Նախորդ տարի Սուրբ Զատկի շնորհաւորութեան առթիւ յուսադրած էինք յաջորդող Զատիկը ընտրեալ պատրիարքի մը հովանաւորութեամբ յիշելու հաւանականութիւնը։ Այսօր բաւական մաշեցնող վերիվայրումներէն ետք դժբախտութիւն է տեսնել թէ այդ յոյսը յետաձգուած է ուրիշ գարունի մը։ Բայց եկէք յիշենք զօրավար Անդրանիկի ձօնուած ժողովրդական երգի բառերը, որ պիտի սկսէր «մօտ է գարունը շուտով կը հասնի»։ Այս մասին թէեւ կը պակսին յստակ ազդանշաններ, բայց ինչ փոյթ գիտենք որ գարնան գալը անխուսափելի է։ Եղանակը կրնայ տարբեր ընդանալ, տեղումները կրնան ուշանալ, բայց գիտենք, հաստատ գիտենք ուշ, թէ կանուխ գարունը կու գայ, բնութիւնը կը վերակենդանանայ եւ կ՚անհետանայ մեր ժողովուրդին գլխուն գարնան արեւուն տակ իսկ ձիւն մաղող ձախորդ օրերը։ Ուրեմն դիմանանք, տոկանք, որպէսզի աւարտին վայելենք հասնող գարունի հետ բնութեան ալ զարթնումը։
Այդ պատճառաւ ալ՝
Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց, Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի։