Պաշտօն ստանձնեց Հայաստանի Դ. նախագահը

ՎԱՐԴՈՒՀԻ ԲԱԼԵԱՆ

 

9Ապրիլ Երեքշաբթի օր Ազգային ժողովի դահ­լի­ճին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած երդման արա­րողու­թիւնով պաշ­տօ­նապէս Հան­րա­պետու­թեան Դ. նա­խագահ հռչա­կուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի նախ­կին Անգլիոյ դես­պան՝ Ար­մէն Սար­գի­սեան։

Այս առ­թիւ նոր նա­խագա­հը իր ելոյ­թին մէջ անդրա­դար­ձաւ երկրի հիմ­նա­կան խնդիր­նե­րուն եւ խոս­տա­ցաւ ար­դար ծա­ռայու­թիւն։ Ար­մէն Սար­գի­սեան հիմ­նա­կան խնդիր­նե­րը բնու­թագրեց ան­կարգու­թիւնը, ըն­կե­րային անար­դա­րու­թիւնը եւ գաղ­թը մատ­նանշե­լով։ Ան իր ծա­ռայու­թեան շրջա­նին հա­մար պա­հան­ջեց Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցինե­րու զօ­րակ­ցութիւ­նը։ «Այ­սօ­րուայ եւ ապա­գայի մա­սին հա­ւատք ու վստա­հու­թիւն ու­նե­նալու ենք։ Եթէ յա­ջողինք երկրի տնտե­սու­թիւնը աշ­խուժաց­նել եւ այսպէ­սով ժո­ղովուրդի կեն­սա­մակար­դա­կը բարձրաց­նել, պի­տի յա­ջողինք նաեւ ներ­քին եւ ար­տա­սահ­մա­նեան ներդրումնե­րուն աճը ապա­հովել։ Այս ըն­թացքը ոչ միայն գաղ­թը պի­տի կա­սեց­նէ, այլ ար­տա­սահ­ման մեկ­նած Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցինե­րուն եր­կիր վե­րադար­ձը ապա­հովէ նաեւ»։

Ար­­ցա­­­խեան հար­­ցին մա­­սին ալ ակ­­նարկու­­թիւններ ու­­նե­­­նալով նա­­խագա­­հը նշեց, թէ այ­­սօր Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ սփիւռքի հա­­յու­­թիւնը Ղա­­րաբա­­ղի կող­­քին են եւ ոչ մէկ կաս­­կած, որ անոնք տրա­­մադիր են ղա­­րաբաղ­­ցի­­­ներու իրա­­ւունքնե­­րուն հա­­մար պայ­­քա­­­րելու։

Հան­րա­պետու­թեան Դ. նա­խագա­հի երդման արա­րողու­թեան չէին մաս­նակցած առա­ջին եւ երկրորդ նա­խագահ­նե­րը ու ընդդի­մադիր կու­սակցու­թիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը։ Նշենք որ Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պետու­թեան նոր նա­խագա­հի ընտրու­թիւնը ու­նի շատ կա­րեւոր երկրորդ նշա­նակու­թիւն մը, քա­նի որ երկրի վար­չա­ձեւը փո­խուած է նա­խագա­հական դրու­թե­նէն դէ­պի խորհրդա­րանա­կան հա­մակարգ։

Այս երե­ւոյ­թը շա­տերու կող­մէ կը դի­տուի ո՛չ թէ նոր նա­խագա­հի պաշ­տօ­նակո­չում, այլ պարզ հեր­թա­փոխու­թիւն։ Նա­խորդ նա­խագահ Սերժ Սարգսեան այս նոր դրու­թեան հա­մաձայն պի­տի ստանձնէ վար­չա­պետի պաշ­տօ­նը։ Երե­ւոյթ մը՝ որուն նմա­նը նա­խապէս տես­նո­ւած էր Ռու­սիոյ դաշ­նութեան մէջ։ Փու­թին լրաց­նե­լով նա­խագա­հական առա­ւելա­գոյն ծա­ռայու­թեան շրջա­նը իր աթո­ռը թո­ղած էր Տի­միթ­րի Մետ­վե­տեւի եւ ան­մի­ջապէս յա­ջորդ նա­խագա­հական ընտրու­թեան վե­րադար­ձած իր նախ­կին պաշ­տօ­նին։ Այստեղ նա­խորդ եւ յա­ջորդ նա­խագահ­նե­րու մա­կանու­նի նմա­նու­թիւնը եւս կ՚ամ­րացնէ հեր­թա­փոխու­թեան տպա­ւորու­թիւնը։

Ար­մէն Սար­գի­սեան ան­ցեալին ու­նե­ցած էր անգլիական քա­ղաքա­ցիու­թիւն եւ այս երե­ւոյ­թը եր­կար ժա­մանակ կաս­կա­ծի տակ թո­ղած էր իր նա­խագա­հու­թիւնը։ Այս մա­սին Հա­յաս­տա­նի ծա­նօթ լրա­տու գոր­ծա­կալու­թիւննե­րէն «Հետք.ամ» կայ­քէ­ջը կը հրա­պարա­կէր Ար­մէն Սար­գի­սեանի 2014 թո­ւին Անգլիոյ քա­ղաքա­ցի ըլ­լա­լու մա­սին փաս­տա­թուղթ։ Միւս կող­մէ նա­խագա­հը կը յայ­տա­րարէր, թէ 2011 թո­ւակա­նին վերջ գտած է իր անգլիական քա­ղաքա­ցիու­թիւնը։

Երբ կա­տարո­ւեցաւ նա­խագա­հի պաշ­տօ­նակո­չու­մը, միւս կող­մէ ընդդի­մադիր շրջա­նակ­ներ կը շա­րու­նա­կեն Սերժ Սարգսեանի վար­չա­պետու­թեան դէմ հա­կաքա­րոզ­չութեան։

Հա­կաքա­րոզ­չութեան ար­շա­ւը որ­պէս կար­գա­խօս ըն­դունած է «Մեր­ժէ Սեր­ժը»։ Յի­շենք որ նա­խորդ նա­խագահ Սերժ Սարգսեան ան­ցեալին բազ­միցս խոս­տա­ցած էր վար­չա­պետու­թեան թեկ­նա­ծու չըլ­լա­լու մա­սին։ Սա­կայն վեր­ջերս այս հա­ւանա­կանու­թիւնը կրկին ան­գամ օրա­կար­գի վրայ է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ