Սուրբ Զատկի շնորհաւորութիւններու ընթացքին Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ հրապարակուեցաւ նաեւ սոյն տարուայ ելմտական հաշուետուութիւնը։ Մամուլին փոխանցուած ցուցակին համաձայն Պատրիարքարանի ելմտական աղիւսակը ունեցած է 48 հազար լիրային հասնող բաց մը։ Այսպէս Պատրիարքարանը 2017 թուականի ընթացքին գանձած է 1 միլիոն 739 հազար եւ ծախսած է 1 միլիոն 787 հազար։ 2016-ի ցուցակին հետ բաղդատութիւններով ներկայացուած ցուցակին մէջ ուշագրաւ կը դառնար «հասարակութեան հետ յարաբերութիւններ» խորագրի ներքեւ ներկայացուող հայ մամուլի տրուած ծանուցումներու ցանկը։ Ըստ այդ ցուցակի 2016 թուին 32 հազար կազմող գումարը, տարի մը անց բարձրացած է 135 հազար 404 լիրայի։ Նշենք որ Պատրիարքական տեղապահ Գարեգին Պէքճեան պաշտօն ստանձնած օրերուն յայտարարութիւնով մը հանդէս եկած եւ հրապարակած էր, թէ Պատրիարքարանը գումար չունի ծանուցումներու համար։ Այդ յայտարարութիւնն ալ մտածել կու տայ թէ սոյն ծանուցումները տեղի ունեցած են տարուայ առաջին կէսին։ Ծանուցումներու այս ուշագրաւ աճին համար դիմեցինք Պատրիարքարանի պիւտճէի պատասխանատու Պետրոս Մարզուանի, որուն տուած տեղեկութիւններուն համաձայն նախորդ տարուայ ընթացքին «Ժամանակ» թերթին փոխանցուած է 100 հազար, իսկ «Մարմարա»ին 30 հազար լիրա, իբրեւ ծանուցումներու փոխարժէք։
Մարզուան չէ կրցած պատասխանել թերթերու միջեւ այս անհամապատասխան տարբերութեան եւ մէկ տարուայ ընթացքին գոյացած ուշագրաւ աճի պատճառներուն մասին։
Ուշագրաւ երեւոյթ է նաեւ շէնքի վերանորոգման համար կատարուած ծախսերուն զգալի աճը։ Այստեղ եւս կը տեսնենք երկու տարիներու ընթացքին կատարուած ընդհանուր ծախսը, որ կը հասնի 290 հազար լիրայի։ Հաշուապահը տարեկան պիւտճէի մատնուած դժուարութիւնը կը բացատրէ մկրտութիւն, պսակ եւ թաղումի ծիսակատարութիւններու նուազումով։ Փոխանցուած տեղեկութեան համաձայն անցեալ տարի կատարուած է 116 պսակադրութիւն եւ ընդհանուր առմամբ 1,826 կարգադրութիւններէն գանձուած է 2 միլիոն 585 հազար լիրա։ Այդ գումարի 585 հազարը փոխանցուած է հոգեւորականներուն։ Իսկ 331 հազարն ալ եկեղեցիներուն եւ գերեզմանատուներուն։
Արամ արք. Աթէշեան պսակադրութիւններու նուազումը բացատրեց խառն ամուսնութիւններու աճով։
Սուրբ Երրորդութիւն
եկեղեցւոյ խնդիրը
Սուրբ Զատկի առթիւ համայնքային հաստատութիւններու շնորհաւորութեան ընթացքին օրակարգի եկաւ նաեւ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցիէ ներս տեղի ունեցած զեղծարարութիւններու խնդիրը։ Այս մասին Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու դժգոհութիւն յայտնեց այս եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցած անկարգութիւններու մասին եւ պահանջեց, որ լուծուի թաղական խորհուրդը եւ այդ պաշտօնը փոխանցուի ներկայ թաղական խորհուրդներէ կազմուած յանձնախումբի մը։ Շիրինօղլուի այս առաջարկը պատճառ դարձաւ թեր ու դէմ կարծիքներու փոխանակման։ Ոմանք ձայնակցեցան, իսկ ոմանք ալ որոշ անպատեհութիւններ նկատեցին նման եղանակի մը գործադրման մէջ։ Շիրինօղլու պատմեց, թէ եկեղեցւոյ քարտուղարը անօրինական եղանակներով գնած է եկեղեցապատկան կալուած մը եւ այդ անօրինականութեան յայտնաբերումէն ետք թաղականութիւնը զինք հեռացուցած է պաշտօնէն։ Անշուշտ որ այս երեւոյթը բացառութիւն մը չի կազմեր այդ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի աշխատանքի ոճին մէջ։ Արդարեւ նախապէս ալ բազում անգամներ նման զեղծարարութիւններ օրակարգի եկած եւ ամէն անգամուն բարձիթող եղած են պատասխանատուներու ձեռքով։
Շիրինօղլու այս ապօրէն երեւոյթն ալ յիշեցնելով խորհուրդ տուաւ, որ ինք կրնայ այս մասին խօսիլ Հանրապետութեան նախագահին հետ եւ խնդրել, թէ լուծարուի գործող թաղական խորհուրդը եւ պաշտօն յանձնուի թաղականներէ բաղկացած յանձնախումբի մը։ Շիրինօղլու այս կարգադրութիւնը բացատրելու ժամանակ չխրտչեցաւ նաեւ «քայյում» բառը օգտագործելէ։ Տխրահրչակ բառ մը, որ վերջերս կառավարութիւնը յաճախ կ՚օգտագործէ ընտրուած քաղաքապետները կարգալոյծ ընելու համար։ Ուրեմն ինքնին այդ բառը անգամ բաւականին անհանգստութիւն պատճառող բնոյթ ունի եւ կարելի չէ նման եղանակի մը ընթացքն ալ ցանկացած անբաղձալի երեւոյթը չէզոքացնելու պատրուակով։
Միւս կողմէ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ պատկանող Թոքաթլըեան խանի անմխիթար վիճակը եւս քննադատութիւններու առարկայ է, սակայն այստեղ պարտինք խոստովանիլ թէ ներկայ վարչութեան այդ առումով դիմելիք ամէն նախաձեռնութիւն իր կարգին բամբասանքներու տեղի պիտի տայ, ուստի աւելի լաւ է որ ազգապատկան կալուածը մնայ իր ներկայ վիճակին մէջ, քան խիստ կասկածելի անձերու ձեռքով վարձուի կամ երկարաժամկէտ պայմանագիրով փոխանցուի շինարարական ընկերութեան մը։ Ճիշդ է որ կալուածը ներկայ դրութեամբ օր ըստ օրէ կը մաշի եւ իր այդ վիճակով ցաւ կը պատճառէ բոլորին։ Բայց նախընտրելի է մինչեւ առաջին ընտրութիւններ ապրիլ այդ վիշտը, բայց եւ այնպէս տէր կանգնիլ ազգապատկան կալուածին։