Բոլորս դառն փորձութիւնով ականատես կ’ըլլանք թէ պոլսահայութիւնը կ’ապրի իր պատմութեան դժբախտ ու թշուառ մէկ շրջանը:
Ժողովուրդներու պատմութեան մէջ կան նման դժբախտ շրջաններ: Մեր այս ապրածը աննախադէպ չէ, անցեալին ալ ունեցած ենք նման ճգնաժամեր:
Ներկայ դժբախտութեան հեղինակները պատահականօրէն արժանիքներու տիրացող խմբակն է: Անհատական հեղինակութենէ զուրկ հոգեւորականներ, իրենց խօստովանութեամբ «վերեն եկած» թելադրանքները գործադրելով համայնքի անվտանքութիւնը ապահոված կարծող առաջնորդներ, գումարներ շռայլելով իշխանութիւն ձերք բերած իբրեւ թէ համայնքային առաջնորդներ միասնաբար կը փորձեն նուիրեալ արուեստի գործիչ մը խաչը հանել:
Ծանօթ իրողութիւն է, վերջերս կառավարուղեան կողմէ, ի դէմ պատրիարքական ընտրութիւն պահանչող ժողովուրդի կամքին, նշանակուած փոխանորդը բնականաբար Ուր որ բազմութիւն կայ, ուր որ պոլսահայութիւնը հաւաքաբար ներկայ է, անխուսափելի պիտի ըլլայ այն բողոքի արտայատութիւնները, որոնք ուղուած են իր դէմ: Այս հանգրուանին այլեւս նշանակութիւն չունի «այստեղը տեղը չէ» առարկութիւնը: Եթէ համոզուած եք որ տեղը չէ, ուրեմն պիտի չհրաւիրէք զինք:
Բացառիկ գուշակութիւն մը չէր եւ «Մարմարա» թերթի համաձայն Պարթեւ ալ կանխատեսած էր պատահելիքները: Խուսափած էր Աթէշեանը հրաւիրելէ: Բայց համերգին ծախսերը ստանցնող Տիգրան Կիւլմէզկիլ յամառած էր ու պարտադրած որ հրաւիրուի: Յայտնի է որ այս շրջանակները նոյնիսկ իրաւունք չեն ճանչնար ձեռնպահ մնալու: Երկրի տիրող մթնոլորտէն ազդուած «Կամ ինձմէ ես կամ իմ դէմը» ըսելով կը ճնշեն այս համայնքին վրայ:
Պարթեւ անշուշտ իբրեւ Պոլսահայ անհատ ունի իր համոզումները, անկախ դիրքորոշումը։ Սակայն երբեք չուզէր իր հեղինակային համերգին նման ճակատումներու բեմը դառնալը։ Այս պատճառաւ է, որ խուսափած է ժողովուրդին կողմէ հետզհետէ վարկազրկուած փոխանորդը իր համերգին հրաւիրելէ։ Այս բոլորը գիտնալով հանդերձ կատարուած բողոքի ցոյցին համար Պարթեւը մեղադրելը բառին ամենաթեթեւ իմաստով չարամտութիւն մըն է։ Եւ այս չարամտութիւնը պէտք չէր որ գար «Մարմարա»ի սիւնակներէն։ Թոյզն իսկ գիտակցութիւնը Պարթեւի բարի ու պարկեշտ բնաւորութեան մասին, պէտք էր արգելք հանդիսանար նման շարադրութեան մը լոյս տեսնելուն։ Սակայն յայտնի է որ ենթարկուածութիւնը հասած է անշրջադարձելի աստիճանի մը, որուն հետեւանքով դիւրաւ կարելի կ՚ըլլայ հրաժարիլ բոլոր ճշմարտութիւններէ։
Միայն սեփական սկզբւնքներէն հրաժարողներն են, որ նկատի չեն ունենար այս իրողութիւնը:
Այս տողերը կը գրենք մեծ սրտնեղութեամբ։ Երանի սա վերջին օրերու անցուդարձերը ապրուած չըլլային եւ մենք չհարկադրուէինք նման ծանր մեղադրանքներ ուղղել մեզի համար սիրելի թուացող անձերու դէմ։
Քաջ գիտենք, թէ այս բոլորի փոթորիկը վերջ ի վերջոյ կը հանդարտի, բայց այս օրերուն մեր ընկերային կեանքէ ներս գործած աւէրը խոր վէրքեր կը բանայ, որոնց բուժումը շատ աւելի երկար ժամանակ կը պահանջէ։
Յայտնի է, որ ոմանք սխալ կարդացին Խրիմեան Հայրիկի «Մեծ է հացին խնդիրը, զի մարդիկ հացով կ՚ապրին» խօսքը եւ բուռ մը հացի համար կը զոհեն մնացեալ բոլոր սկզբունքները։ Եկէ՛ք վերստին յիշենք Սուրբ Գրոց նշած մահացու մեղքերէն մէկը, որ կը վերաբերի ագահութեան։ Կաշառակերութիւնը անշուշտ որ բազում նպաստներ կ’ընծայէ, բայց ոչ պատիւ:
pakrates@yahoo.com