Անարդարութիւնը արտակարգ իրավիճակներու պայմաններուն ներքեւ

Հանրապե­տու­թեան նա­խագա­հի մատ­նա­ցոյց ընե­լէն ետք ոս­տի­կան­նե­րը բեր­ման են­թարկե­ցին Պո­ղազի­չի հա­մալ­սա­րանի 15 ու­սա­նող­նե­րը։ 3 Ապ­րի­լին ու­սա­նող­նե­րը ներ­կա­յացան դա­տախա­զու­թեան եւ հայ­ցե­րը ներ­կա­յաց­նե­լէ ետք անոնցմէ ինը ձեր­բա­կալուեցան եւ բանտ ղրկուեցան։ Դա­տախա­զու­թիւնը դա­տարա­նի ուղղեալ գրու­թեան մէջ մե­ղադ­րանքը ներ­կա­յացուց հե­տեւեալ կեր­պով՝ «Պո­ղազի­չի հա­մալ­սա­րանի Իս­լա­մական հե­տազօ­տու­թիւննե­րու ակումբի կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած եւ թրքա­կան բա­նակի դէ­պի Աֆ­րին կա­տարած «Ձի­թենեաց Ճիւղ» գոր­ծո­ղու­թեան յա­ջողու­թիւնը ող­ջունե­լու մի­տու­մով եւ խիստ մարդկա­յին զգա­ցումնե­րով ձեռ­նարկուած էր լո­խու­մի հիւ­րա­սիրու­թիւն։ Այս խա­ղաղ նա­խաձեռ­նութեան դէմ յար­ձա­կելով բռնու­թիւն գոր­ծադրուած է եւ դէպ­քը հար­ցաքննուած է դա­տախա­զու­թեան կող­մէ։ Ամ­բաստա­նեալ­նե­րը իրենց այս արար­քով ահա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պութեան որ­դեգրած գա­ղափա­րախօ­սու­թեան զու­գա­հեռ փոր­ձած են թրքա­կան բա­նակի ահա­բեկ­չութեան դէմ կա­տարած գոր­ծո­ղու­թիւնը ար­շաւ մը ըլ­լա­լով ներ­կա­յաց­նել»։

Դա­տախա­զու­թիւնը այս մե­ղադ­րանքը ներ­կա­յաց­նե­լով դա­տարա­նէն կը պա­հան­ջէ ամ­բաստա­նեալ­նե­րու ձեր­բա­կալու­թիւնը։ Իսկ դա­տարա­նը իր կար­գին կ՚ըն­դա­ռաջէ դա­տախա­զու­թեան պա­հան­ջին եւ 15 աշա­կերտնե­րէն 9 կը ձեր­բա­կալէ ու կը ղրկէ բանտ։

Մինչ այդ աշ­խարհի զա­նազան հա­մալ­սա­րան­նե­րէն աւե­լի քան 1,500 ակա­դեմա­կան­ներ իրենց ստո­րագ­րութիւննե­րով զօ­րակ­ցութիւն կը յայտնեն Պո­ղազի­չի հա­մալ­սա­րանի աշա­կեր­տութեան։

Միւս կող­մէ կը շա­րու­նա­կուի «այս յան­ցանքին մեղ­սա­կից չեն ըլ­լար» ստո­րագ­րարշա­ւին մաս­նակցող ակա­դեմա­կան­նե­րու դա­տավա­րու­թիւնը եւս։ Այդ ծի­րէն ներս վեր­ջերս ձեր­բա­կալուած Կա­լաթա­սարայ հա­մալ­սա­րանի դա­սախօս­նե­րէն՝ փրոֆ. Ֆիւ­սուն Իւսթէլ եւ Իս­թանպու­լի հա­մալ­սա­րանի դա­սախօս­նե­րէն՝ տոց. Վե­լի Փո­լաթի դէմ մէկ տա­րի երեք ամ­սուայ բան­տարկու­թիւն վճռուեցաւ։ Դա­տարա­նը չյե­տաձ­գեց Ֆիւ­սուն Իւսթէ­լի դէմ վճռուած պա­տիժը։ Իսկ Վե­լի Փո­լաթի պա­տիժը յե­տաձ­գուած է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ