Համարեա ամբողջութեամբ իշխանութեան փողը դարձած Թուրքիոյ մամուլին մէջ սակաւաթիւ ընդդիմադիր թերթերէն «Ազատատենչ ժողովրդավարութիւն»ը (Էօզկիւրլիւքչիւ տեմոքրասի) ենթարկուեցաւ ոստիականական խուզարկումի եւ ոստիկանութիւնը փակեց թերթի տպարանը եւս։ Այս զարգացումէն ետք նոյն տպարանի մէջ տպուող քրտերէն «Վելատ» թերթն ալ ինքնաբերաբար դուրս մնաց գրաւոր մամուլի շուկայէն, քանի որ այս օրինակները տեսնելով ոչ մէկ տպարան համարձակեցաւ քրտերէն թերթը հրատարակելու։ «Վելատ» որպէս անմիջական կանխամիջոց դիմեց թերթը պատճէնահանելով ընթերցողներու առաքելու եղանակին։ Իրականութեան մէջ այս եղանակը կարելի չէ որ այլընտրանք մը դառնայ տպագրութեան դրութեան դէմ։ Հետեւաբար թերթի խմբագրութիւնն ալ յայտարարեց թէ այս կանխամիջոցը միայն խորհրդանշական իմաստ ունի եւ այսուհետեւ իրենց առաքելութիւնը պիտի շարունակեն համացանցի դրութեամբ։ Կ՚արժէ նշել թէ նախորդ շաբաթավերջ ընդունուած նոր կարգադրութիւնով համացանցային մամուլն ալ կը դատապարտուի գրաքննութեան եւ հեռացոյցի ու ռատիոյի հաղորդումները քննող յանձնախումբը պաշտօնակոչուած է համացանցային լրատուութիւնն ալ հսկելու գործին։