«Անատոլու Քիւլթիւր» ընկերութեան սեփականատէր Օսման Քաւալա նամակով մը նկարագրեց բանտարկութեան պայմանները։
Սիլիվրիի արգելանոցի մէջ բանտարկութեանս հինգերորդ ամիսն ալ լրացուցած եմ։ Առողջութիւնս լաւ է։ Ամէն օր շուրջ երկու ժամ կը քալեմ արգելանոցի բակին մէջ։ Ճաշերը լաւ են։ Բանտի բժիշկին յանձնարարութեամբ սկսայ ակնոց գործածել, ուր հիմա աւելի դիւրին կը կարդամ։ Կարդալ, գրել, լուացք լուալ, մաքրութիւն, ժամերս ձեւով մը կ՚անցնին։ Նախորդ շաբաթ վերացաւ ինծի դէմ յարուցուած սահմանափակումները։ Աւելի ազատ կը թղթակցիմ։ Փաստաբաններու հետ աւելի յաճախ կը տեսակցիմ։ Ուրախառիթ ուրիշ զարգացում մըն ալ գարնան գալուստն է։ Աշնան ու ձմրան օրերուն կարօտած էինք արեւը եւ ան հիմա մեզ կը ժպտայ բանտի բակի պատերու վրայէն։ Թէեւ չենք կրնար վայելել գարնան բարիքները, չենք կրնար տեսնել ծաղկած, ծիլ արձակած ծառերը, բնութեան բուրմունքը, բայց գիտենք որ գարունը եկած է։ Հիմա անհամբեր կը սպասենք ճնճղուկներու գալուստին։
Միւս կողմէ երկրի վրայ տիրապետող քաղաքական մթնոլորտը կը պահէ իր լարուածութիւնը։ Անշուշտ շատ ուրախ եմ վերջին ազատ թողումները լսելով, բայց զինուորական հարուածի հետ կապ չունեցող դեռ բազմաթիւ մարդիկ ափսոս որ կը շարունակեն զրկանքներու մէջ ապրելու։ Արտակարգ իրավիճակի պայմաններուն մէջ մեծ անփութութեամբ ձերբակալուած բազմաթիւ անմեղ մարդիկ կը սպասեն տիրող իրավիճակի փառատելուն համար։ Մինչեւ որ այս դաժան պայմանները չվերանան, բանտի մէջ ըլլալ կամ չըլլալը նշանակութիւն պիտի չունենայ։ Մենք պիտի շարունակենք մեզի պարտադրուած զրկանքները ապրելու։ Կ՚ուզեմ իմ ողջոյնները եւ բարեւները փոխանցել բոլոր անոնց, որոնք մտահոգ են իմ մատնուած պայմաններով»։