Քրիստոսի յարութեան հրաշքը տօն է աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներու համար։ Ամէն տարի գարնան կիրակիներուն զուգադիպող այդ տօնը կը նշենք մեծ ցնծութեամբ եւ ոգեւորութեամբ։ Կ՚երեւի նախնիները տօնական տրամադրութիւնը ալ աւելի բարձրացնելու համար նախապէս պարտադրեր են եօթը շաբաթուայ զրկանքներու երկար շրջան մը։ Յատկապէս ալ Մեծ Պահքի վերջին օրերուն ժողովուրդը առաջնորդեր են դէպի սուգի հոգեբանութեան։ Աստուածաշունչի թարգմանիչ վարդապետները Քրիստոսի յարութեան խորհուրդը նկարագրեր են «մահուամբ զմահ կոխեաց» արտայայտութիւնով։ Մահանալով մահը յաղթահարելու խորհուրդը աւելի ուշ ժամանակներուն եւս գտաւ իր ուրոյն արտայայտութիւնները։ Անոնց շարքէն կրնանք թուել Ե. դարու պատմիչ Եղիշէի «մահ չիմացեալ մահ, մահ իմացեալ անմահութիւն» հաստատումը։
Ուրեմն Սուրբ Զատկի խորհուրդին մէջ կը տեսնենք նաեւ պայքարի եւ դիմադրութեան կամքը։
Ցաւալի է, որ մինչեւ օրս բազում մարդիկ ճարահատութեան պայմաններու տակ կրկին անգամ կը դիմեն դիմադրութեան այդ եղանակին եւ չեն վարանիր հարկ եղած պահուն «Թշնամու կողը մխրճուելէ»։ Կարծես ժամանակները մեզ կրկին բերած են այն եզրին, ուր տօնի նախորդող օրերուն պէտք է ապրինք սուգի հոգեբանութիւն։ Արդարութեան ոչ մէկ նշոյլ այս բոլորին մէջ։ Թողնենք մարդիկ վայելեն ազատութիւնը։ Թողնենք ազատ մտածող, ազատ խօսող, ազատ գործող մարդկանց հետ տօնել Յարութեան տօնը։ Ինչո՞ւ զլանալ այսքանը եւ մարդկանց պարտադրել կաշկանդուած միտքով գործելու կամ խօսելու համար։ Այս պարզ հարցումը կը հարցնենք գիտնալով, թէ ամէն հարցում չէ որ իր տրամաբանական պատասխանը ունի։ Ահա այս հարցումն ալ ոչ ոգի կողմէ հակաճառելու առիթ չտուող պարզութիւն մը ունի, բայց դարձեալ մարդիկ պիտի փորձեն անոր մէջէն ալ տրամաբանական պատրուակներ որոնել եւ վերջապէս դառնալ ու ըսել, թէ ամէն ինչ հասարակութեան շահերուն համար է։ Ձեզ կը նեղենք պարզապէս ձեր անվտանգութիւնը ապահովելու համար։ Ձեզ կը տանջենք, քանի որ մտահոգ ենք ձեր մասին։ Աւելի յստակացնելու համար կրնան պնդել թէ մենք խորհելու կարողութիւն չունինք ուստի իրենք կը խորհին նաեւ մեզ համար։ Ահա այս մտածումը եկաւ անգամ մը եւս մեզ փրկելու փորձանքաբեր աղէտէ մը։ Այս տողերուն գրուած առաւօտուայ կանուխ ժամերուն ոստիկանութիւնը գրաւեց թերթի մը տպարանը բերման ենթարկեց այնտեղ աշխատող երեք պաշտօնեաները եւ յայտարարեց, որ յետ այսու տեղապահ մը նշանակած են այդ թերթի հրատարակութեան հսկելու համար։ Սա այն թերթն է, ուր համեստ գրողս ամէն շաբաթ յօդուած մը կ՚ուղղարկէր լոկ զօրակցութեան միտումով։ Ինք արդէն նախապէս արգիլուած մի այլ թերթի նոր անունով շարունակութիւնն էր, հետեւաբար կարելի է ըսել թէ այս ալ սպասուած երեւոյթ է։ Նոյնիսկ ոմանք կրնային զարմանալ, թէ ինչպէս կրնայ ըլլալ, որ նման ընդդիմադիր մամուլ մինչեւ այսօր շարունակէ իր առաքելութիւնը։
Շարունակեց՝ շնորհիւ մահուամբ զմահ կոխելու վճռակամութիւնը իւրացնողներուն։ Չէ որ ըսած էինք դիմադրութիւնը կամք կը պահանջէ եւ վճռակամութիւն։ Այսօր 2018-ի Ապրիլի 1-ին մենք աւանդութիւն մըն է, որ կը կատարենք բուն Զատիկը թողելով յաղթանակի տօնակատարութեան։ Կու գայ այն օրը, երբ բոլորս լիաթոք կ՚ապրինք յաղթանակի տրամադրութիւնով լեցուն Զատիկը։ Միասնաբար կը կազմենք շուրջպար եւ ուրախութեան հրճուանքը դուրս կը յորդի եկեղեցւոյ շրջափակէն։ Ալիք առ ալիք կը տարածուի համայն մարդկութեան։ Միասնաբար կը յիշատակենք բոլոր անոնք, որոնք այս սրբազան ճանապարհի վրայ մահուամբ զմահ կոխելով պատրաստեցին յաղթանակի պայծառ արշալոյսը։
Այս տրամադրութիւնով առայժմ կը շնորհաւորենք «Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց, Օրհնեալ Է Յարութիւնը Քրիստոսի» ողջունելով։ Իսկ «Ձեզի Մեզի Մեծ Աւետիս» ըսելու համար պիտի համբերենք մինչեւ յաջորդ Զատիկ կամ Զատիկներ։