Փոխանորդին ի-մակները Ա.

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Ցան­­­ցա­­­­­­­հէն բա­­­րեկամ­­­ներ պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանին հա­­­մակար­­­գիչնե­­­րը են­­­թարկե­­­ցին իրենց եւ զա­­­նոնք ման­­­րակրկիտ խու­­­զարկե­­­լէ ետք ձեռք ան­­­ցուցին բո­­­լոր ի-մակ­­­նե­­­­­­­րը, զոր վեր­­­ջին շրջա­­­նին իր ծա­­­նօթ­­­նե­­­­­­­րուն կամ բա­­­րեկամ­­­նե­­­­­­­րուն գրած է Արամիկ Աթէ­­­շեան։ Ապա­­­գայ պատ­­­մա­­­­­­­բան­­­նե­­­­­­­րուն հա­­­մար յոյժ կա­­­րեւոր այս փաս­­­տա­­­­­­­թուղթե­­­րը, աւե­­­լորդ է ըսել, պոլ­­­սա­­­­­­­հայու­­­թիւնը յու­­­զող վեր­­­ջին շրջա­­­նի իրա­­­դար­­­ձութիւննե­­­րուն լու­­­սոյ նշոյլ մը սփռե­­­լու եւ Աթէ­­­շեանին բնա­­­ւորու­­­թիւնը աւե­­­լի մօ­­­տէն ճանչնա­­­լու տե­­­սակէ­­­տէ ալ ու­­­նին իւ­­­րա­­­­­­­յատուկ նշա­­­նակու­­­թիւն։

Այ­­­սու կը սկսինք հրա­­­տարա­­­կել անոնցմէ աւե­­­լի ու­­­շագրաւ­­­նե­­­­­­­րը։

Սե­­­ւան Տէ­­­յիր­­­մենճեան

*

Պո­­­լիս, 15 Մարտ 2018

Սի­­­րելի բա­­­րեկամ,

Հի­­­մա վստահ ալ չեմ՝ փո­­­խանորդ ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւ­­­նը գոր­­­ծա­­­­­­­ծե՞լ թէ չգոր­­­ծա­­­­­­­ծել։ Հա­­­մայնքին մէջ կան մար­­­դիկ, որոնք փո­­­խանորդ բա­­­ռը լսել­­­նուն՝ իրենց ականջնե­­­րը ամուր կը գո­­­ցեն, բե­­­րան­­­նին լայն կը բա­­­նան ու կը սկսին այնպի­­­սի աղ­­­մուկ մը հա­­­նել, որ կար­­­ծես նոր սկսած է Պե­­­շիք­­­թա­­­­­­­շին խա­­­ղը։ Վեր­­­ջերս, սի­­­րելի բա­­­րեկամ, «Մա­­­րալ»ի հա­­­մեր­­­գին հրա­­­ւիրե­­­ցին, մէկ կող­­­մէ ալ ըսին, որ աւե­­­լի լաւ կ՚ըլ­­­լայ չեր­­­թալս։ Ին­­­չո՞ւ չեր­­­թամ։ Ելայ կա­­­նու­­­խէն գա­­­ցի, որ ներս մտնե­­­լուս քիչ մարդ ըլ­­­լայ, զիս չտես­­­նեն։ Ան­­­ցեալ տա­­­րուան հա­­­մեր­­­գին տե­­­ղապահ մը ընտրո­­­ւած ըլ­­­լա­­­­­­­լը պատ­­­րո­­­­­­­ւակե­­­լով հան­­­դի­­­­­­­սավա­­­րը անունս չէր յի­­­շած… Պա­­­րախումբին վա­­­րիչ­­­նե­­­­­­­րը կան­­­չած, աղո­­­ւոր մը խա­­­շած էի։ Այս տա­­­րի խօս­­­նա­­­­­­­կը երբ անունս կար­­­դաց՝ մե՜ծ աղ­­­մուկ փրթաւ, պո­­­ռացին, կան­­­չե­­­­­­­ցին, սու­­­լե­­­­­­­ցին։ Գետ­­­նին տա­­­կը մտայ։ Պի­­­տի ձգէի եր­­­թա­­­­­­­յի, բայց քո­­­վին­­­ներս ար­­­գելք եղան։ Հա­­­մեր­­­գէն վերջ ալ թեր­­­թիկներ նե­­­տեցին աս­­­դին-ան­­­դին։ Չեն ամչնար, ան­­­կիրթնե՛ր։ Ընդդի­­­մադիր­­­ներս 60-70 հո­­­գի կը կար­­­ծէի, բայց կար­­­ծեմ աւե­­­լի շատ են։ Ինչքան ու­­­զեն պո­­­ռան, կան­­­չեն, հո՛գս… Պե­­­տու­­­թեան թուղթը ու­­­նիմ, փո­­­խանոր­­­դը ե՛ս եմ։ Աղ­­­թա­­­­­­­մարի գլխուն խա­­­չը ես դնել տո­­­ւի, Տի­­­յար­­­պա­­­­­­­քըրի եկե­­­ղեցին ես շի­­­նել տո­­­ւի, պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանին փո­­­ղոցը ես շի­­­նել տո­­­ւի, Սա­­­նասա­­­րեանն ալ ես ետ առի։ Խորհրդակ­­­ցա­­­­­­­կան մար­­­մին մը կազ­­­մե­­­­­­­լու եւ ասոր-անոր խոշ երե­­­ւելու մա­­­սին ըսած­­­ներդ պի­­­տի մտա­­­ծեմ։ Վա­­­ղը իրի­­­կուն Քուրթու­­­լուշի տունս հան­­­դի­­­­­­­պէ, խօ­­­սինք։ Շիշ մըն ալ «Յո­­­վիկ Քա­­­լող» բեր, ու­­­նե­­­­­­­ցած­­­ներս լմնցան։

Օրհնու­­­թեամբ՝

Փո­­­խանորդ

*

Գումգա­­­բու, 20 Մարտ 2018

Օրհնու­­­թիւն որդւոյ մե­­­րում բա­­­րերա­­­րի Ար­­­մո­­­­­­­նի Վոս­­­փո­­­­­­­րեց­­­ւոյ,

Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանին փո­­­ղոցը շի­­­նել տո­­­ւի, Աղ­­­թա­­­­­­­մարին խա­­­չը դնել տո­­­ւի, Սա­­­նասա­­­րեան խա­­­նը առի, Տի­­­յար­­­պա­­­­­­­քըրի եկե­­­ղեցին շի­­­նել տո­­­ւի եւ պե­­­տու­­­թեան թուղթն ալ ու­­­նիմ՝ ըստ որու փո­­­խանոր­­­դը ես եմ եւ մին­­­չեւ պատ­­­րիար­­­քին մա­­­հը ես պի­­­տի ղե­­­կավա­­­րեմ հա­­­մայնքը։ Ասոնք ար­­­դէն գի­­­տես, սի­­­րելի Ար­­­մոն, եւ գիտ­­­նա­­­­­­­լուդ հա­­­մար ալ կը պաշտպա­­­նես զիս իմ հա­­­կառա­­­կորդնե­­­րուս դէմ, կը գո­­­վաբա­­­նես, տե­­­ղը գա­­­լուն՝ խօսքդ չես խնա­­­յեր։ Ասոնք բո­­­լորը, ու­­­րիշ բա­­­ներ ալ ական­­­ջիս կը հաս­­­նին։ Կը գնա­­­հատեմ քու եւ կնկանդ ջան­­­քե­­­­­­­րը։ Շու­­­տով քեզ ալ պի­­­տի հրա­­­ւիրեմ խորհրդակ­­­ցա­­­­­­­կան մար­­­մի­­­­­­­նին ան­­­դա­­­­­­­մակ­­­ցե­­­­­­­լու։ Առանց քե­­­զի չ՚ըլ­­­լար, սի­­­րելիս։ Վաս­­­տակդ մեծ է։

Ձեր այդ կող­­­մե­­­­­­­րը ըն­­­դարձակ տա­­­րածու­­­թիւն մը կայ, որ ան­­­ցեալին պատ­­­կա­­­­­­­ներ է հա­­­յու մը։ Այս նիւ­­­թը ժա­­­մանա­­­կին կար­­­գադրած էի, սա­­­կայն մին­­­չեւ այ­­­սօր առ­­­նե­­­­­­­լիքս չեն տո­­­ւած։ Լսե­­­ցի որ քու եւ կնոջդ բա­­­րեկամ­­­ներն են։ Լաւ կ՚ըլ­­­լայ եթէ խօ­­­սիս ու իրենց յի­­­շեց­­­նես առ­­­նե­­­­­­­լիքս։ Եթէ ամէն ինչ բար­­­ւոք վեր­­­ջա­­­­­­­նայ թե­­­րեւս դրա­­­ցի ալ ըլ­­­լանք։ Շքան­­­շան տո­­­ւա՞ծ էի քե­­­զի։ Հա­­­ճիս յի­­­շեցուր։

Սի­­­րոյ ող­­­ջունիւ՝

Փո­­­խանորդ

*

Քուրթու­­­լուշ, 20 Մարտ 2018

Յար­­­գե­­­­­­­լի պա­­­րոն Դա­­­ւիթեան,

Տուն գա­­­լու ատեն ելեկտրա­­­կան ձօ­­­ղերուն վրայ տե­­­սայ իմ ծաղ­­­րանկար­­­ներս։ Մէ­­­կերը փակ­­­ցուցեր են, որ­­­պէս թէ զիս ծաղ­­­րել ու վար­­­կա­­­­­­­բեկել կ՚ու­­­զեն։ Խենթ պի­­­տի ըլ­­­լամ։ Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանին փո­­­ղոցը շի­­­նել տո­­­ւի, Աղ­­­թա­­­­­­­մարին խա­­­չը դնել տո­­­ւի, Սա­­­նասա­­­րեան խա­­­նը առի, Տի­­­յար­­­պա­­­­­­­քըրի եկե­­­ղեցին շի­­­նել տո­­­ւի եւ պե­­­տու­­­թեան թուղթն ալ ու­­­նիմ՝ ըստ որու փո­­­խանոր­­­դը ես եմ, սա­­­կայն այս ան­­­կիրթ-ապե­­­րախտնե­­­րը զիս կը ծաղ­­­րեն, ամէն տեղ ծաղ­­­րանկար­­­ներս կը փակցնեն։ Ի՞նչ ընենք, պա­­­րոն Դա­­­ւիթեան։ Կրնա՞նք ար­­­դեօք պատ­­­ժել տալ այս սրի­­­կանե­­­րը։ Ես իմ թիկ­­­նա­­­­­­­պահ ոս­­­տի­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րուս կրնամ հրա­­­հան­­­գել որ­­­պէսզի պո­­­ղոտա­­­յի տե­­­սախ­­­ցիկնե­­­րը քննեն եւ յայտնա­­­բերեն ու ձեր­­­բա­­­­­­­կալեն այս կպիկ­­­նե­­­­­­­րը փակ­­­ցուցած մար­­­դը։ Թէեւ ես կ՚են­­­թադրեմ ով ըլ­­­լա­­­­­­­լը, բայց փաստ ու­­­նե­­­­­­­նանք մեր ձեռ­­­քին։ Գի­­­տեմ, որ դուք լաւ փաս­­­տա­­­­­­­բան մըն էք եւ հա­­­մայնքա­­­յին մեր հար­­­ցե­­­­­­­րը ան­­­մի­­­­­­­ջապէս կը լու­­­ծէք, պա­­­րոն Դա­­­ւիթեան։ Այս գործն ալ կար­­­գադրե­­­ցէք, աչ­­­քերնիդ սի­­­րեմ։

Ու­­­րիշ հար­­­ցում մըն ալ ու­­­նիմ։ Պի­­­լեզիք­­­ճի փո­­­ղոցի տու­­­նը պի­­­տի փլեն։ Կա­­­պալա­­­ռուն խոս­­­տա­­­­­­­ցաւ մէկ յարկ տալ, բայց ես կ՚ու­­­զեմ երեք յար­­­կա­­­­­­­բաժին ու­­­նե­­­­­­­նալ։ Ինչպէ՞ս ընենք։ Եթէ պէտք է նիւ­­­թա­­­­­­­կան զո­­­հողու­­­թեան ալ պատ­­­րաստ եմ։ Ձե­­­զի կար­­­ծեմ Օր­­­մա­­­­­­­նեան շքան­­­շան մը տո­­­ւած էի։ Յո­­­վակիմ ալ կրնամ տալ եթէ սա գոր­­­ծը յա­­­ջողցնէք։

Ողջ լե­­­րուք ի Քրիս­­­տոս Յի­­­սուս,

Փո­­­խանորդ

*

21 Մարտ 2018

Պահ­­­չե­­­­­­­շեհիր

Սի­­­րելիս,

Կպիկ­­­նե­­­­­­­րը փակ­­­ցուցած մար­­­դը գտայ։ Բայց ըսին, որ չեմ կրնար դա­­­տի տալ եղեր։ Ես, որ պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանին փո­­­ղոցը շի­­­նել տո­­­ւի, Աղ­­­թա­­­­­­­մարին խա­­­չը դնել տո­­­ւի, Սա­­­նասա­­­րեան խա­­­նը առի, Տի­­­յար­­­պա­­­­­­­քըրի եկե­­­ղեցին շի­­­նել տո­­­ւի եւ պե­­­տու­­­թեան թուղթն ալ ու­­­նիմ՝ ըստ որու փո­­­խանորդ եմ, դատ մը պի­­­տի չկրնա՞մ բա­­­նալ։ Փաս­­­տա­­­­­­­բանը ըսաւ, որ ծաղ­­­րանկար ըլ­­­լա­­­­­­­լուն չենք կրնար բան մը ընել եղեր, եթէ ուղղա­­­կի իմ լու­­­սանկարս ըլ­­­լար՝ թե­­­րեւս, որե­­­ւէ յան­­­ցանք չկայ եղեր… Կա­­­տարեալ խայ­­­տա­­­­­­­ռակու­­­թիւն։ Դուն ծա­­­նօթ փաս­­­տա­­­­­­­բան մը ու­­­նի՞ս։ Սա գոր­­­ծը հե­­­տապնդենք։ Օր­­­մա­­­­­­­նեան շքան­­­շան կու տամ իրեն։ Թե­­­րեւս խորհրդակ­­­ցա­­­­­­­կան մար­­­մի­­­­­­­նին ալ ան­­­դամ ընեմ։ Չեմ գի­­­տեր, տես­­­նենք։ Ջի­­­ղերս ոտ­­­քի ելան։ «Յո­­­վիկ Քա­­­լող» մը պար­­­պե­­­­­­­ցի հանգստա­­­նալու հա­­­մար։ Շատ տխուր եմ։ Ինչ կ՚ըլ­­­լայ, այս գի­­­շեր ազատ ես եթէ քովս եկո՛ւր։ Պահ­­­չա­­­­­­­շեհի­­­րի տունն եմ։ Ու­­­րախ կ՚ըլ­­­լամ։ Ան­­­կիւնէն ճիփս ու չոր պտուղ բեր, «Ու­­­սուցիչ» մըն ալ առ, կը նստինք…

Ան­­­համբեր քեզ սպա­­­սող՝

Փո­­­խանորդ



Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ