28Մարտին կը լրանայ «Ակօս»ի հայերէն էջերու բազմամեայ խմբագիր Սարգիս Սերովբեանին մահուան Գ. տարելիցը։ Թերթիս այս թուին մէջ իր յիշատակը յարգող զանազաններ սրտի խօսքերով կու գան իրենց յարգանքի տուրքը մատուցել մեր ժամանակներու հայ մամուլի այս մեծանուն գրչին հանդէպ։ Թերթիս յառաջիկայ թիւով կ՚արձագանգենք այդ
յօդուածներուն իրենց հայերէն թարգմանութիւնով, իսկ այժմ կը գոհանանք մեր սիրելի գործընկերոջ ընտանիքին դիմատետրի միջոցով կատարած յայտարարութեան արձագանգելով։
Ըստ որու Սերովբեան կը յիշատակուի Սուրբ Զատկի մեռելոցին՝ 2 Ապրիլ ժամը 14.00-ին Շիշլիի Գերեզմանատան հողակոյտին վրայ։