ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
lusyenkopar81@hotmail.com
8Ապրիլ Կիրակի երեկոյ Պեշիկթաշ՝ Ֆուլյա գեղարուեստի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Պարթեւ Կարեանի երաժշտական գործունէութեան 40-ամեակի յոբելեանը։
Համերգի բացման խօսքը կատարեց Պարթեւ Կարեանի սիրելի դուստրը՝ Արեւ Կարեան։ «Հայ երգով քառասուն տարի» անուան համերգի առաջին երգերն էին «Արդեօք ովքեր են» եւ «Զարթիր լաօ» հայ ֆետայական երգերը։ Յետոյ յաջորդեցին «Սարերի հովին մեռնեմ», «Զեփիւռի նման», «Բարձր սարէն ջուր կու գայ», «Գետակի վրայ» եւ «Սիրոյ երգ»ը։ Երբ սկսաւ «Հա նինա նինա նինա» եւ «Երթանք մեր երկիրը Մուշ» իրարու շաղկապուած երգերը, խումբ մը երիտասարդներ արդէն ոտքի կանգնած եւ պար բռնած էինք։ Ան ապա երգեց Գուսան Շերամէ երկու երգեր՝ «Պարտէզում վարդ էր բացուած» եւ «Նա մի նազ ունի»։
Համերգի առաջին կէսը աւարտուեցաւ խօսքը՝ Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի եւ երաժշտութիւնը Ռոպէր Տողանայի պատկանող «Իմ լեզուս» երգով։ Երգը Պարթեւի արուեստի կեանքի 40-ամեակին նուիրուած էր։ Երգի մէջ Պարթեւին ընկերակցեցան մինչեւ օրս իր համերգներուն մէջ մեներգած գեղուհիներէ բաղկացեալ խումբ մը՝ Մարալ Աթաման, Թաթիանա Պսոթան, Լիտա Քէօսէօղլու, Մարալ Չաղլըչուպուքչու, Լարա Նարին եւ Գարօլին Սարը։
Համերգի երկրորդ բաժինը սկսաւ խօսքը՝ Յ. Շիրազի, երաժշտութիւնը Մաժակ Թօշիկեանի պատկանող «Արարատ» երգով։ Ապա եկան «Եար արի արի», «Տարիները անցան», «Սրտիկ մալուլ մի՛ մնայ», «Տուն իմ հայրենի», «Երջանկութեան արցունքները», «Մշոյ Աղջիկ» երգերը։ «Տուն իմ հայրենի» երգը կրկին ու կրկին ծափահարուեցաւ եւ Պարթեւ եւս մէկ անգամ երգեց զայն։ Ապա ժողովուրդը կրկին ոտքի կանգնեց ու պար բռնեց «Եասամանի ծառի տակ» եւ «Ախ Նինօ» հայ ժողովրդական երգերով։ Համերգը կիսող ամենայուզիչ պահը Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ Երեւանէն ուղարկուած ոսկէ մետայլն էր։ Յոբելեար մեներգիչին ոսկէ մետայլը յանձնեց՝ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան ծիրէ ներս Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան։
Երանելի երգիչի Թուրքիոյ հայոց պատրիարքարանէ ստացած Օրմանեանի անուան ոսկէ մետայլէ ետք այս երկրորդ շքանշանն էր, որ իր կրծքին կպաւ։ «Հայ հերոսների երգ»ը եւ «Սարդարապատ»ը օրուան վերջին երգերն էին։
Պարթեւի այս համերգին իրեն կրկին կ՚ընկերակցէին իր վաղեմի բարեկամներ՝ Ռոպէր Տողանայ եւ Արի Հերկելը։ Ան միշտ նշած է, այս երկու երաժիշտներուն իր կեանքի մէջի անհրաժեշտութիւնը եւ ըսած. «Անոնք իմ աջ ու ձախ թեւերս են»։ Նոյնպէս իրեն հետ էին «Առագաստ Պէնտ»ի այսօրուան բոլոր անդամները։ Մեներգիչ Մարալ Չափան Աթաման կրկին Պարթեւի վոքալը ըլլալով իր տեղը գրաւած էր բեմի վրայ։ Ան իր գեղեցկութեամբ, հեզութեամբ եւ գեղեցիկ ձայնով կրկին կը գրաւէր ժողովուրդի սիրտը։ Քանզի սիրայօժար եկած եւ այսօրուայ համար առանց մեներգելու միշտ ետին մնացած էր թիկունք ըլլալով Պարթեւին։
Օրուայ պատուոյ հիւրերն էին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ տէր եւ տիկին Արսէն եւ Մարի Աւագեան, Պատրիարքարանի ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ եպսկ. Մաշալեան։ Հարկ է նշել ձեռնարկի հովանաւորներ՝ Տիգրան Կիւլմեցկիլ, Էրօլ Սեհերյըլտըզը եւ կարգադիր յանձնախումբի անդամները որ մեծ ջանք վատնած էին համերգի իրականացման գործընթացին մէջ։