Ժամանակակից հայ երաժշտութեան մէջ իր յօրինումներով, երգչախմբային եւ նուագախմբային կատարումներով ու մեկնաբանութիւններով մերօրեայ հսկաներու շարքէն է երգահան Հենրիկ Անասեան։ Անասեան 10 Ապրիլ Երեքշաբթի երեկոյ զբօսաշրջական կարճ այցելութեան մը համար ժամանեց քաղաքս։ Այս այցելութիւնը առիթ դարձաւ, որ Սայաթ Նովա երգչախումբի անդամները զինք, իր կողակիցը Մարիէթա Անասեանը եւ բարեկամները հիւրընկալեն Պոլսոյ գողտրիկ կապելաներէ մէկուն՝ «Զուլա»ի ջերմ մթնոլորտին մէջ։ Հանդիպումը առիթ ընծայեց, որ մայէսթրոյ Անասեան կրկին անգամ վայելէ իր շատ լաւ տպաւորութիւններով բաժնուած ընկերներուն ջերմութիւնը։ Անշուշտ այս անգամ ջերմութիւն կիսելու այս առիթին մէջ իրենց տեղը ունեցան նաեւ խումբի կարգ մը համակիրներ՝ որոնց շնորհիւ գոյացած էր Անասեանի եւ Սայաթ Նովացիներու բարեկամութիւնը։ Իսկ 11 Ապրիլ Չորեքշաբթի օր ուրախութիւնը ունեցանք խմբագրատան մէջ մայէսթրոյի ներկայութիւնը վայելելու։ Արդարեւ Անասեան այցելեց «Ակօս»ի խմբագրատուն եւ մեզ նուիրեց իր վերջին հրատարակութիւններէն նմոյշներ։ Անոնց մէջ յատկապէս ուշագրաւ էր իր հայագէտ, մատենագէտ եւ պատմաբան հօր՝ փրոֆ. Յակոբ Անասեանի մահուան երեսնամեակի առթիւ հրատարակուած յուշագրութիւնը։ «Հայ մատենագրութեան տիրակալը՝ Յակոբ Անասեան» խորագրի յուշագրութեան մէջ Հենրիկ Անասեան կը հետեւի «քայլող հանրագիտարան» համարած իր հօր ոտնահետքերուն, որոնք կան ու պիտի մնան Երեւանի փողոցներուն եւ յաջորդող սերունդները պիտի քալեն այդ հետքերով։ Պատգամի բնոյթով այս տողերէ ետք ընթերցողը կը ծանօթանայ Յակոբ Անասեանի ինքնակենսագրութեան։ Ապա Հենրիկ անասեան «Մենք թողնում ենք Հայաստանը» ենթախորագիրով կը նկարագրէ Անասեաններու ընտանիքի դէպի նոր աշխարհ տանող գաղթի ոդիսականը։ Սոյն հաւաքածոյի մէջ յօդուած մը ստորագրած է Գէորգ Ասատրեան, որուն խորագիրը նաեւ գիրքի անուանումն է։ Վերջապէս գիրքի չորրորդ եւ վերջին հատուածը գրի առնուած է Հենրիկ Անասեանի կողմէ «Արմատ հաւատոցի առեղծուածը» խորագիրով։ Գիրքին աւելի ծաւալուն ծանօթագրութիւնը կը թողունք «Ակօս»ի Քիթափ- գիրք յաւելուածի յաջորդ համարին եւ այս պահուն կը գոհանանք սիրելի մայէսթրոյի ներկայութեան պատճառած ուրախութիւնը հրապարակելով։