Մեր երկրի իրականութեան մէջ կան ասպարէզներ, որոնք ինքնաբերաբար զօդուած են ազգութեան մը։ Պոլսոյ մէջ ահա այդ պատկերը կը տեսնենք կաթնեղէնի մշակման ասպարէզին մէջ։ «Մուհալլէպի»ն Թուրքիոյ փողոցային ճաշատեսակներուն մէջ յատուկ տեղ կը զբաղեցնէ։ Այդ տեսակ ճաշարաններուն մէջ կը տիրէ որոշ խոհանոցային ոճ, հիմնական կերպով կաթի մշակումով գոյացած։ Սա ոչ թէ բուլղարացիներու, այլ պոլսաբնակ բուլղարներու յատուկ երեւոյթ մըն է։ Մինչեւ քանի մը տասնամեակ առաջ Պոլսոյ մէջ կային բազմաթիւ «Մուհալլէպի» վաճառող խանութներ, որոնց սեփականատէրերը նոյն այդ պոլսեցի բուլղարներն էին։ Տարիներու հոլովոյթով, թէ քաղաքին մէջ անասնապահութեան պայմաններու դժուարացումը եւ թէ տնտեսական ինչ-ինչ պատճառներով անոնք մի առ մի հրաժարեցան այս շուկայէին իրենց տեղը թողելով տեղացի նախաձեռնողներու։ Այդ փաղանգի վերջին օրինակն էր Փանտօ Չեստաքով, որ շատ երկար տարիներ առասպելի մը համբաւը կը վայելէր Պեշիքթաշի շուկային մէջ։ Փանտօ Չեստաքով երկուշաբթի օր մահացաւ խոր ծերութեան մէջ եւ իր կորուստը խորհրդանշական վերջակէտ մը եղաւ այդ ասպարէզի համար։
Չեստաքովի յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ 12 Ապրիլ Հինգշաբթի Ֆերիգիւղի Բուլղար գերեզմանատան մատրան մէջ։