«Զապէլ» յաւակնորդ Աֆիֆէ Ժալէ 22-րդ մրցանակին

Թուրքիոյ թա­­տերա­­կան աշ­­խարհի մէջ բա­­ւական բարձր նշա­­նակու­­թիւն ու­­նի Աֆի­­ֆէ Ժա­­լէի անո­­ւան ձօ­­նուած մրցա­­նակը։ Այս տա­­րի 22-րդ ան­­գամ կը կա­­յանայ մրցա­­նակա­­բաշ­­խութիւն, սոյն տա­­րուայ զա­­նազան բե­­մադ­­րութիւննե­­րուն հա­­մար։ Աֆի­­ֆէ Ժա­­լէի անո­­ւան մրցա­­նակ­­նե­­­րը կը շնոր­­հո­­­ւին 11 հիմ­­նա­­­կան բաժ­­նի մէջ, որոնք են՝ տա­­րուայ լա­­ւագոյն բե­­մադ­­րութիւ­­նը, տա­­րուայ լա­­ւագոյն բե­­մադ­­րի­­­չը, լա­­ւագոյն դե­­րասա­­նու­­հին, լա­­ւագոյն դե­­րասա­­նը, լա­­ւագոյն կին եւ այր երկրորդ դե­­րակա­­տար­­նե­­­րը, լա­­ւագոյն բե­­մայար­­դա­­­րու­­մը, լա­­ւագոյն տա­­րազի ձե­­ւաւո­­րում, լա­­ւագոյն թա­­տերա­­կան երաժշտու­­թիւն, լա­­ւագոյն լոյ­­սի ձե­­ւաւո­­րում եւ լա­­ւագոյն երի­­տասարդ դե­­րակա­­տար։

Բա­­ցի այդ Մուհսին Էր­­թուղրու­­լի, Ճե­­մալ Ֆեհ­­մի Պաշ­­քութի, Հալ­­տուն Տոր­­մե­­­նի եւ Եաբը Քրե­­տի դրա­­մատան անուննե­­րով չորս յա­­տուկ մրցա­­նակ­­ներ կը շնոր­­հո­­­ւին։

9 Ապ­­րիլ Եր­­կուշաբ­­թի երե­­կոյ կա­­տարո­­ւած մամ­­լոյ ժո­­ղովին դա­­տակազ­­մի պետ փրոֆ. Մե­­լիհ Թան­­կիւն ելոյթ ու­­նե­­­ցաւ եւ յայ­­տա­­­րարեց այս տա­­րուայ մրցա­­նակա­­բաշ­­խութեան յա­­ւակ­­նորդնե­­րը։ Անոնց մէջ յատ­­կա­­­պէս ու­­շագրաւ է անո­­ւանի գրող Զա­­պէլ Եսա­­յեանի կեան­­քէն հա­­տուած­­ներ մեկ­­նա­­­բանող «Զա­­պէլ» թատ­­րերգու­­թիւնը, որ յա­­ւակ­­նորդ է լա­­ւագոյն բե­­մադ­­րութիւն, լա­­ւագոյն դե­­րասա­­նու­­հի եւ լա­­ւագոյն թա­­տերա­­կան երաժշտու­­թիւն մար­­զե­­­րուն մէջ։

Նշենք որ «Զա­­պէլ»ի գլխա­­ւոր դե­­րասա­­նու­­հին էր Այ­­սէլ Եըլ­­տը­­­րըմ եւ երաժշտու­­թիւնը յօ­­րինո­­ւած էր Արի Հեր­­կե­­­լի կող­­մէ։

Մրցա­­նակա­­բաշ­­խութիւ­­նը տե­­ղի պի­­տի ու­­նե­­­նայ 14 Մա­­յիս 2018-ին Ոս­­կեղջիւ­­րի հա­­մագու­­մարնե­­րու կեդ­­րո­­­նին մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ