Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին օժտուած է թանգարանով

ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ

 

Ս.Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ երդիքին տակ Նոր Կիրակիի առթիւ Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր գերապայծառ Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի ձեռամբ։Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան եւ Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան։ Պատարագի ընթացքին վեց երախաներ առաջին անգամ մօտեցան Սուրբ Հաղորդութեան։ Երախաներու ընտանիքները եւ եկեղեցւոյ հաւատացեալ ժողովուրդը Ս. Հաղորդութեան մատակարարման եւ Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի քարոզի ընթացքին յուզումնալից պահեր ապրեցան։ Գերապայծառի քարոզի նիւթն էր հաղորդութիւն առնող երախաները։ Ան նշեց որ գոհ է այս վեց երախային Ս. Հաղորդութիւն առնելէն եւ կ՚ուզէ որ համայնքը աճի եւ ոչ թէ նուազի։

Արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ Զեքիեան Գերապայծառի մտայղացման շնորհիւ կեանքի կոչուած թանգարանի բացումը։ Թանգարանը բացուած է եկեղեցւոյ վերնատան յարակից բաժիններէն մէկուն մէջ։ Բացման ծէսին Զեքիեան Գերապայծառ ունեցաւ հակիրճ ելոյթ մը։ Թանգարանի մէջ տեղ կը գտնեն 1830-էն այս կողմ Սաքըզաղաճի առաջնորդանիստ եկեղեցիէն ներս օգտագործուած զանազան սպասներ, իրեր, տարազներ, անօթներ, նախորդ գահակալներու կողմէ գործածուած կամ իրենց նուիրուած եկեղեցական զարթեր եւ այլն։ Առ ի տեղեկութիւն թանգարանին երդիքին տակ հաւաքուած են լուսահոգի Գերապայծառ Յովհաննէս Չոլաքեանի անձնական իրերը եւ թղթակցութիւնները։ Թանգարանի բացման ընթացքին Գերապայծառը նշեց որ այս թանգարանը հայ կաթողիկէ համայնքի խորհրդանիշը պիտի ըլլայ։ Գերապայծառը շնորհակալութիւն յայտնեց վերանորոգութեան ընթացքին իրենց նպաստը բերող Գէորգ Եանար եւ Պէյօղլուի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Ժոզէֆ Արսլանեանին։

Բացման արարողութենէն ետք «Ակօս»ին տեղեկութիւններ տուող Զեքիեան Գերապայծառ յայտարարեց թէ թանգարանը յառաջիկայ օրերուն իր դռները պիտի բանայ ժողովուրդին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ