ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Ինչպէս տեղեկացուցած էինք անցեալ շաբաթ, ցանցահէն բարեկամներ պատրիարքարանին համակարգիչները մտած եւ մանրակրկիտ խուզարկումէ մը ետք ձեռք անցուցած էին Արամիկ Աթէշեանին ի-մակները։ Ապագայ պատմաբաններուն համար յոյժ կարեւոր են այս փաստաթուղթերը, տրուած ըլլալով որ պոլսահայութիւնը յուզող վերջին շրջանի իրադարձութիւններուն լուսոյ նշոյլ կը սփռեն։
Կը շարունակենք հրատարակել զանոնք։
*
Քուրթուլուշ, 21 Մարտ 2018, 10։00
Սիրելի Անդրանիկ,
Չեմ հասկնար թէ ինչու հարցուցած ես հակազդեցութիւններու մասին։ Քանի մը անկիրթներու պոռալ-կանչելը երբուընէ՞ հակազդեցութիւն կը կոչուի։ Ընդհակառակը, ինծի հանդէպ ժողովուրդին սէրը օրէ օր կ՚աւելնայ։ Կարծեմ չես հետեւիր Ֆէյսպուքի էջիս։ Համայնքին կրօնական նիւթերու մասին տեղեկութիւններ տալու համար բացի այդ էջը։ Բա՛ց եւ անգամ մը կարդա՛ հաճիս գրուածները։ Զոր օրինակ անցեալ օր գրած էի ամպհովանիի մասին. թէ ի՛նչ ըսել է, թէ կաթողիկոսները եւ պատրիարքները կը գործածեն, թէ տօնական յատուկ օրերու համար է եւլն.։ «Աստուած ձեզի ալ ամպհովանիով եկեղեցի մուտք գործելու արժանացնէ», գրեր էր բարեպաշտ տիկին մը։ «Ոչ մէկ պատճառ չիրականանալուն համար», պատասխանած էր ուրիշ մը բարեպաշտ տիկնոջ։ «Ամենագեղեցիկ ամպհովանին է որ ձեզ պիտի պաշտպանէ արեւէն», ըսեր էր հաւատացեալ մըն ալ։ Ուղղակի կը խենթենան վրաս… Անցեալ օր ալ բացատրած էի աթոռին ինչ ըլլալը։ «Աթոռը պարապ չմնայ։ Այդ աթոռին դուք կը վայելէք», «Իշխանութեան ամենաբարձրը ձեզի համար է», «Այդ աթոռին դուք արժանի էք» չըսե՞ն ամէնքն ալ խօսք մէկ ըրած։
Կը կարծես որ չե՞մ գիտեր ինծի հակազդող այդ քանի մը հոգիները։ Նայէ՛ ինչ պիտի ընեմ ես անոնց։
Փոխանորդ
*
21 Մարտ 2018, 10։30
Սիրելի Փոխանորդ,
Ինքզինքդ միամիտ ձեւացնելու մեծ վարպետ մըն ես։ Հայաստանի մէջ գեղեցիկ խօսք մը կայ, որ ճիշդ քեզի համար է. «Էշի ականջում քնած է», կ՚ըսեն։ Ապրի՛ս… Աթոռներու, ամպհովանիներու մասին խօսելով թագուն պատգամնե՞ր կը փոխանցես։ Հետեւորդներդ քեզմէ խելացի են, ըսեմ… Քու թագուն պատգամներդ իրե՛նք կը բացայայտեն իրենց գրածներով։ Հայաստանէն խօսք բացինք, շարունակենք։ Գիտես Սերժ Սարգսեանը շուտով վարչապետ պիտի ըլլայ, այսինքն երրորդ անգամ Հայաստանի գլխուն փորձանք պիտի դառնայ։ Ո՞վ կ՚երեւակայէր։ Բոլորը խաղէն դուրս ձգեց, հիմա ինք առանձինն կը ղեկավարէ։ Դուն ալ նման ես անոր, ըսեմ… Բոլորը խաղէն դուրս ձգած ես։ Ո՞վ կ՚երեւակայէր թէ դուն կրնաս օր մը ձգէ՛ պատրիարք, նոյնիսկ պատրիարքցու ըլլալ։ Սկիզբն ալ գրեցի. ինքզինքդ միամիտ ձեւացնելու մեծ վարպետ ես։ Բայց, ուշադի՛ր, հետեւորդներդ անգամ գիտեն որքան խորամանկ ըլլալդ։
Բարի օրեր…
Անդրանիկ
*
Գումգաբու, 24 Մարտ 2018
Յարգելի պարոն Անժպիտեանց,
Խորհրդակցական մարմինի անդամակցութիւնը չեմ հասկնար ինչո՞ւ մերժած էք։ Կ՚ըսէք, թէ պարոն Սիրունեանի հետ չկարգաւորուած խնդիրներ ունիք։ Կը յիշեցնէք ձեր ըրած վերջին կռիւը նախորդ տեղապահի (որուն անունը անգամ չեմ ուզեր յիշել) նախագահութեամբ կայացած ժողովի մը ընթացքին։ Մեր համայնքին գերագոյն շահը կը պահանջէ որ մէկ կողմ ձգէք անձնական խնդիրները, սիրելի պարոն Անժպիտեանց։ Քիչ մը օրինակ առէք սա հարեւան թերթերու խմբագիրներէն։ Ատենօք ինչեր ըսես չեն ըրած, չեն ըսած իրարու, բայց հիմա ազգին գերագոյն շահերուն համար ընդունեցին մաս կազմել խորհրդակցական մարմինին։ Բացէ ի բաց ըսեմ. ես ձեզի պէտք ունիմ պարոն Անժպիտեանց։ Պատրիարքարանին վարկը ձեզի պէս շնորհքով մարդիկը կը բարձրացնեն։ Պարոն Սիրունեանին հետ ձեր ունեցած խնդիրները կը կարգադրենք շիշ մը «Յակոբ Դանիէլեան»ի շուրջ, հոգ մի՛ ընէք։ Ակնկալող եմ ձեր դրական պատասխանին։
Սիրով՝
Փոխանորդ
*
Գումգաբու, 24 Մարտ 2018, 15։16
Բարձրաշնորհ Փոխանորդ,
Հայերէնս տկար է, կը ներէք։ Ատ ժողովին կանչեցիք եա, խենթ էղա, խե՛նթ։ Ուզէք նէ ասկէ ետքը ձգէ տեղապահը, կաթողիկոսին առջեւ անգամ կը գոցեմ Մայր եկեղեցիին դուռերը։ Փոխանորդ հայր, ամօթ պիտի ըլլայ, գիտեմ ամմա… արժեմ-չարժեմին մատալիոն տուիք, կու տաք կոր ա, իմ ալ կուրծքիս մատալիա մը անցընէիք նէ՝ գէշ չէր ըլլար։
Աս մեր էտեւի օթելը տեսա՞ք։ Հոնկէ սենեակ մը զատե՞մ ձեզի համար։ Գումգաբուի ատ փողոցները շատ թուրիսթ չի գալուն սենեակները պարապ են ինտոր է նէ։ Յոգնած դադրած պատրիարքարանէն էլլալնէդ ետքը աղուոր մը քէյֆ կ՚ընէք։ Մերինները դուրս գացած էին, ըսե՞մ տիւթի ֆրիէն օղի մը, «Յովիկ Քալող» մը բերեն։
Ժողովին կը տեսնուինք։
Յարգանքով՝
Յ. Կարմիրեան
*
Քուրթուլուշ, 24 Մարտ 2018, 15։30
Սիրելի պարոն Կարմիրեան,
Ձեզմէ այլ պատասխան մը չէի ակնկալեր անգամ։ Շատ շնորհակալ եմ։ Ազգը շնորհակալ է ձեզմէ։ Սենեակ մը գէշ չէր ըլլար հարկաւ։ Արդէն Գումգաբուին մէջտեղը օթէլ բացողը խելքը պանիր-հացով կերած ըլլալու է։ Գոնէ մենք վայելենք երբեմն-երբեմն։ Տիւթի ֆրիէն «Յովիկ Քալող» չէ, բայց «Յակոբ Դանիէլեան» մը եթէ բերեն՝ լաւ կ՚ըլլայ։ «Յովիկ Քալող»ը գլխու ցաւ կը պատճառէ կոր։ Երուսաղէմի հոգեւոր եղբայրներս «Յակոբ Դանիէեան» յանձնարարեցին։ Ատիկա փորձեմ անգամ մըն ալ։ Շիշ մըն ալ օղի խնդրեմ։ Մե՛ծ։ Շքանշանի հարցին զատիկէն ետքը նայի՞նք։ Ինչո՞ւ ոչ, ուրիշներ ալ կան արդէն։ Այդքան ծառայութիւն բերիր եկեղեցիին, պարոն Կարմիրեան։
Չուշանաք ժողովին։
Ցտեսութիւն,
Փոխանորդ
*
Պահչէշեհիր, 24 Մարտ 2018, 21։30
Աղջի՛կ,
Չըսի՞ քեզի որ մեր լուսանկարները Ֆէյսպուք, Ինսթակրամ կամ Թուիթըր չդնես։ Ի՞նչ ըսել է բան մը չըլլար։ Ի՞նչ ըսել է եպիսկոպոս ինչ է, փոխանորդ ինչ է չես գիտեր։ Հազար անգամ չպատմեցի՞ քեզի։ Դուն Ճիւպպելի Ահմետ հոճան տեսա՞ծ ես բնաւ այս վիճակին մէջ։ Ատանկ բան մը իշթէ։ Յետո՛յ ինչ որ իմ մօրուքս անոր չափ երկար չէ… Մոռցի՛ր Ատնան հոճան։ Մեր հոստեղի հայերը աւելի Ճիւպպելիի հետեւորդներուն կը նմանին, քան Ահմետ հոճայի։ Շատ կ՚աղաչեմ, ասկէ ետքը աւելի ուշադիր եղիր, հոգի՛ս։
Տունը վերջին շիշ մը «Յովիկ Քալող» կայ։ Ելիր եկուր, քիչ մը ժամանակ անցընենք։ Կանխաւ ըսեմ՝ լուսանկարները Ֆէյսպուք դնել չկայ, հա՜…
Ճամբուդ սպասող՝
Փոխանորդ