ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
lusyenkopar81@hotmail.com
Երթամ շրջիմ երազներու աշխարհ, նստիմ քարքարոտ լերան գագաթը։ Ափ մը հող առնելով գետնէն խօսիմ քեզ հետ, փսփսամ կարօտս, լամ, լամ ու լամ…։ Անձայն անշշուկ մարդ չիմանայ զիս։
-Պարոն ե՞րբ պիտի գամ քեզ հետ։
-Դեռ տակաւին ժամանակ կայ։
-Պարոն, այս անգամ Լորային տեղը ես գամ։
-Ո՛չ։
-Պարոն մէկը կայ ինծի հետ Անի եկուր կ՚ըսէ, երթա՞մ։
-Ո՞վ է ան։ Քեզի Տէր հայրին կ՚ըսեմ։ Նստէ տունդ։ Այնքան ուզէ եթէ ես կը տանիմ։
-Պարոն կին մը կայ, «եկուր միասին շրջինք Անատոլու» կ՚ըսէ, երթամ։
-Անատոլու չես տեսած, որո՞ւն պիտի տանիս։ Մէյմըն ալ երկու կին պիտի շրջի՞ք։ Նստէ, նստէ... դեռ ժամանակը չէ։ Նստէ՛ երախաներդ պահէ, ես պիտի տանիմ քեզ։
Ո՞ւր ես պարոն։ Պարոն՝ կարօտած եմ, ձայն մը… Փարոս որոնող նաւակի մը նման եմ հիմա։ Ճամպրուկս պատրաստ է, բայց ճամբայ չունիմ։ Երթալէն ալ հրաժարեցայ։
Ահա այս էր ներաշխարհս, երբ քիչ մըն ալ կարօտս փառատելու համար դիմեցի իմ սիրելի խմբագրապետ Սարգիս Սերովբեանի որդւոյն՝ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի, իր հօր մասին զրուցելու խնդրանքով։ Ներքեւ կը ներկայացնեմ իմ հարցումները եւ Վաղարշակ Սերովբեանի պատասխանները։
Լուսյէն Քոփար- Գիտենք որ առաջին իսկ օրէն «Ակօս» եւ Պարոն Սերովբան միասին կը յիշուին։ Երբ եւ ինչպէ՞ս սկսաւ այս պատմութիւնը։
Վաղարշակ Սերովբեան- Մարդ արարածի կեանքը շրջան շրջան բաներու հետ կ՚առընչուին։ Այս մասին բացառութիւն մը չէր հայրս։ Հակառակ իր 65 գարուններուն, այնպէս եղաւ նաեւ հօրս՝ Սարգիս Սերովբեանի, կամ «Ակօս»ի ծանօթ տիտղոսով «Պարոն Սերովբեան»ի պարագային։ Ինչպէս անցեալ օր ձայնասփիւռի յայտագիրի ընթացքին Եդուարդ Տանձիկեանին կը պատմէի, երբ հայրս ձանձրացած էր իր տարիներու գործէն՝ սառնարանի շինութենէն կամ նորոգութենէն եւ ինք զինք տակաւ հանգստեան կը կոչէր եւ համայնքի ոչ-հայախօս անդամներուն համար աւելի զգալի կը դառնար թրքերէն-հայերէն թերթի մը հրատարակութիւնը, Հրանտ Տինք օր մը կու գար իրեն առաջարկելու. «Այսպէս ծրագիր մը ունիմ։ Ի՞նչ կ՚ըսես»։ Կարճ եւ կտրուկ էր պատասխանը. «Սիրո՛վ»։ 1995-ին էր, որ սկսաւ երկու հին բարեկամներու արկածախնդրութիւն-գործակցութիւնը։ Այսպէս հիմնեցին «Ակօս»ը։ Եւ շարունակուեցաւ մինչեւ երկուքին ալ յաւիտենական հանգիստը։
Լ.Ք.- Կը յիշէ՞ք առաջին օրերը։ Քանի՞ հոգի կ՚աշխատէին։
Վ.Ս.- Կը յիշեմ։ Սիրողական ոգիով, սակայն յամառ խենդութեամբ սկսած գործ էր։ Անձի թիւի մասին չեմ կրնար բան մը ըսել, սակայն բառին բուն առումով ոգի ի բռին կ՚աշխատէին թէ՛ իրենք եւ թէ տակաւ իրենց շուրջ ի մի խմբուող միւս խենդերը։
Լ.Ք.- Թերթիս տպագրութեան օրերը բաւականին ուշ ժամեր կ՚աշխատէինք։ Դուք ի՞նչ կրնաք ըսել այս մասին։
Վ.Ս.- Ո՞ւշ ժամեր։ Ո՛չ, կը սխալիք, անոնք կանուխ ժամեր էին։ Գրեթէ մինչեւ առաւօտ։ Մէկ մէկ օգնութեան կը կանչէին։ Սիրողական, սակայն այդ սիրողական ոգիին իր հետ բերած սիրով լեցուն աշխատանքի ժամեր էին անոնք։ Խումբ մը խենդ եւ, ինչպէս ըսի, կամաց կամաց իրենց շուրջ համախմբուող նոր խենդեր… Շատ հետաքրքրական երեւոյթ էր։ Եւ ինչպէս ամէն ստեղծագործ աշխատանք, մեծագոյն մխիթարութիւնն ու ուրախութիւնն էր նոր թիւի հրատարակութիւնը։ Այսպէս սկսաւ ու շարունակուեցաւ «Ակօս»ը։ Աշխատողներէն իւրաքանչիւրը թերթի կեանքին իր կեանքէն բաներ մը տալով։
Լ.Ք.- Ինք բազմաթիւ անգամ այցելած էր Անատոլու, յատկապէս արեւելեան նահանգներ։ Դուք իրեն հետ շրջեցա՞ք։
Վ.Ս.- Սարգիս Սերովբեան իր ութսունամեայ կեանքին ընթացքին ունեցաւ զանազան աշխատանքներ, գործունէութիւններ եւ ծառայութիւններ։ Սակայն կարծես ասոնցմէ ամենակարեւորը կամ ամենաուշագրաւը դարձան իր կազմակերպած-կատարած շրջապտոյտները։ Ան նախ 4-5 հոգինոց փոքր խումբով մը սկսաւ։ Հանգուցեալ Պերճ Գամբարոսեանն ու տիկինը, ինք եւ տիկինը եւ ես։ Անձնական ինքնաշարժով, դէպի Թուրքիոյ զանազան կողմերը կատարուած պտոյտներ էին անոնք։ Այս փոքր խումբը ապագային մեծցաւ, անգամ մը անցաւ քառասուն ուղեւորի սահմանը։ Հոգ չէ թէ փոքրաթիւ կամ մեծաթիւ, սակայն միշտ երկար նախապատրաստական աշխատանքի արդիւնքներ էին իր շրջապտոյտները։ Կարծես ամէն մէկը նոր ուխտագնացութիւն մը։ Եւ շատ հաճելի պտոյտներ էին։ Հանգստաւէտութենէ հեռու, սիրողական ոգիով ու ոգեւոր պտոյտներ։ 1970-ական թուականներէն մինչեւ իր հիւանդութիւնը ան շարունակեց պտոյտներ կազմակերպել ու շրջիլ։ Յատկապէս վերջին տարիներուն Հայճար խումբի հետ։
Ինք Իսթանպուլ ծնած ըլլալով հանդերձ, ուր որ երթար, ինքզինք հարազատ ու տանտէր կը զգար, որպէս այն տեղացի մը։ Ծագումով Սեբաստացի էր, սակայն մէկ մէկ կ՚ըլլար Վանեցի, երբեմն Մշեցի եւ այլն։
Հակառակ տեղացի ժողովուրդին իսկ ազդարարութիւններուն, ամրան կիզիչ արեւուն տակ, մէկ օրուան ընթացքին Կիլիկիոյ շրջանի երկու անառիկ բերդերը մագլցելու քաջութիւնն ու կորովը ունէր։ Հոգ չէ թէ վերջաւորութեան շատ պիտի յոգնէր։
Լ.Ք.- Այս այցելութիւններէն զինք յուզած պատմութիւններ կա՞ն։
Վ.Ս.- Մէն մի շրջապտոյտ իրեն համար նոր պատմութիւն էր։ Ամենափոքրաթիւէն մինչեւ ամենաբազմանդամը իւրաքանչիւր պտոյտ կարեւոր էր իրեն համար։ Եւ իւրաքանչիւրը նոր հորիզոններու բացման համար առիթներ էին։ Գաւառի չես գիտեր որ գիւղին մէջ հանդիպած հայ պապիկը կամ մամիկը, կոտրած խաչքարը կամ այլ բեկոր իրեն համար շատ մեծ կարեւորութիւն ունէին եւ ամէն յիշատակէ աւելի թանկագին էին։ Արդէն իր յուշագրութիւններուն առաջին պատճառն ալ այս այցելութեանց տպաւորութիւնները գրի առնելն էր, իւրայատուկ ոճով։
Լ.Ք.- Իր հրատարակուած գրքերուն ծագումը մեզի քիչ մը կրնա՞ք պատմել։
Վ.Ս.- Ինք ո՛չ գիրք գրելու մարմաջը ունէր եւ ոչ ալ գրչի մարդ ըլլալու։ Միայն կը ջանար հասնիլ շուրջիններուն, գիրի կամ խօսքի միջոցով։ Բաներ մը փոխանցել անոնց։ Խապրիկ մը բերել հեռաւոր այն վայրերէն։ Գրող ըլլալը հոգն անգամ չէր։ Իր ցիր ու ցան գրութիւնները երբ օր մը հատորի կամ հատորներու վերածուին, հաւանաբար բաւական արտադրած հեղինակ մը պիտի ըլլայ Պարոն Սերովբեանը։ Սակայն ինք նախընտրեց թերթերու կամ պարբերականներու համեստ գրութիւններուն միջոցաւ հասնիլ ընթերցողին։ «Սուրբ Փրկիչ» եւ «Քուլիս» հանդէսներու, «Ժամանակ» եւ «Մարմարա» օրաթերթերու էջերուն վրայ կարելի է հանդիպիլ իր գրութիւններուն։ Եւ հուսկ՝ երբ «Ակօս»ը հիմնեցին, իր բոլոր ուժերը կեդրոնացուց այնտեղին։
Ոչ միայն գրեց, այլեւ թարգմանեց։ Հայերէնով սկսող իր գրելու աշխատանքը շարունակեց նաեւ թարգմանելով։ Կարծեմ իր առաջին լուրջ թարգմանութեան աշխատանքը կատարեց ծածկանունով։ Իր շատ սիրելի հանգուցեալ մօրեղբօր՝ Պաղտիկ Աւետիսեանի անունը որպէս ծածկանուն գործածելով թարգմանեց հանգուցեալ ակադէմիկոս Լեւոն Խաչիկեանի «Հէմշին կիզէմի» (Համշէնի գաղտնիքը) ընդարձակ յօդուածը («Էջեր համշինահայ պատմութիւնից»), որուն նիւթն էր Հէմշինի ու Հէմշինցիներու պատմութիւնը։ Եւ իր վերջին աշխատասիրութիւնն ալ եղաւ սիրային պատմուածքներու թարգմանութիւն մը՝ «Աշըք ու Մաշուք»։ Ցաւօք այս գեղեցիկ հատորի հրատարակութիւնը ինք չտեսաւ։ Թարգմանեց նաեւ այլ գիրքեր, ինչպէս Գեղամ Քերովբեանի Հայոց աւանդական պատմութիւնը, Համաստեղէ, Ռաֆայէլ Իշխանեանէ, Արտակ Մովսիսեանէ գիրքեր եւ այլն։
Ինք գրեց։ Նախաքրիստոնէական շրջանի մեր պատմութիւնն ու առասպելները զինք ոգեւորող նիւթերն էին։ Եւ այդպէս լոյս աշխարհ եկաւ «Ճանկիւլիւմ, Անահիտ վէ քազպէն»։
Հակառակ, որ իր մասնագիտութիւնը չէր, թէ՛ թարգմանական եւ թէ իր գրածներու սպառումը կամ վերհրատարակութիւնը փաստեր են, որ իր նիւթով ու հաղորդականութեամբ կարողացաւ իր փափաքած տեղը հասնիլ։
Կեանքի վերջին տարիներուն, «Առասպելակոծ» անունով, «Փոքրիկ» մանկական կայքէջին հետեւող մանուկներու համար պատմեց հայկական առասպելները։
Լ.Ք.- Շատ փափաքած, բայց չիրականացած երազ մը ունէ՞ր արդեօք։
Վ.Ս.- Ինչպէս ամէն մարդ, Սարգիս Սերովբեան եւս ունէր երազներ։ Ոմանք յաջողեցաւ իրականացնել, իսկ ոմանք՝ ոչ։
Երազներէն մէկն էր ուխտի երթալ Վան, Ս. Բարթողոմէոս Առաքեալի Վանքը։ Անգամ մը եւս այցելել այնտեղ։ Սակայն չբաւականանալ։ Շարունակել ուխտագնացութիւնը։ Երթալ դէպի արեւելք։ Եւ ուխտ կատարել նաեւ Հայոց առաջին միւս լուսաւորչին՝ Ս. Թադէոս Առաքեալի Վանքի սեմին։ Իր այնքան սիրած Խրիմեան Հայրիկի նման կատարել ուխտ Թադէի Վանքի մէջ։ Այնքան ոգեւորուած էր այս ճամբորդութեամբ։ Քանի քանի անգամներ խօսեցաւ Թեհրանի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արքեպիսկոպոսի եւ Ատրպատականի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպիսկոպոսի հետ։ Սակայն այդ ուխտը չի կարողացաւ կատարել։
Իր եւ իմ բազմաթիւ գիրքերու հաւաքածոն կանոնաւոր ու դասաւորուած տեսնել այդ երազներէն էր կարծես։ Սակայն այդ մէկը չեղաւ։ Տան գիրքերը ունէին իւրայատուկ մէկտեղումի սիսթէմ մը, սակայն ոչ շատ կանոնաւոր։ Եւ ինք միշտ չի կարողանալով ոտք յարմարցնել այդ «սիսթէմ»ին, կը նեղանար։ Իրեն համար կարեւոր էր նաեւ ունենալ համայնքի տրամադրութեան տակ հանրային գրադարան մը։
Իր տարիքին բերմամբ, համացանց գործածելու ուշ սկսաւ։ Սակայն, հակառակ իր ապրած եօթանասուն եւ աւելի գարուններուն, կրցաւ անոր ոտք յարմարցնել, անոր բարիքները վայելել։
Այս առումով, կարելի է ըսել, որ աւելի սահմանափակ պայմաններով, ինք յաջողեցաւ տեղ մը հասնիլ։
Սարգիս Սերովբեանի մասին շատ բան կարելի է ըսել։ Ինք համեստ պայմաններու մէջ մեծցած, ինքնուս անհատ մը եղաւ, երբեք չունենալով տիտղոսներու կամ ածականներու մարմաջը։ Պարզ մարդ մըն էր եւ իր այդ պարզութեամբ, իւրայատուկ ոճով եկաւ ու անցաւ։ Սակայն կարեւորը իր պատիւովը անցաւ ու լաւ յիշատակներ թողելով անցաւ։ Շատ կարճ խօսքով, այսպիսի մէկն էր Սարգիս Սերովբեանը։
Լ.Ք.- Հազար շնորհակալութիւն։
Վ.Ս.- Խնդրեմ, ե՛ս շնորհակալ եմ։