Եըլմազ Կիւնէյի նամակը Փարիզի Թրիպունալի

Ապրիլի 1-ը Եըլմազ Կիւնէյի ծնունդն է։ Այս տարի անուանի արուեստագէտը յիշատակուեցաւ Իսթանպուլ Ճարտարապետներու կաճառի մէջ տեղի ունեցած յատուկ միջոցառումով մը։ Այդ օր այլախոհ մտաւորական Մահմուտ Քոնուք ընթերցեց Կիւնէյի 1984 թուին Փարիզի Թրիպունալին ղրկած նամակը։ Թրիպունալը խղճի դատավարութիւն մըն է, որ չունենալով հանդերձ պատժելու կարողութիւն, իր հրապարակումները տեղի տուած արձագանգներու հետեւանքով խիստ կարեւոր է համաշխարհային մտաւորական միջավայրի մէջ։ Թրիպունալի հիմնադրութիւնը կայացաւ 1966-ին։ Կարծեցեալ դատարանի առաջին նիստերը տեղի ոնեցան Սթոքհոլմ եւ Քոփենակենի մէջ։ Քննարկուեցաւ ԱՄՆ-ի Վիեթնամի մէջ գործած ռազմական յանցագործութիւնները։ Հանրածանօթ մտաւորականներ Պերթրընտ Ռասըլի պատուոյ նախագահ եւ Ժան Փոլ Սարթրի վարչական նախագահ եղած կազմակերպութեան այս դատական նիստերուն, իբրեւ անդամ մասնակցած էր նաեւ Թուրքիոյ բանուորներու կուսակցութեան նախագահ Մեհմետ Ալի Այպար։ Նիստերու ընթացքին, երբ նիւթը կը վերաբերէր պատերազմներու մէջ կատարուած յանցագործութեան, օրակարգի եկաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրը։ Սակայն Այպար առարկեց այս նիւթի քննարկման եւ խնդիրը վերածուեցաւ եզակիօրէն Հայոց ցեղասպանութիւնը քննարկող Le Crime de silence խորագիրով նոր նիստերու կազմութեան։ Ահա այդ դատական նիստերուն է, որ Եըլմազ Կիւնէյ կը գրէ ներքեւ թարգմանաբար ներկայացուած նամակը՝

Մե­ծա­­յարգ նա­­­խագահ,

 

Լսած եմ պա­­­տուար­­­ժան ատեանիդ Հա­­­յոց ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան մա­­­սին նիստ գու­­­մա­­­­­­­րելու շա­­­հեկան որո­­­շու­­­մը։ Ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թիւն տեն­­­չա­­­­­­­ցող­­­նե­­­­­­­րը՝ մա­­­նաւանդ երբ ինձ նման Թուրքիա ծնած են չեն կրնար ան­­­տարբեր մնալ այս խնդրի հան­­­դէպ։ Այդ իսկ պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ ձեր թոյլտո­­­ւու­­­թիւնը կը խնդրեմ, որ­­­պէսզի քա­­­նի մը տո­­­ղերով ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տո­­­­­­­ւիմ այս հարցի մա­­­սին։

Ա) Իմ հա­­­մոզու­­­մով ան­­­վի­­­­­­­ճելի է ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան իրո­­­ղու­­­թիւնը։ Մա­­­հաբեր ազ­­­գայնա­­­կանու­­­թեան մը ազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թեան մատ­­­նո­­­­­­­ւած Թուրքիոյ վա­­­րիչ­­­նե­­­­­­­րը կ՚երա­­­զէին այժմու Թուրքիայէն Կեդ­­­րո­­­­­­­նական Ասիոյ սա­­­րահար­­­թե­­­­­­­րուն եր­­­կա­­­­­­­րող Թու­­­րա­­­­­­­նական կայսրու­­­թեան մը տի­­­րանալ։

Մինչդեռ Թուրքիոյ թրքա­­­պատ­­­կան հո­­­ղերը եւ Կով­­­կա­­­­­­­սի ու Ասիայի թրքա­­­խօս ժո­­­ղովուրդնե­­­րուն ապ­­­րած հո­­­ղերը իրար­­­մէ ան­­­ջա­­­­­­­տուած էին քիւրտե­­­րու եւ հա­­­յերու ապ­­­րած տա­­­րածքնե­­­րով։ Այս «ար­­­գելք»ը վե­­­րաց­­­նե­­­­­­­լու հա­­­մար Իթ­­­թի­­­­­­­հատա­­­կան կա­­­ռավա­­­րու­­­թիւնը սոյն եր­­­կու ժո­­­ղովուրդնե­­­րը ֆի­­­զիկա­­­պէս ոչնչաց­­­նե­­­­­­­լու որո­­­շում կա­­­յացուց։ 1915-էն սկսե­­­լով հա­­­սարա­­­կական կո­­­տորած­­­նե­­­­­­­րով եւ զան­­­գո­­­­­­­ւածա­­­յին տա­­­րագ­­­րութիւննե­­­րով կա­­­յացած ծրա­­­գիրը կա­­­նոնա­­­ւոր կեր­­­պով գոր­­­ծադրո­­­ւեցաւ եւ այդ գոր­­­ծո­­­­­­­ղու­­­թեան հե­­­տեւան­­­քով Թուրքիոյ հա­­­յերը ոչնչա­­­ցան։ Նոյն քա­­­ղաքա­­­կան ծրագ­­­րի շրջա­­­նակով աւե­­­լի քան 700 հա­­­զար քիւրտեր աք­­­սո­­­­­­­րուե­­­ցան դէ­­­պի երկրի ներ­­­քին նա­­­հանգնե­­­րը։

Բ) Եթէ ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թիւնը իս­­­կոյն ճա­­­նաչո­­­ւէր հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին հա­­­սարա­­­կութեան կող­­­մէ, եթէ 1920-ական թո­­­ւական­­­նե­­­­­­­րուն Ազ­­­գե­­­­­­­րու միաս­­­նութիւ­­­նը այս ոճի­­­րը ծան­­­րօ­­­­­­­րէն դա­­­տապար­­­տէր ու պատ­­­ժէր, Քե­­­մալա­­­կան իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւննե­­­րը չէին հա­­­մար­­­ձա­­­­­­­կէր 1924-1940 թո­­­ւական­­­նե­­­­­­­րու մի­­­ջեւ հա­­­յերուն դէմ գոր­­­ծադրած­­­նին այս ան­­­գամ քիւրտե­­­րու վրայ կի­­­րար­­­կել եւ քիւրտ բնակ­­­չութեան մօտ մէկ եր­­­րորդը կո­­­տորել կամ տա­­­րագ­­­րել։

Գ) Կաս­­­կած չկայ, որ ժո­­­ղովրդա­­­վարա­­­կան վար­­­չա­­­­­­­կարգ մը կ՚ըն­­­դունի պատ­­­մա­­­­­­­կան իրո­­­ղու­­­թիւնը, անի­­­մաստ ար­­­կա­­­­­­­ծախնդրու­­­թիւննե­­­րով թուրքե­­­րը իսկ աղէ­­­տի տա­­­նող այս ոճի­­­րի յան­­­ցա­­­­­­­գոր­­­ծե­­­­­­­րը կը դա­­­տապար­­­տէ։ Առ­­­նո­­­­­­­ւազն հայ ժո­­­ղովուրդէն նե­­­րողու­­­թիւն կը խնդրէր։ Ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան եւ պա­­­տուի հո­­­գերը զինք կ՚առաջ­­­նորդէին Ան­­­գա­­­­­­­րայի մէջ ձեր նման դա­­­տարան մը կազ­­­մե­­­­­­­լուն եւ իրո­­­ղու­­­թիւնը իր բո­­­լոր երե­­­սակ­­­նե­­­­­­­րով հրա­­­պարա­­­կելուն։

Ափ­­­սոս, որ իր ժո­­­ղովուրդը իսկ տան­­­ջող, ահա­­­բեկ­­­չութեամբ իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւն վա­­­յելող թրքա­­­կան վար­­­չա­­­­­­­կար­­­գը նման պա­­­տուա­­­ւոր ըն­­­թացք մը որ­­­դեգրե­­­լէ շատ հե­­­ռու է։ Ի դէմ բազ­­­մա­­­­­­­թիւ փաս­­­տե­­­­­­­րու, իր երկրի բնակ­­­չութեան նո­­­ւազա­­­գոյն մէկ քա­­­ռոր­­­դը կազ­­­մող բազ­­­մա­­­­­­­միլիոն քիւրտե­­­րու ինքնու­­­թիւնը ու­­­րա­­­­­­­ցող վար­­­չա­­­­­­­կար­­­գէ մը ի՞նչ կրնանք յու­­­սալ, որ։ Ու երբ քիւրտեր յա­­­տուկ իրա­­­ւունքներ պա­­­հան­­­ջեն, Ան­­­գա­­­­­­­րայի իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւննե­­­րը զի­­­րենց կ՚սպառ­­­նան հա­­­յերու ճա­­­կատա­­­գիրը բաժ­­­նե­­­­­­­լով։ Իրա­­­կանու­­­թեան մէջ բռնա­­­տիրու­­­թիւնը շատ ալ նկա­­­տի չու­­­նե­­­­­­­նար դուրսի իր դաշ­­­նա­­­­­­­կից­­­նե­­­­­­­րուն կամ գոր­­­ծա­­­­­­­կից­­­նե­­­­­­­րուն ուղղո­­­ւած քա­­­րոզ­­­չութիւ­­­նով թո­­­րած սու­­­տե­­­­­­­րը։

Դ) Կը յայ­­­տա­­­­­­­րարեմ, թէ Թուրքիոյ զի­­­նուո­­­րական բռնա­­­տիրու­­­թիւնը մէկ կողմ թո­­­ղենք գեր­­­պե­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րու պատ­­­ժա­­­­­­­միջոց­­­նե­­­­­­­րէն վախ­­­նա­­­­­­­լը, ընդհա­­­կառա­­­կը կ՚օգ­­­տո­­­­­­­ւի իբ­­­րեւ թէ ազա­­­տու­­­թեան եւ մար­­­դու իրա­­­ւունքնե­­­րու ճա­­­ռասան ԱՄՆ եւ Գեր­­­մա­­­­­­­նիոյ դաշ­­­նութեան նման եր­­­կիրնե­­­րու զօ­­­րակ­­­ցութե­­­նէն։

Ե) Պատ­­­մա­­­­­­­կան իրո­­­ղու­­­թեան ճա­­­նաչու­­­մը պէտք չէ, որ հրահ­­­րէ ցե­­­ղային ա­տելու­­­թիւնը եւ բո­­­ցերու մէջ փոր­­­ձո­­­­­­­ւած տա­­­րածաշրջա­­­նի ժո­­­ղովուրդնե­­­րը լա­­­րէ իրա­­­րու դէմ։ Այ­­­սօ­­­­­­­րուայ թուրքե­­­րը պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատու չեն կրնար նկա­­­տուիլ 60 տա­­­րի առաջ իրենց նախ­­­նեաց ան­­­կումի շե­­­մին հա­­­սած կայսրու­­­թեան մը ոճ­­­րա­­­­­­­գործ վար­­­չա­­­­­­­կար­­­գի գոր­­­ծած յան­­­ցանքնե­­­րէն։ Ըստ իս հա­­­կաթուրք ցե­­­ղապաշ­­­տութիւ­­­նը հա­­­մազօր է Ան­­­գա­­­­­­­րայի իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւննե­­­րուն հա­­­կահայ, հա­­­կաքիւրտ հիս­­­թե­­­­­­­րիայի եւ պէտք է դա­­­տապար­­­տո­­­­­­­ւի նոյն վճռա­­­կամու­­­թեամբ։

Յար­­­գե­­­­­­­լի նա­­­խագահ, իմ այս դի­­­տար­­­կումնե­­­րով կը մաղ­­­թեմ, որ ձեր դա­­­տարա­­­նի որո­­­շու­­­մը հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին գոր­­­ծիչնե­­­րու կող­­­մէ նկա­­­տի առ­­­նո­­­­­­­ւի եւ լռու­­­թեան ու ան­­­տարբե­­­րու­­­թեան մէջ դի­­­տուած հա­­­յոց ող­­­բերգու­­­թիւնը ան­­­գամ մը եւս եր­­­բեք չկրկնո­­­ւի։

Եըլ­­­մազ Կիւ­­­նէյ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ