ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԵՕԹՆ

Եօթն անգամ 
առասպելական բառ

Չնեղուին միականին, երկկողմանին, եռակայմը, քառաձայնը, հնգեակն ու վեցօրեակը։ Այ­սօր կը խօ­սինք «եօթը» բա­ռի մա­սին։ Բախ­տա­բեր բառ մը, ժո­­ղովուրդի ամե­­նասի­­րածը, որ երե­­ւակա­­յու­­թիւններ շար­­ժեց, առաս­­պե­­­լական հէ­­քիաթ­­նե­­­րու ծնունդ տո­­ւաւ, ապա ի՛նք դար­­ձաւ առաս­­պել։ Այ­­սօր եօթը ծով եւ եօթը ցա­­մաք պի­­տի անցնինք յայտնա­­բերե­­լու հա­­մար 7-ի առեղ­­ծո­­­ւածը։

Սկսինք ստու­­գա­­­բանու­­թեամբ։ Բնիկ հայ­­կա­­­կան է։ Ար­­մա­­­տը septm։ Գրա­­բարեան ձե­­ւը «եաւթն»։ Դրա­­ցի լե­­զու­­նե­­­րու մէջ ու­­նի ծննդա­­կից բա­­ռեր՝ «զար­­միկներ». դա­­սական յու­­նա­­­րէն «հեպ­­տա», ար­­դիական յու­­նա­­­րէն «էպ­­տա» եւ «էֆ­­տա», լա­­տինե­­րէն septem, իրա­­նական եւ գեր­­մա­­­նական ձե­­ւերը sapta եւ sebum. Հա­­յերէ­­նին տո­­ւաւ հա­­րիւ­­րի չափ բառ։ Յի­­շենք եօթը պատ­­կե­­­րալից օրի­­նակ­­ներ. եօթ­­նեղջիւր, եօթ­­նա­­­չեայ, եօթ­­նարփի, եօթ­­նա­­­ծին, եօթ­­նա­­­դուռն, եօթ­­նաշնորհ, եօթ­­նա­­­ձոր։ Պար­­գե­­­ւեց դար­­ձո­­­ւածքնե­­րու շռայ­­լութիւն. զայ­­րոյթը կամ սաս­­տիկ վա­­խը եղաւ «Եօթը գոյն փո­­խել», մէ­­ջը ջուր խառ­­նո­­­ւած, խար­­դա­­­խուած կա­­թը, գի­­նին կամ խմիչ­­քը «Եօթը ծո­­վէն, մէ­­կը կո­­վէն», մա­­համերձ վի­­ճակէն դուրս գա­­լը կամ եր­­կար կեանք ու­­նե­­­նալը «Եօթը պա­­տան մա­­շեց­­նել», ամ­­բողջ տոհ­­մը «Եօթը պորտ», բազ­­մա­­­թիւ, շատ՝ «Եօթն ան­­գամ»։ Հե­­ռաւո­­րու­­թեան չա­­փանիշ էր նաեւ։ Հնդկաս­­տանն ու Հա­­պէշը մե­­զի հա­­մար «եօթը սար այն կողմ» էին, կամ «եօթը սա­­րի ետեւ»։ Եւ, խրատ մը. «Եօթը ան­­գամ չա­­փէ, մէկ ան­­գամ կտրէ»։ Մեր հի­­ները, ճար­­պիկ եւ գոր­­ծը գիտ­­ցող մար­­դու հա­­մար ըսին՝ «Եօթը ծով մէ թել մա­­նածով կը ներ­­կի»։ Ու վեր­­ջա­­­պէս, ծիածա­­նի եօթը գոյ­­նե­­­րու տակ հա­­ճոյ­­քով գոր­­ծա­­­ծեցինք ծի­­ծաղա­­շարժ եր­­կու ասա­­ցուածք. «Ար­­ջը գի­­տէ եօթը երգ, բո­­լոր եօթը՝ տան­­ձի մա­­սին», «Եօթը վար­­դա­­­պետ մէկ աղ­­ջիկ կնքե­­ցին, անու­­նը դրին՝ Կի­­րակոս»։

Բա­­նահիւ­­սութեան մէջ եօթը ան­­գամ աւե­­լի յա­­ճախ հան­­դի­­­պեցանք անոր քան միւս թի­­ւերը։ Երե­­ւակա­­յեցինք «եօթգլխա­­նի դե­­ւեր», «եօթը սա­­րի վրայ եօթը չար հրէշ­­ներ» եւ «եօթը օր, եօթը գի­­շեր հարսնիք»։ Նո­­րապ­­սակնե­­րուն ալ մաղ­­թե­­­ցինք «եօթը որ­­դիով սե­­ղան նստիլ»։ Մու­­սա լե­­րան սրբա­­զան ծա­­ռի հա­­մար մե­­ծերը կը պատ­­մեն, թէ անոր շուրջ եօթը ան­­գամ եօթա­­նասուն քա­­ջեր շուրջպար են բռնած ու անոր շու­­քի տակ եօթը հա­­զար հարսնիք է կա­­տարուած։ Երբ Հռոմն ու Պո­­լիսը բազ­­մած են եօթը բլու­­րի վրայ եւ հին աշ­­խարհը կը հպար­­տա­­­նայ իր եօթը հրա­­շալի­­քով, հա­­յը սի­­րով պա­­հած է, ըստ բա­­նաս­­տեղծ Սու­­րէն Մու­­րա­­­տեանի՝ եօթը թանկ սրբու­­թիւն. Գիր­­քը, Մա­­սիսը, Շի­­նարար ոգին, Հա­­ւատ­­քը, Լե­­զուն, Հայ ըն­­տա­­­նիքը եւ ամե­­նէն վեր, ամե­­նէն լու­­սա­­­ւորը՝ Մայր հայ­­րե­­­նիքը։ Պէտք է յի­­շել նաեւ, թէ հայ­­կա­­­կան ճար­­տա­­­րապե­­տու­­թեան հրա­­շալի­­քը, Անիի մայր տա­­ճարը, կա­­ռու­­ցո­­­ւած է Կատ­­րա­­­նիդէ Բ.ի կող­­մէ, որ Բագ­­րա­­­տու­­նեաց Հա­­յաս­­տա­­­նի եօթ­­նե­­­րորդ թա­­գու­­հին էր։

Ոս­­կե­­­դարուն բա­­ռը առաւ հո­­գեւոր դի­­մագիծ։ Քրիս­­տո­­­նէու­­թիւնը խօ­­սեցաւ եօթը մա­­հացու մեղ­­քե­­­րու, եօթը առա­­քինու­­թիւննե­­րու եւ եօթը մո­­լու­­թիւննե­­րու մա­­սին։ Տիեզեր­­քի արա­­րու­­մը եօթը օրո­­ւան պատ­­մութիւն է։ (Եօթ­­նե­­­րոր­­դը՝ հան­­գիստ)։ Հայ առա­­քելա­­կան եկե­­ղեցին ու­­նի եօթը խոր­­հուրդ։ Սուրբ գիր­­քի մէջ, բա­­ցի «եօթն» բա­­ռի 703 գոր­­ծա­­­ծու­­թե­­­նէ, եօթը ան­­գամ տեղ գտեր է «եօթեւ­­տա­­­սան» (17) բա­­ռը։ Ուխտա­­ւոր­­ներ, որոնք «Վար­­պետնե­­րու քա­­ղաք» Կիւմրի կ՚այ­­ցե­­­լեն, եօթը ան­­գամ ծունկի գալ կ՚ու­­զեն «Եօթ Վէրք» եկե­­ղեց­­ւոյ սրբա­­պատ­­կե­­­րին առ­­ջեւ, ուր Մա­­րիամ Աս­­տո­­­ւածա­­ծինը պատ­­կե­­­րուած է իր եօթը վէր­­քե­­­րով։ Յի­­շենք նաեւ, թէ Մի­­ջին Արե­­ւել­­քի ամե­­նամեծ եկե­­ղեցին, Տիգ­­րա­­­նակեր­­տի Ս. Կի­­րակո­­սը «եօթ­­խո­­­րան» է։ «Եօթը»ն դար­­ձաւ նաեւ Պոլ­­սոյ մէջ լոյս տե­­սած եր­­կու հո­­գեւոր գիր­­քե­­­րու խո­­րագիր. «Գիրք մեկ­­նութեան եօթն թղթոցն կա­­թու­­ղի­­­կէից», 1743, «Եօթը պատ­­գամներ եօթը եկե­­ղեցի­­ներու», 2017։

Գա­­ւառէ գա­­ւառ բա­­ռը տա­­րածո­­ւեցաւ հեշ­­տա­­­լուր հնչիւննե­­րով. Տիգ­­րա­­­նակեր­­տի մէջ՝ յօթ­­թէ, Ալաշ­­կերտի, Վա­­նայ եւ Մշոյ մէջ՝ յօթ, Զէյ­­թունի մէջ՝ յէօթը, Ան­­տիոքի մէջ՝ յէօոթը, Երե­­ւանի, Ջու­­ղա­­­յի, Սալ­­մաստի, Թիֆ­­լի­­­սի եւ Կար­­նոյ մէջ՝ օխ­­տը։ Այ­­նուհե­­տեւ բա­­ռը, իր բո­­լոր յար­­մա­­­րանքնե­­րով սկսաւ հայ­­կա­­­կան բա­­նահիւ­­սութեան եւ աշ­­խարհագ­­րութեան մէջ լայն գոր­­ծա­­­ծու­­թիւն ու­­նե­­­նալ։ Սաս­­նոյ Մա­­րաթուկ սա­­րը ու­­նէր «Օթ­­նակ»՝ այ­­սինքն «Եօթն Ակ» աղ­­բիւրը։ Սիւ­­նի­­­քի մէջ ալ կայ «Եօթ­­նաղբիւր» մը։ Այդպէս է կո­­չուած, որով­­հե­­­տեւ, ըստ ժո­­ղովրդա­­կան հա­­ւատա­­լիքի, հոն կան­­գած եկե­­ղեց­­ւոյ եօթը սիւ­­նե­­­րը աղ­­բիւր դար­­ձեր են, երբ Թի­­մու­­րը քան­­դեր է զայն։ Հայ­­կա­­­կան լեռ­­նաշխար­­հի ամէն ան­­կիւն ու­­նի եօթը ան­­գամ պատ­­կե­­­րալից տե­­ղանուններ. Գառ­­նիի ձո­­րի մէջ առու մը՝ Յօթ եղ­­բօր առու, Տեր­­սի­­­մի մէջ լեռ՝ Եօթ Եղ­­բօր Գոռ, Սիւ­­նի­­­քի մէջ գա­­ւառ՝ Եօթ­­նա­­­բերդ, Վա­­նի մէջ ուխտա­­տեղի՝ Եօթ խո­­րանք, Մու­­շի մօտ, Արա­­ծանիի հո­­վիտի մէջ գիւ­­ղակ՝ Եօթ­­նա­­­գոյն։ Իսկ «Եօթ թո­­նիր»ը, թո­­նիր չէր, այլ Վան քա­­ղաքի մօտ աղ­­բիւր։ Բա­­ռը դար­­ձաւ նաեւ հա­­ւատա­­լիք­­նե­­­րու աղ­­բիւր։ Խար­­բերդի մէջ ծո­­մապա­­հու­­թեան ժա­­մանակ եր­­դի­­­քէն կամ մա­­ռանի առաս­­տա­­­ղէն կա­­խեր են խո­­շոր սոխ, անոր վրայ մե­­խեր են կար­­միր աք­­լո­­­րի եօթը փե­­տուր ու պահ­­քի ամէն շաբ­­թո­­­ւան աւար­­տին հա­­ներ են մէկ հա­­տը։ Իսկ Համ­­բարձման տօ­­նին, տե­­ղական հնչու­­մով՝ «Վճկի տօ­­նին», երբ աղ­­ջիկնե­­րը նստեր են ու­­ռե­­­նիի կամ թթե­­նիի մը շու­­քին տակ, եօթ հա­­տը գա­­ցեր է եօթը պար­­տէզ, եօթը տե­­սակ ծա­­ղիկի փունջ կազ­­մե­­­լու։ Իսկ այլ եօթն, եօթը աղ­­բիւրէ ջուր բե­­րեր են։ Երբ սկսեր է վի­­ճակը, աչ­­քը կա­­պուած վի­­ճակա­­հանը, ձեռ­­քը եօթը ան­­գամ ամա­­նի մէջ դրեր ու դուրս հա­­ներ է եօթը առար­­կայ։ Երբ ծնունդ է եղեր տան մէջ, տատ­­մայրը կան­­չեր է. «... Էկան կայ­­նան եօթ գե­­ղով, եօթ գա­­ւառով, քէօյ տղէն աւել­­ցաւ եօթ օխա­­յով»...

Բա­­ռը եօթը ան­­գամ ներշնչում տո­­ւաւ հայ գրա­­գէտին։ Ռու­­բէն Զար­­դա­­­րեանի «Եօթը եր­­գիչնե­­րը» պատ­­մո­­­ւած­­քին մէջ լսե­­ցինք եօթը նո­­ւագա­­րանով եօթը եղա­­նակ եր­­գած եօթը աշուղներ։ Իսկ Յով­­հաննէս Թու­­մա­­­նեանի երե­­ւակա­­յու­­թեամբ բարձրա­­ցանք Ջա­­ւախ­­քի սա­­րերը։ Հոն, Փա­­րուա­­նայի ալե­­հեր ար­­քան իր դուստրին կը փոր­­ձէր բա­­ցատ­­րել, թէ ին­­չո՛ւ ու­­շա­­­ցան Կով­­կա­­­սի այն կտրիճ աս­­պետնե­­րը, որոնք ամե­­հի ձիեր հե­­ծած՝ ան­­շէջ հուր բե­­րելու գա­­ցեր էին. «Ո՛վ իմա­­նայ, պէտք է փախցնեն եօթգլխա­­նի դե­­ւերից»... Բա­­ռը, անժխտե­­լիօրէն, Հա­­մօ Սա­­հեանի «Եօթ ձիաւո­­րի բալ­­լա­­­դը» դիւ­­ցազներ­­գութեան մէջ է, որ ապ­­րե­­­ցաւ իր ամե­­նամեծ վե­­րել­­քը ու ցոյց տո­­ւաւ պատ­­մա­­­կան եւ առաս­­պե­­­լական իր բո­­լոր հարստու­­թիւննե­­րը։ Հոն տե­­սանք եօթը բա­­նակ եւ եօթը մա­­նուկ, եօթը հարս եւ եօթը երազ, եօթը օր եւ եօթը ձիաւոր։ Այդ բա­­նաս­­տեղծու­­թեան տո­­ղերու թի՞ւը... Անվրէպ՝ 49։

777 բառ էր այ­­սօ­­­րուան յօ­­դուա­­ծը։ Բախ­­տա­­­բեր թիւ։ Հա­ւատանք, որ ան բո­լորին բե­րէ եր­ջանկու­թիւն եւ բախ­տա­ւորու­թիւն։ Դար­ձեալ զրու­ցե­լու յոյ­սով... Եօթը օր վերջ։

Յ.Գ. Հա­մօ Սա­հեանի վե­րոյի­շեալ բա­նաս­տեղծու­թիւնը հա­սանե­լի է հե­տեւեալ ծած­կանկա­րով։

Թուային այս նկարը կը պատկանի Փաթիլ Գաբդանեանի: