ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Շնորհքը հեղինակութիւն կը պահանջէ

Սկսելով ամենահին ժամանակներէ, պատմութեան բո­լոր շրջան­նե­րուն մար­դիկ վե­րացա­կան սրբու­թիւննե­րու հետ հա­ղոր­դուելու հա­մար կա­րիք ու­նե­ցան միջ­նորդնե­րու։ Միջ­նորդներ՝ որոնք կար­ծես բո­լորէն աւե­լի կը տի­րապե­տէին սուրբե­րու հետ հա­ղոր­դակցե­լու եղա­նակ­նե­րուն։ Այս տրա­մաբա­նու­թե­նէ հե­ռու մեր­ձե­ցու­մը տե­ղի տուաւ բո­լոր կրօն­նե­րու հա­մար հո­գեւո­րակա­նաց դա­սու մը կազ­մութեան։ Այդ դա­սի ապ­րուստը հո­գացին հա­ւատա­ցեալ­նե­րը։ Հա­մեմա­տաբար հա­մերաշ­խութեան պայ­մաննե­րու մէջ աւե­լի տա­նելի էր այդ հո­գը։ Բայց, երբ մար­դիկ կը դժուարա­նային հա­նապա­զօրեայ հացն իսկ ճա­րելու, հա­ւաքա­կանու­թեան մէջ իս­կոյն կը լսուէին հո­գեւո­րական­նե­րու առա­քելու­թիւնը հար­ցա­կանի դնող մեկ­նա­բանու­թիւններ։ Նման ան­կարգու­թիւնը կան­խե­լու լա­ւագոյն մի­ջոցն էր հո­գեւո­րական­նե­րու յա­ւելեալ պա­տիւ­ներ վե­րագ­րել։ Այդ յա­ւելեալ պա­տիւ­նե­րը եր­բեմն կը հաս­նէին քա­հանա­ները կամ քրմա­պետե­րը սրբա­դասե­լու աս­տի­ճանին։ Ան­դին այդ սրբա­զան պի­տակին ետին հո­գեւո­րական­նե­րը պար­զա­պէս իրենց աս­պա­րէզը կը կի­րար­կէին։ Աս­պա­րէզ՝ որ առ­հա­սարակ կա­ռու­ցուած է սուտն ու կեղ­ծի­քը իրաւ ձե­ւաց­նե­լու եւ մար­դիկ մերթ բա­րեխօ­սու­թեամբ, իսկ աւե­լի յա­ճախ ալ սպառ­նա­լիք­նե­րով որոշ հա­ւատ­քի մէջ պա­հելու։ Ոեւէ խա­բեբայ կրնաս ար­ժա­նի կեր­պով հա­լածել։ Բայց եթէ այդ խա­բեբան պի­տի ներ­կա­յանայ հո­գեւո­րակա­նի տա­րազով խնդի­րը կը բար­դա­նայ։ Շուրջին­ներդ կը զգու­շացնեն. «կարգ ու­նի» ըսե­լով։ Ահա այդ ար­գելքէն ձեր­բա­զատուելու հա­մար է, որ հնա­րուած է «կար­գէն հե­ռու» կա­ղապա­րը։ Ժո­ղովրդա­կան փի­լիսո­փայու­թիւնը այդ ձե­ւով գտած է հո­գեւո­րական­նե­րու ան­կարգու­թեան դէմ առար­կե­լու եղա­նակը։ Նա­խադա­սու­թեան սկիզ­բը «հե­ռու կար­գէն» մը կը դնես եւ ան­կէ ան­դին խօս­քը կ՚ու­նե­նայ ազատ թռիչք։ Ալ ինչ որ է պատ­շա­ճը, ալ ին­չի կը թոյ­լատրէ ըն­տա­նեկան կրթու­թիւնը այդ սահ­մա­նով կը շա­րահիւ­սես։ Վեր­ջա­պէս պէտք է գիտ­նանք, թէ հո­գեւո­րական կո­չուա­ծը մեր տգի­տու­թիւնը շա­հագոր­ծող շու­կա­յի մը վա­ճառա­կանն է եւ ոչ աւե­լին։ Մենք է որ զմեզ հա­մոզած ենք մեր սե­փական տգի­տու­թեան մա­սին եւ հո­գեւո­րակա­նը պաշ­տօ­նի կո­չած որ­պէսզի միջ­նորդէ մեր սրտա­բուխ աղօթքնե­րուն։

Այ­սօր շա­տեր կը սար­սա­փին լսե­լով այս կամ այն հո­գեւո­րակա­նի հաս­ցէին ուղղուած չար խօս­քը։ Կը կար­ծեն թէ հո­գեւո­րակա­նը հա­լածե­լով Աւե­տարա­նէն էջ կը փրթի։ Իրա­կանու­թեան մէջ այդ աս­պա­րէզի պաշ­տօ­նեանե­րը սո­վորա­կան որե­ւէ աս­պա­րէզի մար­դոցմէ աւե­լի ար­ժա­նապա­տիւ չեն եղած։ Պար­զա­պէս հիմ­նած են հա­մակարգ մը, որու շնոր­հիւ իրենց կը վե­րագ­րեն սրբու­թիւն։ Ան­շուշտ որ այդ հա­մակար­գի ան­դամնե­րուն մէջ ան­ցեալին եղած են, այ­սօր ալ կան եւ ապա­գային ալ պի­տի ըլ­լան նուիրեալ ան­ձեր, որոնք ար­ժա­նի են ամէն տե­սակ գնա­հատան­քի։ Պայ­մա­նաւ որ գի­տակ­ցինք, թէ անոնք պար­զա­պէս բա­ցառու­թիւններ են։ Հա­զուա­դէպ կը հան­դի­պինք հո­գեւո­րակա­նի այն կեր­պա­րին, որ իս­կա­պէս ար­ժա­նի ըլ­լայ ժո­ղովուրդի այդքան բարձր գնա­հատան­քին։

Սա ո՛չ միայն հայ եկե­ղեց­ւոյ, այլ աշ­խարհաս­փիւռ բո­լոր հո­գեւո­րական­նե­րու խնդիր է։ Բայց մենք նիւ­թը դի­տենք մեր կող­մէն եւ հարց տանք թէ 1700 տա­րուայ ան­ցեալ ու­նե­ցող հայ եկե­ղեց­ւոյ պատ­մութեան մէջ ար­դեօք քա­նի՞ ար­ժա­նի հո­վուա­պետեր ու­նե­ցած ենք, որոնք որոշ ժա­մանակ բազ­մած ըլ­լան Կա­թողի­կոսա­կան աթո­ռին։

Պոլ­սոյ պատ­րիար­քա­կան գա­հի նա­խորդ 84 գա­հակալ­նե­րէն ար­դեօք քա­նի՞ն ար­ժա­նի պի­տի ըլ­լան պատ­մութեան մէջ փա­ռաբա­նուե­լու։ Ինչպէս բո­լոր աս­պա­րէզ­նե­րը, քա­հանա­յու­թիւնն ալ ուղղուած է օրա­պահիկ մը ապա­հովե­լու եւ այդ ըն­թացքին մէջ յար­գանքի չա­փազան­ցութեան պատ­ճառ մը գո­յու­թիւն չու­նի։ Մա­նաւանդ երբ յի­շենք թէ այդ ծա­ռայու­թեան մե­ծագոյն մա­տակա­րար­նե­րը ընդհան­րա­պէս ժո­ղովուրդը կե­ղեքե­լով հարստու­թիւն դի­զած­նե­րու դա­սէն կու գան, կրնանք ալ աւե­լի վե­րապահ ըլ­լալ հո­գեւո­րական­նե­րը փա­ռաբա­նելու խնդրին մէջ։

Յստակ իրո­ղու­թիւն է, որ պաշ­տօննե­րը ինքնին շնորհք չեն պատ­ճա­ռեր եւ ան­հատներն են, որ պի­տի ապա­հովեն այդ շնորհքը կամ ընդհա­կառա­կը պիտի շնորհազրկուին իրենց արարքներով։ 

pakrates@yahoo.com