ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
narekian2000@yahoo.com
Փոխանորդի դրածոյ Արամ Աթէշեան ամիս մը առաջ Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ սրահին մէջ հանդիպած էր իր մէկ քանի համակիրներուն (24 հոգի)։ Զարմանալ պէտք չէ նման քիչ թիւերով, քանի որ յիշեալ մարդը անընդունելի կերպար մըն է ո՛չ միայն Պոլսոյ, նաեւ Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ եւս (Ամենայն հայոց ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսները իրենց զատկուան ուղերձներուն մէջ յիշատակած չեն անունը, մինչդեռ քանի մը ամիս առաջ անոնք Ծննդեան պատգամներուն մէջ նշած էին պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեանը)։
Ըստ «Ակօս»ի մէջ Իշխան Էրտինչի ստորագրութեամբ հրապարակուած լրատուութեան, Եշիլգիւղի հանդիպման ժամանակ Արամ Աթէշեան յայտնած է, որ Գարեգին արք. Պէքճեան գործակցած է սխալ անձերու հետ (չէ ըսած բայց թէ որո՚նք են այդ անձերը եւ ինչ սխալ գործած են) եւ թէ պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինի կարգ մը անդամներ ՀՏՓ-ական էին (որո՞նք՝ նոյնպէս անուն չկայ)։
Արդեօք ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ՝ անհասկնալի կը մնայ գոնէ ինծի։ Խորհրդարանական երրորդ կուսակցութիւնը հանդիսացող ՀՏՓ-ին համակիր կամ անդամ ըլլալը ի՞նչ անպատեհութիւն կրնայ ունենալ։ Չէ՞ որ մօտաւոր անցեալին Տիյարպաքըրի մէջ Աթէշեան սերտ համագործակցութեան մէջ էր այդ կուսակցութեան անցեալի ու ներկայի գործիչներ՝ քաղաքապետներ Օսման Պայտեմիրի, Ֆըրատ Անլըի կամ Ապտուլլահ Տեմիրպաշի հետ։ Նոյնիսկ Անլըի առաջարկով ընդունած էր «Տիյարպաքըրի մշակութային դեսպան» դառնալ։ Թերեւս, մտածել փորձեցի, որպէս եկեղեցական այլեւս կ՚ուզէ հեռու պահել ինքզինք կուսակցական գործիչներէ, սակայն քանի մը շաբաթ առաջ հանրութիւնը տեսաւ, որ իր կազմած խորհրդակցական մարմինին անդամութեան հրաւիրած է ԱՔՓ-ին ու ՃՀՓ-ին համակիր կամ ուղղակի անդամ գործիչներ։ Յիշեալ մարմինին անդամակցած լրագրող մը օրին գրած էր, թէ խորհրդակցական մարմինը կազմելու ժամանակ «ուշադրութիւն ցուցաբերուած է նաեւ քաղաքական հաւասարակշռութիւններու եւ կուսակցական զանազանութիւններու նկատմամբ»։ Այս գրուածէն պարզ կը դառնայ, որ ՀՏՓ-ականները ցանկալի չեն այս ժամանակաշրջանին։ Բայց ո՞ւր են ՄՀՓ-ականները, որոնք նոյնպէս իրենց ներկայացուցիչները ունին թրքահայութեան մէջ։ Աթէշեան արդեօք ինչո՞ւ չէ ուզած այդ կուսակցութենէն ալ ներկայացուցիչ մը ունենալ քովը։ Կարելի է ԱՓՔ-ՄՀՓ դաշի՞նքն է պատճառը։ «ԻՅԻ» կուսակցութեան շարքերուն ալ հայեր կան։ Արդեօք իրենց ներկայացուցիչները հրաւիրուա՞ծ էին։ Այս մասին յայտարարութիւն մը եթէ կատարուի՝ հանրային կարծիքը բաւարարուած պիտի ըլլայ ըստ էութեան։ Վերջապէս ոչ ոք պիտի ուզէր որ «քաղաքական հաւասարակշռութիւններու եւ կուսակցական զանազանութիւններու նկատմամբ» անզգուշութիւն ցուցաբերուի պատրիարքարանի դարաւոր ու փոխանորդարանի տասնամեայ երդիքին տակ եւ արդարանան ոմանց այն պնդումները, թէ Աթէշեան կը պառակտէ այս համայնքը։ Քա՛ւ լիցի։
Մանաւանդ որ դրածոյ փոխանորդը լաւ գիտէ այս խորամանկութիւնները. քանի մը տարի առաջ կիւլենականներու ձեռնարկներուն մասնակցող, ՀՏՓ-ական գործիչներու հետ թեւանցուկ ծրագիրներ իրականացնողը այսօր բորոտէ մը փախչելու նման կը հեռանայ անոնցմէ եւ «բարի համբաւի տէր դէմքեր», «նուիրեալ ծառայութիւններով համատարած յարգանքի ու վստահութեան արժանացած» անձեր, «թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս բարձր վարկ ձեռք բերած» անուններ, «առաջնորդող դերակատար» եւ «Պատրիարքական Աթոռի հեղինակութեան նկատմամբ միշտ սկզբունքային նախանձախնդրութիւն դրսեւորած» եւլն. քծնաբան ածականներ դիզելով կը մօտենայ անձերու, որոնց համար ցանկալի անուն մը չէր ինք քանի մը տարի առաջ մինչեւ եւ չէ ալ տակաւին անոնցմէ ոմանց համար։
Փողոցէն տեսարան մը
-Եղբա՛յր, ըսաւ ծանօթ մը անցեալ օր, երբ հանդիպեցանք փողոցը, ո՞ւր ես քանի օրէ ի վեր, ամէն տեղ քեզ կը փնտռեմ։
-Խե՞ր է, ըսի։ Հիւանդ էի շաբաթէ մը ի վեր, վերջն ալ արձակուրդ է ըսինք, սանկ շունչ մը առնելու Եւրոպա գացինք։
-Խե՛ր է, խե՛ր է… Կինս ուսուցչուհի ըլլալուն զատկուան արձակուրդին պտտելու գնաց, ես ալ մինակ մնացի։ Վրայ-գլուխս արդուկի պէտք ունի։ Թերեւս լաւ տեղ մը գիտնաս…
-Գիտես քի Գումգաբու աղուոր տեղ մը բացուած է, լաւ արդուկ կ՚ընեն։
-Հասցէ՞ն։
-Մեր մայր եկեղեցիին դիմացը։
-Պատրիարքարանը չկա՞ր հոն։
-Կա՜ր… Հինէ՛ն։ Բայց տասը տարիէ ի վեր պատրիարք չըլլալուն, կ՚ըսեն որ փոխնորդարանի վերածուած է ալ։
-Փոխանորդարան չըլլա՞յ։
-Ի՜նչ գիտնամ, փոխնորդարան հասկցայ։ Թաղականները աչքը-բաց եպիսկոպոսի մը վարձու տուեր են շէնքը։ Ան ալ, կ՚ըսեն հիմա, վրայի յարկը արդուկի, վարի յարկն ալ սափրիչի խանութ բացեր է։ Կ՚ապրուի կ՚երթայ, եղեր…
-Քովը աշխատողները վստահելի՞ մարդիկ են գոնէ։
-Թաղական, խմբագիր, բարերար, քոմիթաճի… Ով ըսես նէ քովը առած է կ՚աշխատցնէ եղեր։ Անցեալ օր չարշաֆի պէս ծանուցում կար թերթին մէջ։ Չտեսա՞ր։ Ամէն մարդ արդէն գիտցաւ, որ ասոնք լաւ գլուխ կ՚արդուկեն, աղուոր ալ թըրաշ կ՚ընեն։ Վստահելի ու յարգանք վայելող վարպետներ են եւ իրենց ասպարէզին նկատմամբ սկզբունքային նախանձախնդրութիւն ցուցաբերած են եղեր։
-Ատ վերջին ըսածներէդ բան չհասկցայ, բայց տուն երթամ հաւաքուիմ, ժամ առաջ փոխնորդարան տամ վրայ-գլուխս։ Անճա կը պեճերուին։