Չենք մոռցած, որ վերյիշենք

Այս թիւով կը նշենք «Ակօս»ի հիմնադրութեան տարեդարձը։ 1996-ին Սուրբ Զատկի տօնին հրատարակուած 
էր թերթիս առաջին համարը։ Բնականաբար ամէն տարի օրացոյցի փոքր շեղումներով ալ ըլլայ Սուրբ Զատկին կը յիշենք նաեւ թերթի հիմնադրութիւնը։ Սակայն կեանքը մեզ պարտադրեց տխուր յիշատակումներ ալ։ 19 Յունուարը Հրանդ Տինքի սպանութեան օրն է եւ ո՛չ միայն մեզ՝ ակօսականներուս, այլ ամբողջ հայաշխարհի եւ առհասարակ Թուրքիոյ ժողովրդավարական տարրերու կողմէ ալ կը նշուի պատշաճ կերպով։ Իսկ այս տարի դարձեալ Սուրբ Զատկի մեռելոցի օրը Շիշլիի գերեզմանատան մէջ, ընտանեկան դամբարանին վրայ յիշատակեցինք հայերէն էջերու նախկին խմբագիր Սարգիս Սերովբեանի մահուան Գ. տարելիցը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք զինք յիշատակող չորս շարադրութիւններ, որոնք նախորդ շաբաթ լոյս տեսած էին 
թերթիս թրքերէն էջերուն վրայ։ 

Ես Սերովբեանի հետ մեծցած եմ

ԼՈՐԱ ՊԱՅԹԱՐ ՉԱՓԱՐ

Սարգիս Սերովբեան, լաւ շրջիք մը, լաւ պատ­մա­բան մը, հին ժա­մանակ­նե­րէն վե­րապ­րած հսկայ գա­զան մը, «պա­րոն» մը, հայր մը եւ լրագ­րող։ Ան­ցաւ գնաց այս աշ­խարհէն։ Իր ետին թո­ղուց գրու­թիւննե­րու հա­րուստ պա­շար մը։ Բազ­մա­հարիւր լու­սանկար­ներ, յու­շեր, զինք սի­րող­ներ, չսի­րող­ներ, զա­ւակ­ներ, թոռ­ներ։ Ամէն նա­ւահան­գիստին սի­րած մը պա­հող նա­ւաս­տի­ներու նման Սե­րով­բեան ալ այս երկրի բո­լոր հե­ռաւոր ան­կիւննե­րուն ու­նէր բա­րեկամ­ներ։ Մին­չեւ այ­սօր երկրի որ քա­ղաքն ալ, որ այ­ցե­լէք ան­պայման կը հան­դի­պիք այդ բա­րեկամ­նե­րէն մի քա­նիին։

Ես կրնամ ըսել, թէ պա­րոն Սե­րով­բեանի հետ շրջե­լով է որ մեծ­ցայ։ Առա­ջին ան­գամ 2001 թուին էր, որ վա­րակուեցայ Սե­րով­բեանի հետ շրջե­լու ախտէն եւ մին­չեւ 2013 հա­մարեա ընդմիշտ իր հետ շրջե­ցայ։ Քա­ղաք­նե­րը որ համ­րեմ գլուխս կը պտը­տի։ Իզ­միթ, Պուրսա, Թե­քիր­տաղ, Չա­նաք­քա­լէ, Ան­գա­րա, Եոզ­ղատ, Ամա­սիա, Թո­քաթ, Սի­վաս, Կե­սարիա, Մա­լաթիա, Էլա­զըղ, Ուրֆա, Ան­թէպ, Ատա­նա, Ան­թա­քիա, Տրա­պիզոն, Ռի­զէ, Արթվին, Էրզրում, Կարս, Աղ­րի, Վան, Վան, Վան, Պիթ­լիս, Մուշ, Տէր­սիմ, Տի­յար­պե­քիր, Մար­տին։ Ասոնք առա­ջին հեր­թին նշած­ներս են միայն, ալ եկէք երե­ւակա­յեցէք թէ այս բո­լորէն որ­քան շատ յի­շատակ­նե­րով վե­րադար­ձած եմ։ Պոլ­սոյ մէջ, թէ շրջա­գայու­թիւննե­րու ժա­մանակ, երբ որ պի­տի ճա­շենք միշտ իր մօ­տը կ՚ըլ­լա­յի։ Այս տա­րիքս եկած եմ եւ տա­կաւին չեմ հան­դի­պած երկրորդ մէ­կու մը, որ այնքան քա­ջաբար տի­րապե­տէ, թէ ուր ինչ ու­տել պէտք է։ Լա­ւագոյն կո­ղիկը, լա­ւագոյն ձկնե­ղէնը, ամե­նահա­մով քո­քորե­չը, ինչ որ միտ­քով կանցնի այդ բո­լորին ամե­նաըն­տիր տե­սակ­նե­րը ուր կա­րելի է գտնել շատ լաւ գի­տեր Սե­րով­բեան։ Որ մէկ յուշս պատ­մեմ Սե­րով­բեանի հետ։ Օրի­նակի հա­մար Գա­րին Գա­րագաշ­լըի հետ ան­պէտք բա­ներ գնե­լու հա­մար հե­ռանալ եւ ապա օտար քա­ղաքին մէջ կոր­չիլս։ Ապա թէ ոչ Արթվի­նի Եու­սուֆէ­լի գա­ւառին մէջ դժուար ան­ցա­նելի լեռ­ներ, ձո­րեր մագլցե­լէ ետք հա­զիւ թէ հա­սած էինք հիւ­րա­նոց եւ հիւ­րա­նոցի տէ­րը եկող բազ­մութիւն խումբէն շուարած «դուք պահ մը հանգստա­ցէք ես ան­մի­ջապէս խո­հանո­ցը պատ­րաստեմ» ըսե­լով գա­ցած էր ձուկ որ­սա­լու։ Թէ ոչ Եդե­սիային նա­խապէս օթօ­պիւ­սի մէջ դի­զած սե­խերով գե­տին վրայ կազ­մած օղիի սե­ղանը…

Ատա­նայի մէջ կի­նօփա­ռատօն է եւ Կար­միր գոր­գի վրայ տո­ղանցքի յու­զումը կը բաժ­նենք։ Նոյն օրը ես ու Զէյ­նե­պը կը յա­մառինք քա­ղաքի ոչ ապա­հով վայ­րե­րէն Գա­զան­ճը­լար եր­թալ եւ քե­պապ ու­տե­լու հա­մար։ Լե­ւոն Էրարսլան եւ Սար­գիս Սե­րով­բեանի «աս ժա­մուն աս եր­կու աղ­ջի­կը առան­ձին չենք կրնար թո­ղուլ Գա­զան­ճը­լարի նման տեղ մը» ըսե­լով մե­զի միանա­լը…

Արիս Նալ­ճըի «Նռան հա­տիկ­ներ» ծրագ­րին հա­մար դար­ձեալ ճամ­բայ ելած ենք։ Նոր փոր­ձութիւն մը եւս ին­ծի հա­մար։ Թե­քիր­տա­ղը շա­տեր տե­սած են, գո­նէ ան­ցած են այդ տե­ղէն, բայց այդ քա­ղաքը Սե­րով­բեանի հետ շրջե­լը, որ­քան զար­մա­նալի գիւ­տե­րու տե­ղի կրնայ տալ, այդ ես գի­տեմ։ Մուշ Սուրբ Կա­րապե­տի մէջ ապ­րուած­նե­րը, ապա Եոզ­ղա­տը՝ քա­ղաք մը, որ ու­նե­ցած­նե­րով չէ այլ չու­նե­ցած­նե­րով նշա­նաւոր է եւ այդ բան մըն ալ չու­նե­ցող քա­ղաքէն ետք Ամա­սիայի դրախ­տի տպա­ւորու­թիւն թո­ղած գե­ղեց­կութիւ­նը։ Հո­փա Զա­լու­նա­յի դաշ­տին վրայ եր­գուած եր­գե­րը։ Տի­յար­պէ­քիր Սուրբ Կի­րակոս եկե­ղեց­ւոյ նո­րոգու­թե­նէն առա­ջուայ վի­ճակը։ Յե­տոյ Սե­բաս­տիա Եըլ­տը­զելի եւ Սե­րով­բեանի բա­նակի ծա­ռայու­թեան տա­րինե­րէն յու­շեր, յու­շեր…

Երզնկա, Թեր­ճան Երեք աղ­բիւր կո­չուած վայրն ենք եւ կրկին կը մագլցինք դէ­պի բար­ձունք առանց գիտ­նա­լու, թէ ինչ պի­տի յայտնուի մեր դի­մաց եւ յան­կարծ երեք հսկայ խաչ­քա­րերով նոր հրաշք մը եւս։ Արաբ­կիր եր­կար փնտռտուքնե­րէ վերջ ահա գտած ենք Նաժ­տա­յի տու­նը։ Մու­շի մէջ շրջա­պատուած ենք Կիւ­լո­յի առե­ւան­գուած տու­նի ժո­ղովուրդով։ Տե­ղացի­ները մեծ եր­կիւղա­ծու­թեամբ կը մօ­տենան նշա­նաւոր Կիւ­լո­յի թոռ­նուհուն Անա­հիտ Տէր­մի­նասեանին։ Իս­կա­պէս ալ Սե­րով­բեանի հետ ճամ­բորդե­լու ժա­մանակ ոչ ոք կրնայ կան­խա­տեսել պա­տահե­լիք անակնկալ­նե­րը։ Կան­խա­տեսուած ծրա­գիրէն դուրս պա­տահա­կան ապ­րումնե­րը շատ աւե­լի հա­րուստ են, քան այն որ կը նա­խատե­սէինք։ Ու ին­ծի հա­մար ան­մո­ռանա­լի յի­շատակ մը եւս՝ Մա­նու­շա­կի հա­մար յու­շա­նուէր­ներ գնե­լու այդ հրա­շալի պա­հերը։ Սե­րով­բեան ուր որ եր­թար միշտ կ՚ու­զէր յու­շա­նուէր­նե­րով վե­րադառ­նալ իր կնոջ մօտ եւ ես միշտ այդ առեւ­տուրնե­րու ժա­մանակ իր կող­քը կ՚ըլ­լա­յի։ Կը վստա­հէր կնոջ ճա­շակին։ Որ մէ­կը ըսեմ, որ մէ­կը պատ­մեմ Սե­րով­բեանի հետ աշ­խա­տիլը խիստ դժուար էր եւ խիստ հա­ճելի։

«Ակօս»ի աշ­խա­տան­քով ես ու­նե­ցայ եր­կու պա­րոն­ներ, որոնք ձե­ւաւո­րեցին իմ ինքնու­թիւնը, եթէ այ­սօր իմ կամ­քը յստա­կօրէն յայտնե­լու հա­մար­ձա­կու­թիւնը ու­նիմ, այդ յատ­կութիւ­նը կը պար­տիմ «Ակօս»ի իմ եր­կու պա­րոն­նե­րուն՝ Հրանդ Տին­քին եւ Սար­գիս Սե­րով­բեանին։ Իր մի­ջոցաւ ան­դա­մագ­րուեցայ Հայ­Ճա­րին, իր եւ պա­րոն Հրան­դի մի­ջոցաւ գի­տակ­ցե­ցայ իմ հա­յու­թեան։ Եր­կուքն ալ միշտ երախ­տի­քով պի­տի յի­շեմ։

Ուշ գտայ կանուխ կորսնցուցի

ՎԱՐԴԳԷՍ ՀԵՐԿԵԼ

«Սարգիս աղ­բար», «Սար­գիս վար­պետ», «Պա­րոն Սե­րով­բեան», «Հե­քեաթ պատ­մող», չեմ գի­տեր թէ որ մէկ կո­չու­մով դի­մեմ քեզ։ Ուշ ճանչցայ եւ շատ կա­նուխ կորսնցու­ցի։ Եղ­բայրներս քեզ քու ար­հեստով կը ճանչնա­յին ու այդ պատ­ճա­ռաւ ալ Սար­գիս վար­պետ կը կո­չէին։ «Ակօս»ի էջե­րով փո­խուե­ցաւ նաեւ կո­չումդ ալ։ Վե­րածուեցար լրագ­րո­ղի։ Դուն լրագ­րող եղած ժա­մանակ «Ակօս»ն ալ դար­ձած էր մեր ձայ­նը։ Նախ մի­նակ գրու­թիւննե­րով գի­տէի քեզ։ Յե­տոյ երբ Սա­յաթ Նո­վացի­ներ իրենց խմբա­վար Հեն­րիկ Անա­սեանի ծնող­նե­րուն եր­կի­րը տես­նե­լուն հա­մար փոք­րիկ խումբով պտոյտ մը կազ­մա­կեր­պե­ցին դէ­պի Պար­տի­զակ ես ալ յա­ջողե­ցայ այդ խումբին միանա­լու եւ առա­ջին ան­գամ հոն ծա­նօթա­ցայ քե­զի հետ։ Տե­սայ քու պատ­մե­լու ցան­կութիւ­նը։ Քու մէջ պատ­մե­լով գո­յացած ու­րա­խու­թիւնը։ Ես որոշ զգու­շա­ցու­մով կը մօ­տենա­յի հար­ցում մը ուղղե­լու հա­մար եւ դուն գրկա­բաց էիր իմ բո­լոր հար­ցումնե­րուն։ Հետզհե­տէ աւե­լի հա­մար­ձակ դար­ձած էի քու շնոր­հիւ։ Կա­րելի է ըսել, որ ինքնավստա­հու­թիւնս քեզ­մով գո­յացաւ։ Յե­տոյ չէ որ կինս ճար­տա­րապետ է ես ալ մաս­նակցե­ցայ Հայ­Ճա­րի այդ նշա­նաւոր պտոյտնե­րուն։ Հան­րա­շար­ժի մէջ թիւ 3 նստա­րանի ան­փո­փոխ ճամ­բորդն էի, չէ որ թիւ 1-ը կը պատ­կա­նէր քեզ, ու­րեմն պի­տի ըլ­լա­յի հոն, ուր ամե­նամօտն է քե­զի։ Ամե­նալաւ կրնամ ըմ­բոշխնել բո­լոր այն գի­տելիք­նե­րը, որոնք պատ­րաստ ես մեզ բո­լորիս շռայ­լե­լու։ Կինս կը թող­նէի ետե­ւի նստա­րան­նե­րու վրայ ու ես կը փու­թա­յի քու կող­քը։ Չէի կրնար բաց թո­ղեր քու պատ­մե­լիք­նե­րը։ Նա­խապէս Գա­րակէօզեանի կամ Գնա­լը Կղզիի ճամ­բա­րին մէջ աշ­խա­տած ըլ­լա­լով սո­վոր էի մարդկանց զիս «պա­րոն» կան­չե­լուն։ Իսկ հի­մա մեծ ու­րա­խու­թեամբ վե­րածուած էի աշա­կեր­տի մը։ Եր­բեմն կը հան­դի­պէինք մարդկանց, որոնք ամէն ինչ գիտ­նա­լու յա­ւակ­նութիւն կ՚ու­նե­նային։ Այդ պա­հուն մեր աչ­քե­րը կը հան­դի­պէին իրա­րու եւ աչ­քե­րով իրա­րու հետ կը խօ­սէինք. «մի՛ լսեր, նկա­տի մ՚առ­ներ, կա­րեւո­րու­թիւն մի՛ տար»ի նման զգու­շա­ցումներ։ Շու­տով կ՚անցնէր իր բոր­բո­քու­մը եւ ապա կու գար իրեն այնքան հա­րազատ եւ մեր բո­լորիս հա­մար սի­րելի հայ­հո­յան­քը. «սիք­տիր ըրէ Հեր­կե­լէ»։ Պա­տահա­կան երբ հան­դի­պէինք մեր զրոյ­ցը կ՚եր­թար կը կառ­չէր յա­ջորդ ճամ­բորդու­թեան մը հա­ւանա­կանու­թեան. «ե՞րբ պի­տի եր­թանք Հեր­կե­լէ»։ եղաւ ու չե­ղաւ, չյա­ջողե­ցանք յա­ջորդ ճամ­բորդու­թեան ճամ­բան բռնե­լու։

Տա­րիներ ետք էր կինս փո­խան­ցեց տխուր լու­րը. «Սար­գիս աղ­բա­րիկը հի­ւան­դա­նոցի մէջ է։ Աղ­ջիկն ալ եկած է։ Բայց լաւ չէ կ՚ըսեն»։ Ամէն ինչ ար­տա­կար­գօ­րէն շուտ զար­գա­ցաւ։ Նախ Կա­րինէին հետ կարճ զրոյց մը եւ յե­տոյ հի­ւան­դա­նոց փու­թա­ցի։ Նեւ­րո­զի յա­ջոր­դող օրն էր։ Քրտա­կան եռա­գոյ­նով լա­ջակ­ներն ալ չէին կրցած բարձրաց­նել իր վա­տացած տրա­մադ­րութիւ­նը։ Տա­ռապան­քը յայտնի չը­նել կ՚աշ­խա­տէր։ Ու­րախ բա­ներ խօ­սել փոր­ձե­ցի, ինք ժպտե­լով գո­հացաւ։ Մեր բո­լորին ու­սուցչու­հին Սե­րով­բեանի կո­ղակի­ցը եւս դուրսը կը սպա­սէր։ Կա­րինէն կը վազվզէր բժիշկնե­րու ետե­ւէն։ Ապա իր բազ­մա­թիւ դուստրե­րու մէջ երկրորդ ամե­նասի­րելին եկաւ՝ Գա­րինը, Գա­րագաշ­լըն։ Չէի ու­զեր զինք յոգ­նեցնել, քա­նի մը տող եւս փո­խան­ցե­ցինք եւ յե­տոյ հա­կեցայ ական­ջին ու «ահա աղ­ջիկդ եկաւ ալ զիս չես ու­զեր» ըսի։ Գի­տէի որ հի­ւանդնե­րը համ­բուրե­լը ճիշդ չէ, ու­րեմն ես ալ զգոյշ գտնուեցայ եւ դէմ­քին ամե­նէն հե­ռու կէ­տէն ծոծ­րա­կէն համ­բուրե­ցի ու ան­գամ մըն ալ կրկնե­ցի. «կ՚եր­թամ ըսե­լիք բան մը ու­նի՞ս»։ Հասկցաւ, թէ ին­չի կ՚ակ­նարկեմ։ Ժպտաց ու վեր­ջին ան­գամ հայ­հո­յեց՝ «սիք­տիր կո­րիր Հեր­կե­լէ»։ Այդ օրէն այս կողմ ժպիտ­նե­րը կի­սաւարտ են, յու­շե­րը կի­սաւարտ ու­րախ հայ­հո­յանքնե­րը կի­սաւարտ…։

Վար­պետ մի՛ մոռ­նար հայ­հո­յանքդ յա­ջորդ գալստեան կը պա­հան­ջեմ։

Աշխատանքն է մեծագոյն արժէքը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Յեղա­փոխա­ն­նե­րու կող­մէ իւ­րա­ցուած կար­գա­խօս մըն է, որ կը փա­ռաբա­նէ աշ­խա­տան­քը, զայն կո­չելով մե­ծագոյն ար­ժա­նիք։ Այստեղ կա­րեւոր է՝ մե­ծագոյն ար­ժա­նիք բա­ռի նշա­նակու­թիւնը։ Ներ­կայ ժա­մանակ­նե­րուն շա­տեր «ար­ժա­նիք» հաս­կա­ցողու­թիւնը կը գնա­հատեն գնե­լու կա­րողու­թիւնով։ Ար­ժա­նիք բա­ռը այդ սահ­մա­նու­մով դի­տող­նե­րուն հա­մար նոյ­նիսկ ծի­ծաղե­լի է աշ­խա­տան­քը ար­ժա­նիք հա­մարել։ Բայց մենք այս խօս­քը կը յի­շենք թեր­թիս հա­յերէն էջե­րու բազ­մա­մեայ խմբա­գիր Սար­գիս Սե­րով­բեանի հետ։ Սար­գի­սի վաս­տա­կը դի­տելով կրնանք երաշ­խա­ւորել աշ­խա­տան­քի գո­յացու­ցած ար­ժա­նիքին հզօ­րու­թիւնը։ Ար­դա­րեւ Սար­գիս Սե­րով­բեան 80 տա­րինե­րու հաս­նող կեան­քի մը տե­ւողու­թեան վաս­տակ հա­մարուած բո­լոր բար­ձունքնե­րը նուաճեց յա­մառ աշ­խա­տան­քով։ Այդ աշ­խա­տան­քը վատ­նե­լու հա­մար, եր­բեք չփոր­ձեց դիւ­րին ճամ­բա­ներով ըն­դա­նալ։ Ընդհա­կառա­կը սի­րեց դժուարը ծունկի բե­րել։ Նախ նպա­տակ­ներ ճշդեց ու ապա անվհատ եռան­դով քա­լեց դէ­պի այդ նպա­տակ­նե­րը։ Փաս­տա­ցի իրո­ղու­թիւն է որ յա­ջողե­ցաւ։ «Ակօս»ի մեր միասին աշ­խա­տած տա­րինե­րուն հիացու­մով հե­տեւե­ցայ իր աշ­խա­տան­քին։ Գի­տելիք­ներ կը կու­տա­կէր, կը զար­գացնէր այդ կու­տա­կած­նե­րը եւ ապա կը բաշ­խէր բո­լորին։ Բաշ­խել՝ այս բա­ռը նաեւ բեր­քա­հաւաք էր իր հա­մար։ Գի­տելիք­նե­րու այդ հսկայ շտե­մարա­նը բաշ­խե­լով, առա­տօրէն բաշ­խե­լով, շռայ­լօ­րէն բաշ­խե­լով, եր­բեք չէր նուազեր, այլ ընդ հա­կառակ կը հարստա­նար, կը շա­տանար, կը բրգա­նար։ Չէր զլա­նար նոյ­նիսկ սա­կաւա­թիւ ներ­կա­ներու ու­ղերձե­լու հա­մար քա­ղաքի հե­ռաւոր թա­ղերը ճամ­բորդե­լէ։ Բաւ էր որ իրեն ըսէին, թէ լսել կ՚ու­զեն իր նիւ­թե­րը։ Ինչ զար­մա­նալի է, որ մերթ ընդ մերթ զիս կը մե­ղադ­րէր ճիշդ ալ այդ նոյն պատ­ճա­ռաւ։ «Չես հար­ցուփոր­ձեր, թէ ո՞վ է հրա­ւիրո­ղը, կ՚ըն­դա­ռաջես բո­լորին»։ Ո՞վ գի­տէ թե­րեւս ինքն ալ յա­ճախ կը հան­դի­պէր նոյն մե­ղադ­րանքին եւ ես լաւ գի­տեմ, որ այդ տե­սակի առար­կութիւններ, դի­տողու­թիւններ, քննա­դատու­թիւններ շատ աւե­լի յա­ճախա­կի կեր­պով ուղղուած են նաեւ «Ակօս»ի հիմ­նա­դիրին հաս­ցէին ալ։ Մար­դիկ պի­տի դժուարա­նան հասկնա­լու, թէ այդ մե­ղադ­րանքի նիւթ դար­ձա­ծը իրա­կանու­թեան մէջ այս թեր­թի հիմ­նադրու­թեան գլխա­ւոր պատ­ճառն է նաեւ։ Չէ՛ որ ըսած էինք Սորվբեան կու­տա­կած էր այն բո­լորը բաշ­խե­լու հա­մար։ Այս պա­հուն այ­լեւս չէր կրնար բաշ­խածնե­րու մի­ջեւ զա­տողու­թիւն ընել։ Պի­տի եր­թար մին­չեւ ուր որ հաս­նէր իր շունչը։ Ճիշդ է, որ չա­րամիտ­նե­րը շատ են, բայց անոնց շա­տու­թիւնը պատ­րուակե­լով չենք կրնար մեր խօս­քը ըսե­լէ դադրիլ։

Վանայ լիճը մակրդեցի

ՖԵՐԶԱՆ ՏԷՄԻՐԹԱՇ

Մանկութենէն մնացած սովորութիւն էր կարծես մե­զի հա­մար սի­րելի մարդկանց աւե­լի յա­ճախ հօ­բարի իմաս­տով «աբօ» ըսե­լու տեղ, քեռիի իմաս­տով «խա­լօ» կը ձայ­նէինք։ Սար­գիս քե­ռիի հետ, քա­նի որ միշտ թրքե­րէնով խօ­սած եմ իրեն կը դի­մէի «տա­յը» կան­չե­լով։ Ան ալ նոյն եղա­նակով կը փո­խան­ցէր եւ «Եղեն» կը ձայ­նէր ինձ։ 2010-ին, երբ վե­րանո­րոգուած Աղ­թա­մար եկե­ղեցին կը բա­ցուէր հա­ւատա­ցեալ­նե­րու դի­մաց, բազ­մա­թիւ հա­յեր այ­ցե­լած էին մեր քա­ղաքը։ Թէեւ աւե­լի առաջ ալ հա­յեր յա­ճախ կ՚այ­ցե­լէին Վան, բայց ոչ այսպէս զան­գուածա­յին, այլ աւե­լի փոքր խումբե­րով։ Ահա այդ տե­սակ շրջա­գայու­թիւննե­րէն մէ­կուն է, որ ծա­նօթա­ցած էի իրեն հետ։ Թէեւ մենք որոշ չա­փով ծա­նօթ էինք հա­յոց պատ­մութեան, բայց Սար­գի­սի հետ ծա­նօթա­նալով զգա­ցի, որ մեր գի­տելիք­նե­րը իրա­կանու­թեան մէջ որ­քան ան­բա­ւարար էին։ Իրա­կանու­թեան մէջ իրեն հետ ծա­նօթա­նալով նաեւ գի­տակ­ցե­ցայ, թէ իմ աս­պա­րէզը որ մեծ նշա­նակու­թիւն կրնայ ու­նե­նալ, բո­լոր այն մարդկանց հա­մար, որոնք կ՚ու­զեն իրենց նախ­կին ար­մատնե­րը գտնել յայտնա­բերել։ Մեր այդ ծա­նօթու­թե­նէն ետք բազ­մա­թիւ ան­ձեր Սար­գի­սի մի­ջոցաւ կապ ապա­հովե­ցին մե­զի հետ եւ մենք մեր բո­լոր կա­րելիու­թիւնը ի գործ դրինք, որ­պէսզի օգ­նա­կան ըլ­լանք իրենց։ Հա­յեր կու գա­յին Վան եւ անոնցմէ շա­տեր խօս­քի կը սկսէին. «իմ մայրս այս ինչ գիւ­ղէն է» կամ «հայրս այ­սինչ ար­հեստով կը զբա­ղէր» պատ­մե­լով։ Նոյ­նիսկ ոմանք կը փոր­ձէին իրենց ըն­տա­նիքի շա­ռաւիղ­նե­րէն հետք մը գտնել։ Ամէն ան­գա­մուն, որ Իս­թանպուլ պի­տի ճամ­բորդեմ կը զան­գա­հարէի եւ հարց կու տա­յի «քե­ռի մեր կող­մե­րէն ու­զած բան մը ու­նի՞ս»։ Եր­բեք բան մը չէր ու­զած։ Միայն մէկ ան­գա­մուն Թուզլու­ճա­յի ժայ­ռե­րէն աղ ու­զած էր։ Որ­քան ու­րա­խացած էի ինձմէ բան մը ու­զեց ըսե­լով։

Իս­թանպուլ գա­լով առա­ջին առ­թիւ կ՚այ­ցե­լէի իրեն։ Որ­քան ատեն որ հոն էք սիրտս հան­գիստ է կ՚ըսէր։ «Մար­դիկ վստա­հելով կու գան եւ վե­րադար­ձին ալ շնոր­հա­կալու­թիւն կը յայտնեն յանձնա­րարու­թեանս հա­մար։ Այսքա­նը ար­դէն ին­ծի կը բա­ւէ»։ Իսկ մենք գե­րազանց ջանք կը վատ­նէինք մեր քե­ռիին երե­սը սպի­տակաց­նե­լու հա­մար։ Երբ իմա­ցայ, թէ առող­ջութիւ­նը վա­տացած է ան­մի­ջապէս զան­գա­հարե­ցի։ Լսե­ցի որ շատ ան­գամ խօ­սելն ալ կը մեր­ժէ։ Զիս չէր մեր­ժած։ Ինչ մեծ ու­րա­խու­թիւն էր ին­ծի հա­մար։

Մա­հուան գոյ­ժը ստա­ցայ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ։ Վեր­ջին պա­հուն կրցայ հաս­նիլ թաղ­ման ծէ­սին։ Այ­լեւս չկար Սար­գիս քե­ռին։ Զուրկ էի իր այնքան ար­ժէ­քաւոր խրատ­նե­րէն։ Իմ վրայ մնա­ցած էր միայն կտա­կը։ Ինձ հա­մար Վա­նայ Լճին շիշ մը օղի թա­փեցէք ըսած էր։ Յի­շելով միասին սե­ղան նստած պա­հեր­նուս ին­ծի վի­ճակող օղի մա­տակա­րարե­լու պար­տա­կանու­թիւնը ահա այդ ալ ես ստանձնե­ցի եւ կա­տարե­ցի իր կտա­կը։ Հան­գիստ ննջէ քե­ռի, եկենդ Վա­նայ Լիճն ալ մա­կր­դեց։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ