Զեկոյց Պատրիարքարանէն

Սուրբ Զատկի առթիւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը Արամ արք. Աթէշեանի ստորագրութեամբ հրատարակած է պատգամ մը, որ որոշ կրճատումներով կը ներկայացնենք ներքեւ։

«Հա­­­ւատամք ի մի Աս­­­տո­­­­­­­ւած, 
ի Հայրն ամե­­­նակալ յԱ­­­րարիչն երկնի եւ երկրի … ի մի Տէր Յի­­­սուս 
Քրիս­­­տոս, յՈր­­­դին Աս­­­տուծոյ … 
չար­­­չա­­­­­­­րեալ, խա­­­չեալ, թա­­­ղեալ, 
յեր­­­րորդ աւուր ՅԱ­­­ՐՈՒ­­­ՑԵԱԼ…»։

Հոգ չէ թէ ինչ ահա­­­ւոր փո­­­փոխու­­­թիւններ կա­­­տարո­­­ւած ըլ­­­լան մեր այս պզտիկ­­­ցած մո­­­լորա­­­կին վրայ եր­­­կու հա­­­զար տա­­­րինե­­­րէ ի վեր, առ­­­նո­­­­­­­ւազն եր­­­կու ճշմար­­­տութիւններ կը մնան եւ պի­­­տի մնան ան­­­փո­­­­­­­փոխե­­­լի հա­­­ւատա­­­ցեալ­­­նե­­­­­­­րուս հա­­­մար։ Առա­­­ջինը Աս­­­տուծոյ գո­­­յու­­­թիւնն է, իսկ եւ երկրոր­­­դը՝ Քրիս­­­տո­­­­­­­սի Յա­­­րու­­­թիւնը։ Ասոնք յա­­­ւիտե­­­նական հիմ­­­նա­­­­­­­քարերն են մեր կրօն­­­քին, որոնք փո­­­փոխու­­­թեան կամ տե­­­ղափո­­­խու­­­թեան են­­­թա­­­­­­­կայ չեն կրնար ըլ­­­լալ։ Ասոնց չի հա­­­ւատա­­­ցող­­­ներ իրենք կ՚են­­­թարկո­­­ւին փո­­­փոխու­­­թեան։ Հա­­­ւատա­­­փոխ կ՚ըլ­­­լան։ Ճշմար­­­տութիւ­­­նը եւ անոր հան­­­դէպ հա­­­ւատա­­­ցող­­­նե­­­­­­­րուն ու­­­նե­­­­­­­ցած մտքի եւ հո­­­գիի կե­­­ցուած­­­քը եր­­­բեք փո­­­փոխու­­­թեան չեն­­­թարկո­­­ւիր. «Հա­­­ւատամք ի մի Աս­­­տո­­­­­­­ւած, ի Հայրն ամե­­­նակալ, յԱ­­­րարիչն երկնի եւ երկրի … ի մեր Տէր Յի­­­սուս Քրիս­­­տոս, յՈր­­­դին Աս­­­տուծոյ … չար­­­չա­­­­­­­րեալ, խա­­­չեալ, թա­­­ղեալ, յեր­­­րորդ աւուր ՅԱ­­­ՐՈՒ­­­ՑԵԱԼ…»։ Այս հա­­­ւատամ­­­քը պի­­­տի կրկնէ եկե­­­ղեցին մին­­­չեւ «եկես­­­ցէ նա ի դա­­­տել զկեն­­­դա­­­­­­­նիս եւ զմե­­­ռեալս, որ եւ յա­­­րու­­­թիւն ամե­­­նայն մարդկան»։ Այն ատեն միայն պի­­­տի դադ­­­րինք հա­­­ւատա­­­լէ, որով­­­հե­­­­­­­տեւ երբ կը տես­­­նենք մեր հա­­­ւատ­­­քի առար­­­կան այ­­­լեւս հա­­­ւատ­­­քի պէտք չի մնար։

Կրնայ ըլ­­­լալ, որ մեզ­­­մէ՝ հա­­­ւատա­­­ցող­­­նե­­­­­­­րէս ոմանց հա­­­մար մի­­­գամա­­­ծային ըլ­­­լայ Յա­­­րու­­­թեան կեդ­­­րո­­­­­­­նական այս ճշմար­­­տութիւ­­­նը։ Սա­­­կայն ատի­­­կա եր­­­բեք պատ­­­ճառ մը չէ, որ Զատ­­­կին չփու­­­թանք մեր եկե­­­ղեցի­­­ները, մաս­­­նա­­­­­­­կից դառ­­­նա­­­­­­­լու հա­­­մար Յա­­­րու­­­թեան աւե­­­տիսին, յա­­­ճախ եր­­­գո­­­­­­­ւած մեր փոք­­­րիկնե­­­րուն ան­­­մեղ բե­­­րան­­­նե­­­­­­­րէն՝ զիլ ձայ­­­նե­­­­­­­րով, «Քրիս­­­տոս յա­­­րեաւ ի մե­­­ռելոց»։

Տօ­­­նական այս առ­­­թիւ, կը մաղ­­­թենք բո­­­լորիդ այն եր­­­ջանկու­­­թիւնը եւ ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թիւնը, որ եղաւ Յի­­­սու­­­սի յա­­­րու­­­թեան առա­­­ջին ակա­­­նատես­­­նե­­­­­­­րուն։ Մա­­­նաւանդ կը ցան­­­կանք ամեն­­­քիդ Անոր յա­­­րու­­­ցեալ կեան­­­քէն ճա­­­ռագայ­­­թող զօ­­­րու­­­թիւնը, զոր զգա­­­ցին իրենց կեան­­­քե­­­­­­­րուն մէջ, բո­­­լոր անոնք թէեւ չտե­­­սան զԱյն յա­­­րու­­­ցեալ վի­­­ճակի մէջ բայց հա­­­ւատա­­­ցին Անոր։

Ձեզ եւ մեզ մեծ աւե­­­տիս.

Քրիս­­­տոս յա­­­րեաւ ի մե­­­ռելոց։

Օրհնեալ է յա­­­րու­­­թիւնն Քրիս­­­տո­­­­­­­սի։

Ինչպէս միշտ, Քրիս­­­տո­­­­­­­սի Ս. Յա­­­րու­­­թեան այս տա­­­ղաւա­­­րին եւս հա­­­ւատ­­­քով, յոյ­­­սով եւ սի­­­րով կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կենք աղօ­­­թել մեր սի­­­րելի Հո­­­գեւոր Պե­­­տին՝ Ն. Ա. Տ. Մես­­­րոպ Բ. Ս. Պատ­­­րիար­­­քին հա­­­մար։ Վստահ ենք, որ իբ­­­րեւ նշան հա­­­ւատ­­­քի միու­­­թեան հա­­­ւատա­­­ցեալ­­­ներ եւս կու գան միանալ մե­­­զի, ապա­­­ւինե­­­լով աղօթ­­­քի զօ­­­րակ­­­ցութեան։ Կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կենք աղօ­­­թել նաեւ հա­­­րեւան՝ Սու­­­րիահայ եւ Իրա­­­քահայ հա­­­մայնքնե­­­րու մեր եղ­­­բայրնե­­­րուն ու քոյ­­­րե­­­­­­­րուն, ինչպէս նաեւ նոյն երկրի բո­­­լոր հայ­­­րե­­­­­­­նակից­­­նե­­­­­­­րուն հա­­­մար, առանց ցե­­­ղի, կրօն­­­քի եւ դա­­­ւանան­­­քի խտրու­­­թեան։

Քրիս­­­տո­­­­­­­սի հրա­­­շափառ Ս. Յա­­­րու­­­թեան Տա­­­ղաւա­­­րին առի­­­թով կը շնոր­­­հա­­­­­­­ւորենք Առա­­­քելա­­­կան Մայր Եկե­­­ղեց­­­ւոյ բո­­­լոր զա­­­ւակ­­­ներն անխտիր, եւ քրիս­­­տո­­­­­­­սաւանդ ջեր­­­մա­­­­­­­գին սի­­­րով կ՚ող­­­ջունենք, հա­­­մայն հա­­­ւատա­­­ցեալ եւ սի­­­րեցեալ մեր ժո­­­ղովուրդը մաղ­­­թե­­­­­­­լով բո­­­լորին եր­­­ջա­­­­­­­նիկ Ս. Յա­­­րու­­­թեան տօ­­­նակա­­­տարու­­­թիւն, ինչպէս նաեւ եկե­­­ղեցա­­­շէն, կրթա­­­նուէր եւ բա­­­րեսէր գոր­­­ծունէու­­­թեանց լիակա­­­տար յա­­­ջողու­­­թիւն։

Յա­­­տուկ օրհնու­­­թեամբ կ՚ող­­­ջունենք եւ կը շնոր­­­հա­­­­­­­ւորենք Կրե­­­տէի Հայ հա­­­մայնքի ան­­­դամնե­­­րը։

Ս. Յա­­­րու­­­թեան տա­­­ղաւա­­­րին առի­­­թով կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կենք աղօ­­­թել վասն բա­­­րօրու­­­թեան եւ ան­­­սա­­­­­­­սանու­­­թեան Մայր Աթոռ Ս. Էջ­­­միած­­­նի։ Մեր որ­­­դիական ակ­­­նա­­­­­­­ծան­­­քը կը յղենք Նո­­­րին Սրբու­­­թիւն Տ. Տ. Գա­­­րեգին Բ Ամե­­­նայն Հա­­­յոց Կա­­­թողի­­­կոսին։ Կը հայ­­­ցենք Նո­­­րին Սրբու­­­թեան եւ Մայր Աթո­­­ռի ողջ միաբա­­­նու­­­թեան աղօթքնե­­­րը Նո­­­րին Ամե­­­նապա­­­տուու­­­թիւն Տ. Մես­­­րոպ Ս. Պատ­­­րիարք Հօր առող­­­ջութեան հա­­­մար։

Ի Քրիս­­­տոս սի­­­րով կը շնոր­­­հա­­­­­­­ւորենք Մե­­­ծի Տանն Կի­­­լիկիոյ Նո­­­րին Սրբու­­­թիւն Տ. Տ. Արամ Ա Կա­­­թողի­­­կոսը եւ Երու­­­սա­­­­­­­ղէմի Նո­­­րին Ամե­­­նապա­­­տուու­­­թիւն Տ. Նուրհան Պատ­­­րիար­­­քը, հան­­­դերձ իրենց միաբա­­­նակից վա­­­նական հայ­­­րե­­­­­­­րով, նաեւ Հայ Առա­­­քելա­­­կան Եկե­­­ղեց­­­ւոյ բո­­­լոր առա­­­քելա­­­գործ վի­­­ճակա­­­ւոր­­­նե­­­­­­­րը, հան­­­դերձ իրենց հո­­­գեւո­­­րական դա­­­սերով վստահ ըլ­­­լա­­­­­­­լով, թէ բո­­­լորը աղօ­­­թակից են մե­­­զի։

Այս առ­­­թիւ ի Քրիս­­­տոս սի­­­րով ող­­­ջունե­­­լով, Ս. Յա­­­րու­­­թեան Տա­­­ղաւա­­­րի մեր շնոր­­­հա­­­­­­­ւորու­­­թիւննե­­­րը կը յղենք նաեւ բո­­­լոր քոյր Քրիս­­­տո­­­­­­­նեայ եկե­­­ղեցի­­­ներու առաջ­­­նորդնե­­­րուն, հո­­­վիւ­­­նե­­­­­­­րուն եւ հա­­­ւատա­­­ցեալ­­­նե­­­­­­­րուն, գլխա­­­ւորա­­­բար Հայ Կա­­­թողի­­­կէ եւ Հայ Աւե­­­տարա­­­նական հա­­­մայնքնե­­­րուն։

Սի­­­րոյ ջեր­­­մա­­­­­­­գին ող­­­ջոյններ կ՚առա­­­քենք Սփիւռքի տա­­­րած­­­քին գտնո­­­ւող Պոլ­­­սա­­­­­­­հայ, Սուրբ Խաչ Դպրե­­­վանք, Կեդ­­­րո­­­­­­­նական, Էսաեան, Մխի­­­թարեան վար­­­ժա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րու Միու­­­թիւննե­­­րուն եւ ար­­­տա­­­­­­­սահ­­­մա­­­­­­­նի բա­­­րեպաշտ եւ եկե­­­ղեցա­­­նուէր մեր ժո­­­ղովուրդին, որոնք սփիւռքեան պայ­­­մաննե­­­րուն ներ­­­քեւ կը փոր­­­ձեն պա­­­հել մեր աւան­­­դութիւննե­­­րը, միան­­­գա­­­­­­­մայն հո­­­գեւոր եւ տոհ­­­միկ կապ պա­­­հելով իրենց ծննդա­­­վայ­­­րին հետ։

Շնորհք, սէր եւ աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­յին սրբա­­­րար զօ­­­րու­­­թիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգ­­­ւոյն Սրբոյ եղի­­­ցի ընդ մեզ. Ամէն։

ՔՐԻՍ­­­ՏՈՍ ՅԱ­­­ՐԵԱՒ 
Ի ՄԵ­­­ՌԵԼՈՑ։

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱ­­­ՐՈՒ­­­ԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ