Ի՛նչ ալեկոծ էր 16 Յունիս 2017, Ուրբաթ օրը։ Աշակերտներով չափեր էինք ամբողջ Երեւանը. Կասկադի 575 աստիճաններէն վեր՝ Աբովեան պողոտայէն վար, գինեգործարանի գաղտնուղիներէն ներս՝ տուն-թանգարաններէն դուրս... Իսկ այսօր խաղաղ է։ Եկած ենք Սեւան։ Նաւապտոյտ մըն է, որ ծրագրած ենք երեխաներուն համար։ Ծովափը նստած կը սպասենք նաւուն։ Աշակերտներէն խումբ մը անդին կ՚ինքնանկարուի։ Մէկ մասը աչքերը փակ, կը վայելէ արեւը։ Իսկ մէկ մասն ալ բոպիկացած, ջուրի մէջ ալիքներ կը ստեղծէ։
- Պարո՛ն, ե՞րբ կու գայ նաւը, կը հարցնէ Ալիքը, ապա խճաքար մը կը նետէ լիճ։
- Ահա, հոն է։ Զբօսաշրջիկներու խումբ մը ունի։ Կը վերադառնայ, մենք կը նստինք։
Ալիքը քար մը եւս կը նետէ ծով։ Աւելի մեծ։ Ջուրի վրայ կը գոյանան օղակներ, կ՚ընդարձակուին անոնք, ապա կ՚անհետանան։
- Ալիք, քու անունդ մերթ խաղաղ, մերթ ալեկոծ պատմութիւն մը ունի։ Կ՚արժէ հո՛ս պատմել... Հազարաւոր տարիներ առաջ կաթիլ մը ինկաւ հայկական բառերու աւազանին մէջ ու ստեղծեց կեդրոնախոյս տատանումներ։ Անոնք, օղակ-օղակ տարածուեցան ու հասան հայոց լեզուաշխարհի բոլոր ափերը։ «Ալի» բառն էր ան։ Եւ մինչեւ այսօր, բանաստեղծներն ու տաղասացները, երազկոտ սիրահարներն ու գեղանկարիչները կ՚ալեկոծին ու կը ներշնչուին անկէ։ Ո՛չ՝ միշտ խաղաղ։ Չկարծես, թէ ալիքները միշտ քնարաձայն էին եւ հանդարտեցնող։
Նաւակը հեռացած է մինչեւ նախագահական ամարանոց։ Քիչ վերջ ան իր ցռուկը պիտի դարձնէ մեր կողմ ու լիճի մակերեսին վրայ ծոյլ ալեակներ գոյացնելով ՝ պիտի վերադառնայ։
- Բնիկ հայկական բառ է «ալիք»ը։ «Ալի» արմատի գրաբարեան յոգնակի ձեւն է։ Կը գործածենք թէ՛ ծովու եւ թէ մազերու համար։ Յունարէնը, սանսկրիտը, քրտերէնը, պարսկերէնը եւ պահլաւերէնն ալ նոյն ձեւով կը գործածեն զայն։ Ալի՛ք, նկատեցի՞ր, թէ ինչպէս քու նետած քարերուդ ստեղծած ալիքները ընդարձակուեցան, նոյնպէս ալ ընդարձակուեցաւ բառի իմաստը։ Ան դուրս ելլելով բառացի իմաստէն, առաւ փոխաբերական իմաստներ։ Այսօր բառը կը գործածենք բոլոր տատանումներու համար, ինչպէս՝ ձայնի։ Վիպագիր Մուրացանը ունի այսպէս տող մը. «Նրա ձայնի արծաթեայ հնչիւնը ալիքներ տալով անցաւ դահլիճի մի ծայրից միւսը»։ Րաֆֆիի համար կերպասի ծալքն ալ «ալիք» էր. «Նա հագել էր ծիրանի պարեգօտ, որ երկար եւ մեղմ ալիքներով իջնում էր մինչեւ ոտները»։ Ուժգին եւ բուռն շարժումներն ալ կոչեցինք «ալիք»։ Ունեցանք «ծիծաղի ալիք», «ծափահարութիւններու ալիք»… Մեր երկիրը, սակայն, շատ էր տեսած դաւ ու դառնութիւն, հետեւաբար ունեցանք նաեւ «հալածանքի ալիք», «սարսափի ալիք» եւ «աքսորի ալիք»։
- Իսկ դասարանի մէջ մենք կը ստեղծենք՝ «հարցումներու ալիք»… Եւ վերջապէս «ալիք»ը դարձաւ իմ անունս։
- Եւ շատ ժամանակակից... Այսօր, բնութեան բառերը որպէս անձնանուն գործածելու ալիք մը կայ... Կաթիլ, փաթիլ, արեւ, տերեւ, ձիւնիկ, ծովակ, ծիածան։
Հուռա՜ներու ալիք մը կը բարձրանայ, երբ անհամբեր աշակերտները կը նկատեն, թէ նաւակը ուղղուած է դէպի մեր կողմը։
- Բառը յիսունի չափ բարդ բառ տուաւ մեր լեզուին. ալեշատ, ալեբեկ, ալեկործան, ալիասաստ, ալիքապար, ալեզարդ, ալեխառն, երեքալեան։ Վերջինին պէտք ունեցանք, երբ ալիքները շատ խիստ եղան։ Ունեցանք նաեւ «ալեծաղիկ կատարներ» եւ «ալեծաղիկ մազեր»։ Իսկ դուն, Ալիք, լսե՞ր ես «ալիքներու խանութներ»։
- Խանո՞ւթ, ալիքներո՞ւ։
- Ինչո՞ւ չէ... Կը նշանակէ՝ ծովու խորագոյն խորշերը։ Մասնաւորապէս բախտաւոր էր «ալեծածան» ածականը։ Թումանեանը զայն արժանի գտաւ Վանայ ծովը նկարագրելու համար. «Ծփում ծովն ալեծածան»։ Տէրեանն ալ բերաւ իր բաժինը. «Դիւթեցին ինձ քո մազերը ալեծածան»։ Իսկ Դուրեանը ապշած ալեակներու մեղմ բնաւորութենէ, սկսաւ զրուցել լճակի մը հետ. «Չեն խայտար քու ալյակք», «Կը զմայլի՞ն ալյակքդ երկնի կապոյտին», «Որքան ունիս դու ալի»։ Ալեքսանտր Ծատուրեանի բանաստեղծութիւն ալ դարձաւ ան. «Ալիք։ Մի ալիք ծովի ծոցից ափն է գալիս»։ Իսկ Պատկանեանի համար յիշատակներու պահարան էր. «Հին-հին դարուց յիշատակ, ալեաց մէջը պտրում եմ»։ Պոլսահայ բանաստեղծուհի Նուէր Սիլահլըն զայն դարձուց ամբողջ ժողովածուի մը խորագիրը. «Ալեկոծ»։ Հայ գրողի համար «ալետանջ» բառն ալ գրաւիչ էր եւ ներշնչող։ Ան դուրս ելլելով իր բառացի իմաստէն, նշանակեց «խիստ յուզուած» կամ «յուզումներով տանջուած», ինչպէս այն քնարերգակը, որու մասին խօսեցաւ Թումանեանը. «Թաքցրո՛ւ, պոե՛տ, վշտերդ ամբարուած մեծ գաղտնարանում ալետանջ հոգուդ»։ Իսկ մեր հիներու համար ծերանալը «Ծաղկիլ ալեաց» էր կամ՝ «Խոնարհիլ յալիս»։
- Պարոն, գրական այս մեղմ ալիքներու մէջ ես սպառնացող բան չտեսայ։
- Որովհետեւ դուն դեռ չես լսած եւ չես տեսած «Իններորդ ալիք»ը։ Ան ալիքներու ամենէն ուժեղն է, ամենէն վտանգաւորը։ Ահեղ եւ կործանիչ յորձանք է՝ փոթորիկի ժամանակ։ «Իններորդ ալիք»ը նաեւ հսկայ գեղանկար մըն է, Յովհաննէս Այվազոսկիի գլուխ գործոցներէն մէկը։
- Պարո՛ն, այդ առաջին կաթիլը, որու մասին կը խօսէիք, ո՞վ պատճառ եղաւ անոր։
- Չենք գիտեր։ Անյիշելի ժամանակներու յղացում է։ Բայց մէկ բան ջինջ կ՛երեւի։ Մեսրոպ Մաշտոցն էր, որ առաջին անգամ եւ ամենէն շատ ենթակայ եղաւ ալիքներու կործանիչ տատանումներուն՝ մեղքի ալիքներուն։ Սուրբի հեղինակած շարականներու մէջ կան այս պիսի միտքեր. «Ալիք յանցանաց զիս ալեկոծեն», «Ծով մեղաց իմոյ զիս ալեկոծէ», «Ալեկոծիմ հողմով անօրէնութեան իմոյ»։ Այս աւանդութիւնը շարունակեց Գրիգոր Նարեկացիի մօտ։ Անոր մտայղացումներն են «Նաւ հոգւոյս՝ ալեկոծեալ», «Մի՛ ալեկոծեր զբքացեալս» եւ «Ի բախմանէ ալեաց սասանիմ» արտայայտութիւնները։ Իսկ այսօր դարերը փոխուեցան ու շնորհիւ գիտութեան՝ հայրենի բառապաշարի մէջ ունինք «ռադիօալիք», «ալիքի երկարութիւն», «ալիքի փոս», «ալիքի կատար», «ալիքի աղբիւր» հասկացողութիւնները։
Նաւակը կը հասնի լճափ։ Թոկերով կ՚ամրացնեն։ Նաւապետը, ալեհեր մարդ, ճերմակ-կապոյտ գլխարկը կը հանէ, կը բարեւէ մեզ։ Խանդավառութեան ալիք մը ստեղծուի։ Աշակերտները ցռուկէն մինչեւ նաւախել կը լեցնեն նաւակը, մինչ Ալիքը, որոշած է նաւապետէն արտօնութիւն առնել ու քանի մը վայրկեան ղեկավարել։ Իսկ կան աշակերտներ, որոնք մինչեւ դրօշակ բարձրացած են։ Անոնք ինքնափուխ կը սկսին երգել ու մեզի տալ լաւագոյն վերջաբանը.
Պատրաստեց փոքրիկ տղան մի ճերմակ թղթէ նաւակ,
Իջեցրեց նաւակը նա գետակի ալքիների վրայ...
Ուր են քեզ, ուր են տանում գետի ալիքները խելագար։