւ մասնիկներու եւ արմատներու հետ ու գոյացան՝ քաջանուն, մեծանուն, աղախնանուն, անուանաշատ, օրհնանուն, հռչականուն, փաղանուն, յարանուանութիւն բառերը։ Երբ կը խօսինք մեծ անուն ձգելու մասին՝ պէտք է յիշել «աստուածանունութիւն», «անուանաքերթութիւն» եւ «անուանագործութիւն» մեծածաւալ բառերը։ Հայ ժողովուրդը նաեւ չմոռցաւ իր Հայկ նահապետը ու զայն կոչեց՝ «անուանադիր»։ Նոյնպէս Թորգոմը, որ Հայկի հայրն էր, կոչուեցաւ «անուանադիր», քանզի մեր երկիրը «Տուն Թորգոմայ» էր։ Մտայղացանք նաեւ բառեր, որոնք չափազանց ընտիր էին եւ հազուագիւտ։ Ներսէս Շնորհալիի «Ողբ Եդեսիոյ» չափաւոր ստեղծագործութեան մէջ կայ այդ տեսակ անուններու ամենէն գեղեցիկը, ածական մը, որ արժանի էր Անի մայրաքաղաքը նկարագրելու՝ «Արեւելեան քաղաքդ Անի... գեղեցկանուն՝ զարմանալի»։ Իսկ մեր նահանգներէն ներս, առաջնորդական թեմի պատգամաւորական ժողովները, թեկնածուներու «եռանուն» ցանկէն կ՚ընտրեն իրենց առաջնորդը։
Մարդու անունը դիւրաբեկ է, մանաւանդ օրիորդներու պարագային։ Ահա, թէ ինչո՛ւ աշուղ Նահապետ Քուչակի եարը, «գէշ» աղջիկ, մերժեց համբոյր մը տալ.
Խալտեցայ, խալատ մ՛արի,
Ան գէշէն պագիկ մ՛ուզեցի.
Ան գէշն ալ ի նազ ելաւ.
Չե՛մ ի տար, անունս աւըրի։
Բայց միշտ չէ, որ մարդիկ անուն կը հանէին քաջագործութեամբ կամ իրենց գեղեցկութեամբ։ Հայկական գրականութեան եւ պատմագրութեան մէջ ունեցանք «շնանուն աբեղայ», «վատանուն յանցագործ» «պղծանուն Յուլիանոս» արտայայտութիւնները։ Վերադառնանք արական անձնանուններուն, ու տեսնենք թէ, բառացիօրէն ո՛վ ենք մենք. Սահակ՝ ծիծաղ եւ ուրախութիւն, Սուքիաս՝ խաղաղ եւ հանդարտ, Վազգէն՝ գորտ (պարսկական բառ), Մելքոն՝ լոյսի թագաւոր, Համազասպ՝ ան, որ ձիերու խումբ ունի, իսկ Գասպար՝ գանձապետ։
10-րդ դարուն Գրիգոր Նարեկացին «անուն» բառին առջեւ տեղադրեց պատկերալից ածականներ ու հնարեց եզակի բառակապակցութիւններ։ Քանի մը օրինակ. «Կենդանի անուն», «Փրկութեան անուն», «Ընտրեալ անուն», «Ահեղ անուն», «Խոստովանեալ անուն», «Անուն անճառ», «Ծանուցեալ անուն», «Բարեհռչակեալ անուն»։ Ունեցանք նաեւ անուանի արածներ եւ արտայայտութիւններ. «անուն բայի», «անուն շքոյ», «յատուկ անուն», «անուն պանծանաց անձին ժառանգացուցանել», «աւազանի անուն», «անունը բերանն առնել», «անունովդ ապրիս», «անունը լեզուի ծայրին», «անունը տուր, փայտը վերցուր»։ Անունը, ինչպէս գրեց վիպագիր Սերօ Խանզադեանը, պատիւ է. «Դեռ լաւ է, որ ետեւից բարի անուն թողնող մարդ է լինում աշխարհում»։ Բառը ներշնչում էր նաեւ Թէքէեանի համար։ «Անունդ» բանաստեղծութեան մէջ՝ ան դարձաւ «երկվանկանի մատեան».
«Ինչո՞ւ անունըդ այստեղ
չըկարենա՜մ գրել ես,
Եւ աշխարհի չյայտնեմ,
թէ քեզ ինչպէս սիրեցի»։
Համօ Սահեանը «անուն»ի մէջ տեսաւ մէկ այլ գեղեցկութիւն՝ հայրենիքը. «Հայաստա՛ն, անունդ տալիս, ժայռի մէջ մի տուն եմ յիշում»։ Արամայիս Սահակեանը կը սարսափէր անունէն. «Անունդ վախով եմ տալիս, որպէսզի շուրթերս չայրուեն»։ Հայկական անունները շարունակեն մեզ զարմացնել... Աբիսողոմ՝ խաղաղութեան հայր, Աթանաս՝ անմահ, Երուանդ՝ արագընթաց, Ահարոն՝ լեռնաբնակ, Զաւէն՝ օգնական, Եղիշէ՝ Աստուած փրկութիւն է, Բագրատ՝ Միհր աստուծոյ ստեղծածը։
Անունը նաեւ դարձաւ գրական երկի հեղինակը ծածկող գաղտնաբառ։ Բազմաթիւ բանաստեղծներ իրենց ինքնութիւնը թագցնելու համար օգտագործեցին «ծածկանուն» կամ «գրչանուն»։ Մեր գրականութեան մէջ ունեցանք Ծիածան, Էժտահար եւ Փիկմալիոն, այսինքն՝ Միսաք Մեծարենցը, Ռուբէն Զարդարեանը եւ Վահան Թէքէեանը։ Իսկ անուն դարձաւ նաեւ անոր... բացակայութիւնը։ Քիչ չեն այն բանաստեղծութիւնները, որոնց անունը՝ «Անանուն» է։ Կ՚արժէ յիշել Միսաք Մեծարենցի «Անանուն»ը եւ մէջբերել տողիկ մը. «Վայրի ծաղիկ, անունդ ի՞նչ է…»։ Մինչ Եղիշէ Չարենցը մեզի տուաւ «անանուն գործ», Վահրամ Փափազեանը «անանուն մղձաւանջ» եւ Աւետիք Իսահակեանը «անանուն երգ» արտայայտութիւնները։
Նախ քան հրաժեշտ տալը, կ՚արժէ արական անուններու խմբակ մը եւս յիշել. Ստեփանոս՝ պսակ, Զաքար՝ Տէրը յիշեց, Դանիէլ՝ Աստուած իմ դատաւորս է, Դաւիթ՝ սիրելի, սիրեցեալ, Էտկար՝ գեղարդ, Իգնատիոս՝ հրեղէն, Միքայէլ՝ ո՞վ է Աստուծոյ պէս, Փանոս՝ փայլուն եւ Վիգէն՝ յաղթական։ Եւ, անշուշտ մօտ օրէն կը խօսինք նաեւ իգական անուններու մասին։ Միշտ բարի ու բարձր մնայ ձեր անունը։