Թուրքիոյ հանրապետութեան որդեգրած Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը ուրանալ միտող պաշտօնական ռազմավարութիւնը ժամանակի ընթացքին հայկական սփիւռքին պարտադրեց այդ ուրացման դէմ բոլոր միջոցներով պայքարելու կամքը։ Այդ կամքի բնական դրսեւորումն է Եւրոպայի զանազան երկիրներէ ներս Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը յիշատակող յուշարձաններու կառուցումը։ Սակայն Թուրքիոյ պետական միտքը նաեւ հանդուրժողութիւն չունի զոհերու յիշատակը յարգելու երեւոյթին դէմ։ Այդ անհանդուրժողականութիւնը արձագանգ կը գտնէ արեւմտեան իբրեւ թէ քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ եւ շատ անգամ եւրոպացիներ տարուելով թրքական քարոզչամեքենայի զրպարտութիւններէն կ՚առարկեն հայոց զոհերու յիշատակման ձօնուած միջոցառումներուն դէմ։ Իսկապէս տխուր երեւոյթ, որու հետեւանքով գողտրիկ այգիի մը կամ գերեզմանատան մը անշուք մէկ անկիւնին կանգնեցուած համեստ խաչքար մը իսկ կը ստեղծէ յաղթանակի տպաւորութիւն։ Անշուշտ ստիպուած ենք գնահատելու խումբ մը նուիրեալներու սպառիչ աշխատութիւնը եւ քանի որ այսքան մեծ անհանգստութիւն կը պատճառէ նաեւ պէտք է ողջունենք կատարուած գործը։
Ժնեւի մէջ «Յիշողութեան լապտերներ»
Որքան ալ խօսինք համեստ կոթողներու մասին կ՚արժէ խոստովանիլ, որ այդ կառուցուածները շատ անգամ ունին գեղարուեստական արժէք եւ պատիւ կը բերեն իրենց տեղադրուած վայրերուն։ Այդպիսի օրինակ մըն է Ժնեւի լապտերները, որոնք մտայղացումն են ֆրանսահայ քանդակագործ Մելիք Օհանեանի։ Օհանեան իր այս գործով, թէ քաղաքին հարստութիւն մըն է, որ կը պարգեւէ եւ թէ հասարակութեան կը ներկայացնէ բարձր ճաշակով գեղարուեստական կոթող մը։
Արդարեւ 13 Ապրիլին Ժնեւի Թրեմպլի անուն զբօսայգիի մէջ պաշտօնական բացումը կայացաւ «Յիշողութեան լապտերներ»ուն։ Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի հանրապետութեան Ժնեւի դեսպան Շառլ Ազնաւուր։ Ինչպէս նշած ենք այս մասին առաջին նախաձեռնութիւնները տեղի ունեցած էին 2008 թուականին, բայց Զուիցերիոյ իշխանութիւնները քաղաքական պատճառներով յարմար չէին գտած նման յուշարձանի մը բացումը։ Թուրքիոյ Զուիցերիոյ դեսպան Մեհմետ Սայիտ Ույանըք բողոքեց յուշարձանի բացման դէմ զայն կոչելով յետին նպատակով կատարուած գործ մը, որ կը սպառնայ Թուրքիա- Զուիցերիա յարաբերութիւններու։
Ցեղասպանութեան յուշարձան
Քէօլնի մէջ
Գերմանիայէ ներս ընդմիշտ աւելի մեծ նշանակութիւն ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակումը։ Պատմական իրողութիւն է, որ այդ մեծ ոճիրի պահուն Թուրքիոյ բանակը կը ղեկավարուէր գերմանացի սպաներու կողմէ։ Յատկապէս Գերմանական խորհրդարանի՝ Պունտեսթակի Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւի ընդունումէն ետք, մանաւանդ ալ դէպի Սուրիա ուղղուած թրքական յարձակումներու նիւթով յաճախ վերյիշումներ կը կատարուի 100 տարի առաջ հայոց դէմ ալ նոյն գերմանական զէնք ու զինամթերքի գործածութեան օրինակով։ Թերեւս այս պարզեցման հետեւանքով Քէօլնի բրգաձեւ յուշարձանի վրայ հայերէն, թրքերէն եւ գերմաներէն լեզուներով յիշուած է Օսմանեան կայսրութեան Հայոց ցեղասպանութիւնը գործադրելու ժամանակ Գերմանիոյ Ուիլհեմ Բ. կայսրի ցուցաբերած աջակցութիւնը։
Քէօլն քաղաքի խորհրդանշան համարուող ՏՈՄ-ի տաճարի մերձակայ այս յուշարձանին տեղադրման դէմ եւս եղած են զանազան առարկութիւններ։ Քաղաքապետարանը որոշած է այդ բողոքները քննարկել եւ որոշումի մը յանգիլ 22 Ապրիլ կիրակի օրուայ իր ժողովի ընթացքին։
Թրքական նախաձեռնութիւններ
24Ապրիլի նախաշեմին Թուրքիոյ մէջ եւս կը տեսնենք զանազան խլրտումներ։ Այսպէս «Կազեթէ Քարընճա» Օրօրայի մրցումներու նախագիծէն քաղելով պատրաստած էր «1915-էն ցայսօր հայկական դէմքեր»ը։ Այժմ այդ թարգմանութիւնը «Հայնրիխ Պէօլլ Շթիֆթունկ»ի աջակցութեամբ գիրքի կը վերածուի։
Ցեղասպանութեան 103-ամեակին ձօնուած այս աշխատութեան մէջ վերապրածներու որդիները կամ թոռները կը պատմեն իրենց նախնեաց ապրածներու մասին։ Այսպէսով ընթերցողը իրազեկ կը դառնայ զանազան ընտանիքներու Ուրֆայէն Պուէնոս Այրես, կամ Ամասիայէն Ֆրանսա երկարող ոդիսականներուն։ Հանրածանօթ շարժանկարի բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան այս հրատարակութեան համար գրի առած ներածականին մէջ յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ սոյն աշխատութեան նախաձեռնողներուն։ «Այստեղ սփիւռքի ձայները մէկտեղուած են։ Եթէ իրենց հայրենի հողին վրայ ապրած ըլլային բոլորովին տարբեր կեանք մը պիտի ապրէին անոնք, բայց միակ բան մը, որ գիտենք մեզի համար առեղծուածային, իսկ իրենց համար շատ հարազատ լեզուով մըն է, որ կը պատմեն սեփական կեանքի դառն պատմութիւնը»։
Գիրքի թարգմանութիւնները կատարած են Թոլկա Էր եւ Լոքման Սազան։
Սոյն հրատարակութեան մէջ կը հանդիպինք Օրօրա Մարտիկանեան, Արթօ Թունչ Պոյաճեան, Լիլեան Քեշիշեան, Մարք Նշանեան, Ճիւան Գասպարեան, Ատոմ Էկոյեան, Կոր Աւետիսեան, Պրենտա Վանեշեհեան, Դաւիթ Նալպանդեան, Ժանին Ալթունեան, քոյր եւ եղբայր Եւա, Յարութ Արզումանեան, Տիգրան Ալթուն, Վարդան Մելքոնեան, Արսինէ Խանճեան, Սերժ Աւետիկեան, Քիմ Քարտաշեան եւ ուրիշներէ բաղկացած 50 հայերու կերպարներ։
Գիրքը հրապարակ կ՚ելլէ 24 Ապրիլ 2018-ին։
Միջոցառումներ, միջոցառումներ…
Բացի այս բոլորը, ինչպէս նախորդ տարիներ այս տարի եւս գլխաւորութեամբ Իսթանպուլի, Թուրքիոյ զանազան քաղաքներու մէջ միջոցառումներ կը կայանան բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ։ Կեդրոնը Փարիզ գտնուող EGAM (Եւրոպայի ցեղապաշտութեան դէմ շարժում) կազմակերպութիւնը 23 Ապրիլ ժամը 13.00-ին մամլոյ յայտարարութիւն մը պիտի կատարէ Մարդու իրաւունքներու միութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղին մէջ։ 24 Ապրիլին, ժամը 12.00-ին պոլսահայ մտաւորականները պիտի յիշատակուին դէպի իրենց մահուան ճամբորդութեան մեկնած Հայտարփաշայի կայարանին առջեւ։ Նոյն օրուայ երեկոյեան ժամը 19.15-ին Թիւնելի հրապարակի վրայ ՏուրՏէ հարթակի նախաձեռնութեամբ պիտի յիշատակուին Մեծ եղեռնի զոհերը։ Նաեւ նախորդող եւ յաջորդող օրերուն համար նախատեսուած է բազմաթիւ բանախօսութիւններ, ասուլիսներ, տարբեր դահլիճներու մէջ։