Մեր օրերն ու պոլսահայոց աւանդազրոյցները

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksanakarapetian@gmail.com

Այս օրե­­րին Հա­­յաս­­տա­­­նում ցոյ­­ցեր են։ Սերժ Սարգսեանը վար­­չա­­­պետ «կ՚ընտրո­­ւի», երկրում իշ­­խա­­­նափո­­խու­­թիւն փաս­­տա­­­ցի տե­­ղի չի ու­­նե­­­նար, Հա­­յաս­­տա­­­նը կը տա­­ռապի կա­­շառա­­կերու­­թեան, աղ­­քա­­­տու­­թեան, ար­­տա­­­գաղ­­թի մէջ, իսկ այդ ամէ­­նի հե­­ղինակ­­նե­­­րը կամ կը տրտնջան, բայց բան մը փո­­խելու փո­­խարէն ընտրա­­կաշառք կ՚առ­­նեն եւ նոր Սահ­­մա­­­նադ­­րութիւն «կ՚ընտրեն», կամ իշ­­խա­­­նաւո­­րի բաճ­­կո­­­նը հա­­գած մեծ խան­­դա­­­վառու­­թեամբ իրենց ստեղ­­ծած լու­­սա­­­ւոր Հա­­յաս­­տա­­­նի գով­­քը կ՚եր­­գեն։

Տպա­­ւորու­­թիւն է թէ մի տա­­րած­­քի վրայ եր­­կու տար­­բեր աշ­­խարհնե­­րում կ՚ապ­­րենք եւ իշ­­խա­­­նու­­թեան գլուխ խուլ կոյ­­րեր են նստած։ Պոլ­­սա­­­հայոց մէջ աւան­­դազրոյց մը կար, որ շատ խօ­­սուն է այս առ­­թիւ։

Խուլ մար­­դուն մէ­­կը կ՚ու­­զէ այ­­ցե­­­լել իր հի­­ւանդ ըն­­կե­­­րոջը։ Բայց ինչպէս պի­­տի իմա­­նայ նրա դրու­­թիւնը եթէ ինք խուլ է։ Եւ որ­­պէսզի կրնայ գո­­նէ ձե­­ւական մխի­­թարել նրան, իր մէջ հարց ու պա­­տաս­­խաններ կ՚որո­­շէ։

Այսպէս կը մտա­­ծէ «եր­­թամ հարցնեմ ինչպէս ես, ան ալ ինչքան ալ որ գէշ ըլ­­լայ՝ «Փառք Աս­­տուծոյ, աղէկ պի­­տի ըլ­­լամ» կ՚ըսէ երե­­ւի, ետ­­քը կը հարցնեմ թէ ինչ դե­­ղեր կ՚առ­­նէ, ան ալ քա­­նի մը դե­­ղերու անուն պի­­տի տայ, ես ալ կ՚ըսեմ այդ դե­­ղերը շա­­րու­­նա­­­կէ, շատ ազ­­դե­­­ցիկ են…

Եւ այսպէս քա­­նի մը հարց ու պա­­տաս­­խան ալ կը խոր­­հի եւ կու գայ հի­­ւանդ ըն­­կե­­­րոջ տուն։ Ըն­­կե­­­րը ան­­կո­­­ղինը պառ­­կած կ՚ըլ­­լայ։ Խու­­լը կը հարցնէ.

- Ինչպէ՞ս ես հի­­մա։

Հի­­ւան­­դը հա­­զիւ լսե­­լի ձայ­­նով կը պա­­տաս­­խա­­­նէ.

- Ար­­դէն ան­­դիի աշ­­խարհքը եր­­թա­­­լու վրայ եմ։

Խուլ ըն­­կե­­­րը իր պատ­­րաստած պա­­տաս­­խա­­­նը կը­­սէ.

- Աս­­տո­­­ւած տայ, Աս­­տո­­­ւած տայ։ Իսկ ի՞նչ դե­­ղեր կ՚առ­­նես։

Հի­­ւանդ ըն­­կե­­­րը բար­­կա­­­ցած կ՚ըսէ.

- Զէ­­հիր-զէմ­­պէ­­­րէկ կ՚առ­­նեմ։

- Աղէ՜կ, աղէ՜կ, ատի­­կա քե­­զի կ՚օգ­­նէ, - կ՚ըսէ խու­­լը

Քիչ անց բան մը ըսած ըլ­­լա­­­լու հա­­մար խու­­լը կը հարցնէ.

- Ո՞ր տոք­­թո­­­րը քե­­զի եկաւ նա­­յելու։

Հի­­ւանդ ըն­­կե­­­րը, որ ար­­դէն նե­­ղուած էր խուլ ըն­­կե­­­րոջ հար­­ցումնե­­րէն, կ՚ըսէ.

- Հո­­գեառ հրեշ­­տա­­­կը կու գայ այ­­ցե­­­լու­­թեան։

Խու­­լը նո­­րէն չի լսեր եւ կ՚ըսէ.

- Շա՜տ աղէկ է, անոր ոտ­­քը թե­­թեւ է, քեզ շուտ մը ան­­կո­­­ղինէն կը հա­­նէ։

Հի­­ւան­­դը ալ չի դի­­մանար եւ ջղա­­յին ձայ­­նով մը կը սկսի պո­­ռալ…

Տե­­սե՞լ էք գող-օլի­­կար­­խին, որը ժո­­ղովրդի, պե­­տու­­թեան ու­­նե­­­ցուած­­քը կը թա­­լանի, ետ­­քը բա­­րեգոր­­ծութիւն կ՚ընէ, եկե­­ղեցի մը կը կա­­ռու­­ցէ՝ դրախ­­տում իր հա­­մար յար­­մար տեղ պատ­­րաստե­­լով եւ իրեն առիւ­­ծա­­­մարդ զգա­­լով։ Մենք շա՜տ ենք տե­­սել։

Եւ ահա մարդ միշտ ակա­­մայ կը մտա­­ծէ՝ լաւ, եթէ այդ եկե­­ղեցի բարձրաց­­նող գողն իս­­կա­­­պէս Աստծու գո­­յու­­թեանը կը հա­­ւատայ, ապա ի՞նչ պա­­տաս­­խան նա պի­­տի տայ Աստծուն իր գոր­­ծած մեղ­­քե­­­րի հա­­մար։ Այդ ժամ է երբ կը յի­­շեմ մեր աւան­­դազրոյցնե­­րէն մէ­­կը՝ եկե­­ղեց­­ւոյ գո­­ղի մա­­սին։

«Գիւ­­ղի մը մէջ գող մը կայ եղեր, որ ամէն Շա­­բաթ եկե­­ղեցի գա­­լով՝ կը կո­­ղոպ­­տէ, յե­­տոյ ալ Յի­­սու­­սը գրկած Աս­­տո­­­ւածած­­նի նկա­­րին առ­­ջեւ ծունկի գա­­լով մե­­ղայի կու գայ եղեր»։

- Նե­­րէ՚ ին­­ծի, ո՛վ Աս­­տո­­­ւածա­­մայր, գի­­տեմ, որ մե­­ղաւոր եմ, բայց ի՞նչ ընեմ, աղ­­քատ եմ, - այսպէս կ՚ըսէր գողն ու կո­­ղոպ­­տո­­­ւած իրե­­րը կը շալ­­կեր դուրս կու գար եկե­­ղեցիէն։

Օրէն մէ­­կը ժամ­­կո­­­չի զա­­ւակը կը տես­­նէ այս երե­­ւոյ­­թը եւ յա­­ջորդ ան­­գամ, երբ գո­­ղը նո­­րէն եկե­­ղեցի կու գայ իր չար գոր­­ծը անե­­լու, ժամ­­կո­­­չի որ­­դին ծա­­ծուկ պահ կը մտնէ խո­­րանի ետե­­ւը։

Գո­­ղը եկե­­ղեց­­ւոյ իրե­­րը հա­­ւաքե­­լէն ետ­­քը ծունկի կու գայ՝ մեղ­­քե­­­րը քա­­ւելու.

- Ո՛վ Մա­­րիամ Աս­­տո­­­ւածա­­ծի՜ն, նե­­րէ՛ ին­­ծի՝ մե­­ղաւո­­րիս, պար­­տա­­­կան եմ, ի՞նչ ընեմ, գործ չկայ, մա­­նուկներս հաց կը սպա­­սեն։

- Ո՛չ, չե՜մ նե­­րեր, - կը պո­­ռայ ժամ­­կո­­­չին տղան խո­­րանին ետե­­ւէն իր բա­­րակ ձայ­­նո­­­վը։

Գո­­ղի սիր­­տը դող կը մտնէ, բայց իր ու­­ժե­­­րը ժող­­վե­­­լով կ՚ըսէ.

- Դուն սո՛ւս, փի՜ճ, ես մա­­մայիդ հետ կը խօ­­սիմ կոր։

Ինչ-որ բան ինձ կը յու­­շէ, որ մեր աղ­­քատ օլի­­կարխներն ալ նման կերպ կը ժող­­վեն իրենց ու­­ժերը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ